գանգատ եւ թէ զմեզ հովուելու եւ մեր հոգեւոր պիտոյք հոգալու բարի հովիւ եւ արժանաւոր պաշտօնեայ չունիմք։
Այլ դուք, ով ժողովուրդ եւ ընտանիք Հայոց, մի սրտրտիք, թէ ասեմ, ձեր տրտունջն անիրաւ է. ժողովուրդի ընտիր որդիքներէն ո՜վ յանձն կառնու քեզ համար հովիւ ու Տաներէց լինել, երբ դու արժանաւորին եւ անարժանին մէջ ընտրութիւն չունիս։ Դու Աւետարանին ազատ զինւոր եւ Եկեղեցւոյ պատուարժան պաշտօնեայն ճնշեր ստրկացուցեր ես շքաւորութեան լուծին տակը, եւ կը սպասես տակաւին որ նոքա վեհանձն եւ ազնուական կերպով շարժին, ձրի շնորհը՝ ձրի տան, չագահին, անաչառ լինին, ճշմարտախօս լինին, սուրբ լինին, բարի վարքով փայլին, բարի օրինակով հանդիսանան, օրինաց նախանձաւոր լինին, թէ յանցապարտ լինիս զքեզ կշտամբեն. թէ չուղղիս՝ հեթանոս համարին, թէ յանդդնիս Դէոդոս կայսեր նման ձեռք լի արիւնով Եկեղեցւոյ գաւիթը մտնել, Ամբրոսիոս քաջ հովուին պէս իբրեւ Ամենակալին ահարկու հրեշտակը քո դէմ կենալ ու Եկեղեցւոյ գաւթէն զքեզ արտաքս մերժել։
Ահաւասիկ իմ դատաստանս այս է. ես գիտեմ, դուք չէք հաւանիր, կասէք, թէ այդ խստութիւն է, հաւատաքննութիւն է, անցաւ այն դարը, պէտք է մեր Տաներէց Քահանայք, հոգեւոր կատարելութեամբ հանդերձ՝ քաղաքակիրթ ու քաղաքավար լինին, ճանչնան ժամանակ եւ ժամանակի պահանջումները, բարեկամ լինին յառաջդիմութեան, եւ մեր ընտանիքը ի նոյն յորդորեն ու համոզեն։
Ուրեմն ըստ ձեր դատաստանին, եթէ ընտանեկան կեանքին շահն ու պէտքը այդպիսի հոգեւոր ժիր մշակ կը պահանջէ իւր անդին եւ անդաստանին համար, հապա այլ եւս ի՞նչ կը վարանիք, ի՞նչ կը դեդեւիք, ճանչցէք, որոշեցէք ու ընտրեցէք այն արժանաւոր անձն բարի եւ առաքինի ընտանեաց մէջէն։ Ընծայացուն երկնից հրեշտակներէն չէ. մարդկային ընտանեաց սեռէն է, եւ ընտանիքը կը ծնի զայն. ձեր իրաւունքն է ձեր ձեռքն է, ընտիր անձինք որոշեցէք եւ ապա ածէք Եպիսկոպոսին առաջ, թող ձեռն դնէ եւ օրհնէ ձեզ Քահանայ։
Բայց դուք, երբ պիտանին ու պատուաւորը, ուսեալ և արժանաւոր անձինքը կը թողուք, անպատիւ, տգէտ եւ անարժանը յառաջ կը վարէք. կընտրէք եւ կը վկայէք իսկ եպիսկոպոսին