են աշխարհիս վերայ իրօք եւ ճշմարիտ ազնուականներ, ինչպէս Աբրահամ, Յակովբ եւ Յովբ, որոց արդար վաստակին հետ զրկանք չէ խառնուած, եւ ո՞յք են անարդար եւ նենգող ազնուականներ, որոց հարստութեան հողն ու ոսկին յանիրաւութենէն գոյացեր է, կամ տիրապետելով, կամ ղրկելով ու հարստահարելով եւ կամ նենգութեան բիւր հնարքներ ի գործ դնելով մեհատուն, իշխան, պայազատ եւ ազնուական եղեր են աշխարհիս վերայ։ Այս անարդար ազնուականաց նկարագիր կը հանէր Յերբեմն Եսային. «Վաճառականք ձեր խառնեն զջուր ընդ գինի. իշխանք ձեր ապստամբ՝ գողակիցք են գողոց, սիրեն զկաշառս, վրիժագործք, որբոց իրաւունս ոչ առնեն եւ դատաստանի այրեաց՝ ունկն ոչ դնեն» եւ այլն. որով ցոյց կուտայ մարգարէն թէ քանի՞ մեծ անիրաւութիւններ կը գործէին Իսրայէլի ազնուական կոչուած իշխաններ։ Դոքա շատ անգամ եւս խիստ խորամանկ միջոցներ ի դործ դնելով կալուածատէր կը լինին. ինչպէս կը յայտնէ դարձեալ նոյն մարգարէն. «Վայ այնոցիկ որ յարեն զտուն ի տուն եւ ագարակ առ ագարակ մերձուցանեն. զի զընկերին հանիցեն. միթէ միա՞յն բնակելոց իցէք յերկրի»։ Աստուած այսպէս կը դատի աշխարհիս անիրաւ ազնուականներ, բայց աշխարհիս դատաստանը այսպէս չէ. զի ով որ ոսկեգանձ ունի, ով որ կալուածատէր է, ով որ իշխան է եւ կը տիրէ նա միշտ աշխարհիս աչքին դատաստանով ազնուական կը համարուի։
Իսկ արդար վաստակով եւ ուղիղ աշխատութեամբ հարստացած ազնուականներ շատ հազուագիւտ են աշխարհիս վերայ, եթէ որոնենք՝ կը գտնենք առաւել վաճառական, արհեստաւոր եւ երկրագործ կարգերուն մէջ։ Դու այնպէս չըմբռնես, թէ իրօք մեծահարուստ ազնուական լինելու համար Անգղիացի լորդերուն չափ անհուն ոսկի եւ հող ունենալու է. վասն զի ճշմարիտ ազնուականութեան յատկանիշ միայն հողն ու ոսկին չէ, որ սոսկ նիւթական հարստութիւն կը կազմէ, այլ առաւել մեծ է հոգւոյն եւ բարուց ազնուականութիւն, որ բարոյական առաքինութեան օրէնքներ կը պահէ, որ ժողովրդասէր է եւ ամբարհաւաճ լինելով չի մեծամտեր, որ ագահելով, ժլատելով ձեռք չի կծկեր, այլ իւր հարստութեան ոսկին հասարակաց բարւոյն համար առատ կը սփռէ. որ առանց փառասէր ոդւոյ