ներու աչքը, քաջ կը դիտեն իրենց ծնողաց կեանքը եւ շարժումն. եւ ըստ այնմ կընդունին եւ կը հետեւին եթէ առ չարն՝ եւ եթէ առ բարին։
Ուստի ծնողաց ամենամեծ եւ սեպուհ պարտիքն է, որ բնախօս ու մտաւոր դաստիարակութենէն առաւել, բարի գործոց օրինակով դաստիարակեն իրենց զաւակները։ Թող համոզուին ամէն ծնողք, որ մի բարի օրինակ առաւել ազդու եւ տպաւորիչ է քան հազար խրատ. եւ սորա բնական պատճառն այն է որ մեր աչքին զգայարանքը շատ զգայուն եւ ներընդունակ է, որ իբրեւ ներս կընդունի եւ կը տպաւորէ զայնս մեր սրտին եւ ոգւոյն վերայ։
Մանուկները թէպէտ պատանի եւ երիտասարդ հասակի մէջ երբ ընտանեկան կեանքէն դուրս արտաքին ընկերութեան մէջ կը մտնեն, շատ չարօրինակ գայթակղութիւնները կը տեսնանք կամ կը խորշին եւ կամ կընդունին. բայց ամենէն աւելի չարագոյն գայթակղութիւն է այն, զոր մանուկները ընտանեկան կեանքի մէջ կընդունին. եւ առաւել եւս չար այն է, եթէ բուն ծնողաց օրինակներէն ընդունին։ Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէսզի երբէք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան՝ իրենց զաւակներուն։ Իսկ վա՜յ եւ եղո՜ւկ այն անզգոյշ ծնողաց, որք ընտանիք եւ մանուկները իբրեւ չմարդ համարելով՝ իրենց անբարի կեանք ու վարմունքը նշաւակ կը կացուցանեն նոցա առաջ, արտաքին եւ օտար գայթակղութենէն աւելի՝ իրենք իսկ գայթակղութիւն կը լինին զաւակաց ու ընտանեաց, եւ նոցա ապագայ կեանքը մանկութեան մէջ կը մեռցունեն։
Յիսուս ամէն գայթակղութիւն տուողաց համար սոսկալի պատիժ կը սպառնայ, եւ բարւոք կը համարի, որ նոքա շուտ բարձուին աշխարհէս եւ իշոյ երկան կապելով նոցա պարանոցը ձգուի ծով, թող մինչեւ յանդունդ սուզանի ծածկուի նորա չարօրինակ պատկեր եւ յիշատակը մարդոց աչքէն, որ այլ եւս չը կարենան տեսնել ու գայթակղիլ։
Ստոյգ հաւատացէք, ով դուք ընտանեաց ծնողք, որ պատասխանատու էք առաջին Աստուծոյ, եւ միանգամայն մարդկային ընկերութեան առաջ եթէ չար զաւակը թողուք աշխարհիս վերայ. դուք երթալէն յետոյ՝ ձեր մեղքը պարանի պէս ձեր ետե-