Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/206

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ժողովուրդէն այլ եւ այլ ազգերը, ազգեր էն իշխանական պետութիւնները եւ պետութիւններէն ընդհանուր մարդկային համաշխարհական ընկերութիւն։ Յորմէ դիւրաւ կիմաստասիրեմք թէ մեր ընկերական աշխարհին բովանդակ շէնքը ամուսնական եւ ընտանեկան պատուանդանին վրայ հաստատուած է. ժողովրդոց ոտքը եւ պետութեանց գահերը նորա վրայ դրուած են. եթէ քանդուի այս պատուանդանը՝ ժողովուրդ եւ գահերը ի միասին կը տապալին. այնուհետեւ ոչ եւս կայ, ոչ աշխարհ, ոչ ադամորդի, ոչ կեանք, եւ երկիր կը դառնայ Նոյն առաջին վիճակը, «Երկիր աներեւոյթ եւ անպատրաստ»։

Ոչ ոք հարէ ժխտել թէ այս այսպէս չէ, աշխարհիս հին ազգաց պատմութիւն, արդի ընկերական վիճակը՝ այո ընդհանուր ազգաց կեանքը ամէն կապացուցանեն թէ ոչ միայն մարդկային աճումն, այլեւ ժողովրդոց, ազգաց, հայրենեաց եւ թագաւորութեանց բախտը ընտանեկան կեանքէն կախումն ունի. թէեւ մեր ընկերական երջանկութեան եւ թշուառութեան մէջ կան արտաքին ուրիշ այլելայլ պատճառներ, բայց իմաստուն խելամտութեամբ նկատելով աշխարհիս իրողութեանց սկիզբն, միջոց եւ վախճանը. կը տեսնամք որ աշխարհիս չարեաց ու բարեաց սկզբնածնունդ մայր ընտանիքն է։ Հապա ընտանեկան կենաց թէ չարութեան եւ թէ բարութեան պատճառով է. դորա պատճառն եւս շատ մօտ եւ յայտնի է. այսինքն ծնողք՝ հայր ու մայր, որոց հպատակութեան տակ կապրի ամբողջ ընտանեկան գերդաստանը։

Տուն եւ ընտանիք մի փոքրիկ թագաւորութեան երկիր ու սահման է. որոյ նահապետական աթոռին վերայ կը նստին ծնողք, հայր իբրեւ թագաւոր, եւ մայրն իբր եւ թագուհի. եւ կը կառավարեն հպատակ ընտանիքը։ Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ, ոչ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան այլ ամենուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է. դաստիարակ եւ խրատ՝ ծնողաց կենդանի օրինակն է։ Այս օրինակը այնչափ բարի ու տպաւորիչ է, որ գիտես թէ լուսարուեստին պէս թափանցիկ կերպով ծնողաց պատկերը նոյնատիպ կը հանէ իւր զաւակաց վերայ եւ զաւակները այդ սկզբնական տիպարն առնելով կը մտնեն ժողովուրդին եւ ընկերութեան մէջ։ Այնուհետեւ տարածել կսկսի օրինակէ առ օրինակ, եւ այսպէս ընտանեկան կենաց բարի եւ