ծանր ստուերին տակ հեծող հիւանդը սուրբ եւ ջերմեռանդ աղոթքով կազդուրել եւ հոգին հաւատով զորացնել։ Նորա պարտիքն է ննջեցեալը ի հող դնել ու կնքել նորա գերեզմանը Խաչիւ եւ Աւետարանով։ Նորա պարտիքն է սգաւոր ընտանեաց սուգը չափաւորել, խրատել որ հեթանոսաբար չողբան յոյս ու հաւատ չունենալով հանդերձեալ կենաց։ Նորա մեծ պարտիքն է աղքատ ու չքաւոր ընտանիքը՝ չէ թէ միայն սոսկ մխիթարական խօսքերով սփոփել, այդ արդեամբ իբրեւ ճշմարիտ հայր հոգալ նոցա պէտքն ու կարիքը. հարուստ եւ ողորմած ընտանիքներէն հայթայթելով՝ թշուառ տնանկին կարօտաւոր զաւակները կերակրել։
Նորա մեծ եւ սեպուհ պարտիքն է, երկրի վերայ իբրեւ երկրաւոր հայր՝ խնամ տանել բոլոր ծխական ընտանեաց. մանաւանդ նոցա պատահար թշուառութեանց մէջ Յիսուսին նկարագրած գորովալիր դթութեան տիպարը լիովին յանձին բերել. ի բանտ գնալ. բանտաւորին կապանքը դիւրացնել, հիւանդին ի տես գնալ, սուրբ Պօղոսին թաշկինակով նորա քրտինքը սրբել, դեղ ու ճար գտնել. թէ քաղցեալ է՝ հաց տալ, թէ ծարաւ է՝ ջուր տալ. թէ մերկ է՝ հանդերձ եւ այլն։ Եթէ այսպէս վարի Տաներէց հովիւն, եթէ իւր այս պարտիքները խղճի մտօք կատարէ, յիրաւի՝ յայնժամ տիրապէս Քահանայ Աստուծոյ կը կոչուի, լինելով կատարեալ որպէս երկնաւոր Հայր։
Տակաւին քան զամէն առաւել մեծ պարտիք մի ունի Տաներէց հովիւը, զոր պէտք չէ մոռնալ, եւ ի՞նչ է, առտնին հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որ պէտք է հաւասար ընթանան ծնողաց դաստիարակութեան հետ։ Ես այնպէս կը դատեմ, որ կրօնի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան պարտիքը՝ դպրոցի վարմապետին չէ, այդ Տաներէց Քահանային բաժին է, որ պարտաւոր լինելով իբրեւ առտնին Եկեղեցւոյ տնտես՝ պէտք է ինքնին բաշխէ ու մատակարարէ հոգեւոր դաստիարակութեան հացը ընտանեկան սեղանին վերայ, եւ այդ հացն է մի միայն Աւետարան. բովանդակ սուրբ Գիրք. որ է Կենաց բան. ու վարդապետաց դիւրաւուր խրատները. որք առ հասարակ գրեթէ սուրբ Գրոց մտքին պարզապէս բացատրութիւնք են։
Ճշմարիտ խօսելով, ընտանեկան հոգեւոր վիճակը եւ կեանք յայնժամ կեղծանի, երբ Տաներէց Քահանայն տգէտ եւ անուս է. որ բաւական կը համարի իւր պաշտօնին համար Սաղմոս,