ւառային, քաղաքացին եւ գիւղացին թող իւր աւերակները շինէ, եւ դուք զձերն։
Գիտեմ, չքաւորեցաւ ձեր ձեռք, ո՜հ, զոր այժմ կարկառելով այտի միայն հար կը խնդրէք. գիտեմ, թէ քանի՞ դժուարին է կրկին կանգնել ձեր վաճառաշահութեան շէնքեր եւ նոր դրամագլուխ հաստատել, զոր երեսուն, յիսուն տարուան միջոց հազիւ ուրեմն հաստատած էիք։
Ձեզ ասեմ, ձեզ ասեմ, Վասպուրական երկրի գիւղական ժողովուրդք, ձեզ յորդոր կարդամ, ձեր առաքինութեան ժամն է ահաւասիկ. Վան քաղաք ձեր նեղութեան ապաստանարան էր, դուք ամէն անձկութեան մէջ քաղաքացւոց կը դիմէիք. իսկ այժմ նոքա ձեզ կը դիմեն, զի աշխարհիս շրջանն այսպէս կը դառնայ։ Տուէք ուրեմն ինչ որ ունիք. փոխարինեցէք սիրով մինչեւ կազդուրի քաղաքացւոյն ուժը, գիտցէք ձեր թեւ ու թիկունք քաղաքացին է. հասէք յօգնութիւն, որ ձեր կենսական ուժը զօրանայ դարձեալ եւ իսպառ չը ջլատի։
Իսկ դուք, անկեալ քաղաքացիք, դուք առաւել պէտք է ձեռն տաք միմեանց, որ ի միասին յոտին կանգնիր. ահաւասիկ է ձեր առաքինութեան ժամ, ընկերսիրութեան ժամ, քրիստոնէական եղբայրսիրութեան ժամ, անձնանուէր բարեկամութեան ժամ, միաբան հոգւով ու շնչով գործելոյ ժամ, ճշմարտութիւնը բարձրաբարբառ խօսելոյ ժամ. խօսեցէք, վկայեցէք, մի երկնչիր, խօսեցէք ու հաւատացէք որ ճշմարտութիւն պիտի ազատէ զձեզ։
Միանգամ ելիք ու մտաք այդ խաչակրութեան ասպարէզը. դուք քրիստոնէութեան արժանաւոր որդիքներ կը լինիր, թէ անտրտունջ ոգւով տանիք այդ խաչերը, կարդացէք պատմութիւն, յիշեցէք ձեր անմահ առաքինի նախնիքն ու պապերը, որոց գլխէն այդ անցքերը շատ անցան արիւնով ու մահով հանդերձ։
Թէ յիրաւի ձեր արիական նախնեաց նմանող հարազատ որդիքներն էք, այս հրոյ ու սրոյ ժամանակին մէջ ցուցէք ձեր առաքինութեան հանդէսը, զօրացէք ու զօրացուցէք վհատած որդիները, նկուն մի՛ լինիր փորձութեան առաջ զի մարդուն կենաց ճանապարհ այս աշխարհիս վերայ լի է դժնդակ փուշերով։ Առաքինիք միայն զայն կոխելով կանցնին, իսկ վատասիրտներ կը չքանին։
Կոխեցէք եւ անցէք, ո՛վ աշխատաւոր եզինք, մի՛ թափառիր ու հեռանաք ձեր աւերակ ագարակէն, ելէք դարձեալ զոյգ զոյգ