Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Տունըտ պայէ տեսօք պանվօր.
<. . . . . .>
Պարեկամէտ փօ՛խ առ փարա,
Իյնի մեռնի՝ ինքեար արա՛։
Մէկին վըրան սուտ հընարէ,
Քալէ՛ պազար, իրատ փըռէ՛,
Ետքը ասա՛ իրեն տիմաց՝
«Ձայն Աստուծոյ է՝ ձայն բազմաց»։
Ցանկացի՛ր քու պարեկամին
Ստըկին, տունին, միլքին, մալին։
Հօռնիշնային օտատ մըտցո՛ւր,
<. . . . . . . >
Սո՞ւտ է, ասօնք չի՞ն մեր օրվան
Աղաներուն տասը պատգամ։
|
|