Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/57

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այլ ուրիշ բաներով կապրին։ Կը թուի թէ մարդ իւր սովորած բաներով կրնայ ապրել, ինչպէս անտառաբնակ վայրենիներ պտուղներով եւ որսի միսերով կապրին։ Այսչափ միայն ընդհանրապէս խօսելով նախապատրաստեալ սերմերու մասին. բաւ է. եւ դու տեսա՞ր, Թոռնիկ, որ մեր առօրեայ կեանք սերմերէն կախում ունի, մանաւանդ ցորենաբոյս (հացահատիկ) սերմէն։ Այժմ պէտք է խօսիմ այդ պատուական սերմի ընտրութեան համար. վասն զի յայտնի է որ ցորենի սերման հետ ուրիշ օտարոտի սերմեր կը խառնուին, որք խորթ եւ ինքնաբոյս զաւակներ են մայր հողին եւ կը բուսնին առանց ցանելու եւ մշակելու. զորօրինակ որոմն, ճլլեկ եւ այլն։ Սերմանացան մշակ, ոչ միայն պէտք է. այդ օտար սերմերը ցորենահատէն զատէ, այլ եւ նոյն իսկ վտիտ եւ ցամքած հատիկներ եւս որոշէ կրկին եւ կրկին մաղելով յստակելով այնպէս որ մաքուր հատիկներ մնան, գէր եւ լեցուն։

Ցանելու համար թէպէտ արդի Եւրոպիոյ երկրագործներ այլ եւ այլ արուեստական մեքենաներ հնարած են որ շատ հաւասար կը ցանեն եւ արտին մէջ ինկած հատիկներ հաւասար չափով իրարմէ հեռու կը լինեն, որով հաւասար կերպով կը բուսնին հաւասար չափով մայրենի հողէն իրենց սնունդ կառնուն։

Չե՞ս զարմանար, Թոռնիկ, որ արուեստին փորձը ցոյց տուած է. թէ մի հատիկին աճման համար, որչա՞փ հող պէտք կը լինի, որ սնուցանէ եւ պահէ սերմի հատիկն մինչեւ հնձելու ժամանակ։

Բայց յայտնի է, այն արտեր որ կորդ մնալով ուժովցած են. կամ աղբով պարարտացած են, շատ աւելի սերմ կարող են ընդունել եւ պահպանել, ինչպէս մի հարուստ մարդ կարող է շատ զաւակներ ճոխութեամբ պահել։ Ուստի փորձառու երկրագործը քաջ գիանալով իւր արտին ոյժը եւ տկարութիւն ըստ այնմ կը ցանէ իւր սերմ թանձր կամ նօսր, եւ իրաւունք ունի, միթէ կաթ չունեցող մայր կարո՞ղ է մէկին տեղ երկու զաւակ սնուցանել։ Թողունք ցանելու մեքենան, Թոռնիկ, զի մեզ համար գոնէ այժմ շատ դժուարին է զայն գործածել. մեր սերմանահան մշակներու ձեռք բաւական քաջավարժ է, սերմ ցանելու համար ձեռքի բուռը իւր համեմատական չափն է. երբ ուզէ թանձր ցանել բուռը լի կանէ, եւ երբ նօսր՝ բուռը կծկելով կամփոփէ։

Է՜, Թոռնիկ, այստեղ միտքս եկաւ յիշեցի եւ պատմեմ քեզ։