կեանք վերանորոգելով պահպանել։ Չմոռնանք նաեւ նորա գերագոյն արդարութեան դատաւորութիւնը, որով կը տեսնայ աշխարհիս դատաստանն, եւ մարդիկ չը գիտեն թէ հողմն ուստի՞ կուգայ եւ ո՞ւր կերթայ։
Երանի՛ թէ մեր աչք պարզապէս զօրէր եւ մեք տեսնայինք թէ այն կապուտակ երկնակամարին անհուն անհամար մարմնոր մէջ ի՞նչ աշխատութիւն եւ տքնութիւն կայ։ Արեւ, լուսինդ մոլորակներ եւ բոլոր համաստեղութիւնք, որք թէպէտ մարդոյն նման ազատ էակներ չեն, այլ իբր ինչպէս ինքնավար, ինքնաշարժ կը մղուին կը վարին արարչադիր օրէնքով։
Իսկ մեր աշխարհ, որ մեր աչքին առաջ եւ մեր ոտքին տակն է, եւ զոր մարդկային իմաստասիրութիւն հանապազ կը հետազօտէ ու կը տեսնայ, թէ ինչպէս ծովն ու ցամաք, բոլոր բուսական խոտեր ու ծառեր, անշունչ եւ շնչաւոր էակներ, տարերք, ժամանակ, եղանակներն եւ առհասարակ բովանդակ երկրագունդ անդադար շարժման եւ աշխատութեան մէջ են, որոց արդիւնք եւ նպատակ շատ յայտնի է մեզ։ Մարդոյն կեանք եւ նորա հետ բոլոր կենդանեաց կեանք մի ալուր մէջ կը չքանայ, եթէ երկիր ցորեան չիտայ մեզ համար, եթէ խոտ չբուսուցանէ անասնոց համար, եւ ծառեր չը պտղաբերին եւ արեւ իւր լուսով ու ջերմութեամբ չկենդանացնէ մեր աշխարհ, եւ այս ամենուն հետ եթէ արարչական խնամքն իւր երեսը դարձնէ՝ ի՞նչ կը լինի մարդոյն եւ բոլոր շնչաւորաց կեանք. այդ կը խոստովանի Դաւիթ. «Դարձուցանես զերեսս ի նոցանէ՝ խռովին, հանես զոգի ի նոցանէ՝ պակասին եւ ի հող դառնան»։
Իսկ մարդոյն աշխատութեան համար կը խօսի, «Ելանէ մարդ ի գործս իւր ի վաստակս ձեռաց իւրոց մինչեւ յերեկոյ»։ Զի մարդն այս աշխարհիս վերայ գործաւոր մշակ մի է. քանի որ կեանք ունի, աշխատութիւն՝ իւր բնական ու բարոյական պարտիքն է։
Մարդկային ընկերական աշխարհ թագաւորէն սկսեալ մինչեւ գիւղական մշակն՝ ամէնքն եւս անդադար աշխատութեան մէջ կը դեգերին ու կը պարապին։ Բայց դու պէտք է դիտես, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ ամէն մարդ իւր աշխատութեան բաժինն ունի։
Հին աշխարհին մէջ մարդոց աշխատութիւն խիստ պարզ