տերս ծախեմ, որ կը լինի մեծ գումար, երթամ ի Վան վաճառական լինիմ, թողնեմ գեղացիութիւն, եղնիմ քաղքցի. գեղեցիկ տուներ շինեմ, երբեմն եւս երթամ Ըստանպոլ՝ գամ, մեծ վաճառականի վարկ ու համբաւ ստանամ եւ այլն։ Դու չգիտես, Թոռնիկ, դեռ անփորձ ես, թէ քաղաքային կեանքի փորձանք ծովու փորձանքէն էլ աւելի կործանիչ է, թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ քաղաքէն եւ քաղաքացւոց կենցաղավարութենէն։ Ապահով կեանք գիւղն է, եւ արդար վաստակ մշակութիւն է, հողագործ՝ վաճառական չի լինիլ, մաճակալն էլ ծովու նաւապետ կամ ղեկավար։ Խնամակալ Աստուած ամէն մարդ իւր տեղ դրած է, որ աշխատեն. քաղքցին ի քաղաք, գիւղացին ի գիւղ, նաւապետն ի ծով, մաճակալն ի դաշտ: Մարդիկ երջանիկ կը լինին, եթէ գոհ լինին իրենց գտնուած վիճակէն եւ չձգտին այն բանին, որ իրենց ուժէն եւ շափէն վեր է, եւ չեն կրնար հասնել։ Այնպէս չի հասկնաս, Թոռնիկ, երբ դու յառաջդիմել կուզես, ես քար կը դնեմ ոտքիդ առաջ, որ անշարժ մնաս ուր որ ես։ Ո՛չ, իմ միտքս այն է, որ գիւղական կեանքի մէջ յառաջդիմես, տանուտէր լինիս, ագարակի տէր լինիս, հազար-հազար ոչխարներ ունենաս, բայց չը թողուս գիւղն ու դաշտ եւ միշտ յիշելով մեր առակ՝ ծովեզրին չը մօտենաս։
Աւարտելով այս երկար դաս, զոր խօսեցայ քեզի, ոչխարների խնամոց եւ դարմանի վերայ, այժմ պիտի խօսիմ անասնոց հետ դթութեամբ վարուելու մասին։
ԺԶ.
ԳԹԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
ԸՆՏԱՆԻ ԱՆԱՍՆՈՑ ՎԵՐԱՅ
Գիտենք, Թոռնիկ, եւ սուրբ Դիրք կը պատմէ մեզ, թէ Տէր Աստուած երբ ստեղծեց բոլոր անասուններ, մի հանդէս կազմեց, բոլոր կենդանիներն բերաւ Ադամ թագաւորին առջեւէն կարգ-կարգ անցուց, ցոյց տալով թէ այս ամէն քո իշխանու-