Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/208

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զեղծումները դարձեալ Նոյն ընտանեկան պատկերէն կընդօրինակէ եւ ի տես կը հանէ աշխարհի հրապարակը. եւ ահաւասիկ ցուցնեմ քեզ։

Ժաղովուրդ եթէ կը զեղծ անի՝ ներքին իւր զեղծման սկզբնաւորութիւնը ընտանիքէն է, եթէ բարոյական կենդանի կեանք չունի՝ մեռելութիւն ընտանիքէն է. եթէ դէպի կորուստ կը դիմէք իր կորստեան ճամբայ բացող ընտանիքն է. եթէ ծունկեր կթոտ են, իւր քայլերր յառաջ չեն երթար, լքումն ու կաղութիւն նտանիքէն է, եթէ երկու ձեռքով կը հարստահարուի՝ մէկ ձեռքն ընտանիքէն է, եթէ արտաքին թշնամիներէն պաշարուելով ապշած է, իւր ներքին մերձաւոր ու բարեկամ թշնամի իւր ատն ընտանիքն է, եթէ աշխարհիս կեանքի ճանապարհին մէջ ուղղութիւն չունի, յոռութիւն ընտանիքէն է. եթէ Եւրոպիոյ կախարդիչ նորասիրութիւնք զինքը պիտի կողոպտեն անխնայ, թող զգաստ լինի եւ տեսնայ որ մեծ կողոպտիչ ձեռք իր ընտանիքն է, եթէ իր զաւակներ օր ըստ օրէ հացի կարօտ թշուառ կը լինեն, այդ քաջ յայտնի է որ ընտանեկան մշակները անաշխատ հեղգ եւ անհոգացող են, եթէ առանց տնտեսութեան, առանց նախատեսութեան կը վատնէ իւր վաստակ եւ գանձը, ո՞վ չի գիտեր թէ շռայլութեան տնտեսապետն ընտանիքն է. եթէ իւր զաւակները առոյգ ազնուածնունդ չեն, ուրեմն ընտանեկան սերունդն հիւծելով ստրկացած է. եթէ իւր օրիորդը եւ երիտասարդը վարակած են մաշողական ախտով, ո՜հ, դոցա մահ եւ գերեզման փորող ընտանիքն է։ Ի վերջոյ եթէ ժողովուրդ, կրօն, հաւատ, եկեղեցին կը թողու, Աստուածպաշտութեան պարտիքները սրտէն կը հանէ եւ կը դառնայ դէպի ջրհեղեղին դարը, ամբարիշտ կեանք կը վարէ, դիտցիր այդ ապականութիւնը Կայենի դստերաց հետեւող ընտանիքէն է։

Տակաւին շատ ու բազում է զեղծեալ ժողովուրդի մի նկարագիրը, որ իւր սկզբնատիպ գաղափար իւր բնակած տան ընտանիքէն կառնու, մենք միայն այսքան բաւ համարեցինք, թող մնացորդ եւ ժամանակի նոր բերած զեղծմունքները սայրեր ու մայրեր ինքնին իմաստասիրեն, եւ ուշաբերելով ճանչնան թէ առանց բարի ընտանիք կազմելու, առանց հայրական ու մայրական դաստիարակութեան՝ անհնարին է բարեկեցիկ ազգ, ժողովուրդ կազմել։ Վասն զի ինչ որ շինենք, ինչ որ կազմենք, պէտք է գիտնանք, որ այդ կազմող առաջին տարերք ինտա-