Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/34

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ու հեշտալի։ Կարծես թէ մէկը կուլայ մութին մէջ։ Կարծես թէ հեռուէն կը հնչեն գիշերուան բոժոժներ՝ մետաքսէ եւ ծաղիկներու թերթերէ շինուած։ Կարծես թէ ծաղիկներ կը մեռնին, ձայներ կը նուագին, ճառագայթներ կը մսին մութին գիրկը, եւ տղայ մը, տժգոյն ու բանաստեղծ տղայ մը, սպիտակ կերոնի մը պէս...

Օ՜, չէ՜, Աստուա՛ծ իմ, ինչքա՜ն չար են մատները՝ նուաղելու համար այդ եղերական հատուածը։ Չէ՛, Սուրէ՛ն, չէ՛, դուն չես մեռնիր, պզտի՛կս. ես չեմ ուզեր, որ մեռնիս, այդքա՜ն պզտիկ ու այդքա՜ն տժգոյն ո՞վ տաքցնէ քեզ ցուրտ ու թաց հողին մէջ։

* * *

Ես կը նուագեմ տակաւին անոր գիշերային մահանուագը, եւ արտասուքները կը թափին աչքերէս։ Մատներս կը դողդոջեն ստեղանիներուն վրայ, ու արցունքներուս մէջէն կը տեսնեմ անոր սիրուն գլուխը։ Հեծկլտուքը կը խեղդէ կոկորդս, ու չեմ կրնար շարունակել։ «Օ՜, Սուրէ՛ն»,— կ՚ըսեմ դողդոջուն։ Ու ինծի կը թուի, թէ ան կը լսէ զիս, բայց չի պատասխաներ։ Ու կը նուագեմ նորէն արցունքոտ աչքերով, մինչ դուրսը անձրեւը կ՚աղմկէ պարտէզին վրայ, եւ մայրս կը խնդրէ, որ զինքը հանգիստ թողում։ Օ՜, մա՜յր։

* * *

Բայց տակաւին չեմ բացած իր պզտիկ ու սիրուն նամակը։ Զայն դրած եմ սեղանիս վրայ ու կը սպասեմ, որ գիշերը բոլորովին թանձրանայ պարտէզին։ Դուռս փակեմ ու կարդամ զայն։ Իր ձեռագիր մահանուագը դաշնակիս թղթակալին վրայ կը հանգչի տրտմօրէն, եւ կարմիր լուսամփոփիս լոյսը կ՚իյնայ սեղանիս վրայ ու կ՚օծէ զայն խորհուրդով։ Սրտէս կը բարձրանայ յուզումի ու սիրոյ ընդարձակ ալիք մը, շրթներս կը դողան, մատներս նորէն կը դողդոջեն, ու մեքենաբար կը բանամ իր նամակը։ Սուրէնին մանիշակագոյն նամակը։

* * *

«Ձեզի կը ղրկեմ իմ խոնարհ եղանակս։ Զիս մեղադրելու չէք, որ անձամբ չեմ բերեր զայն։ Ես աղքատ, պանդուխտ ու հիւանդ տղայ մըն եմ, օրիո՛րդ։ Ու ինչպէս մանկիկ մը կը վախնայ խաւարէն, ես կը վախնամ սիրելէ։ Սէրը կեանքին ամէնէն մեծիմաստ ու ամէնէն խոր բանն է։ Իմ տառապանքս այդպէս կը սորվեցնէ ինծի։

«Ուրիշ անգամ մը ես Ձեզի խօսած եմ կեանքի միւս դիմակի մասին, որ մահն է՝ նոյնքան խորունկ ու նոյնքան եղերական, հետեւաբար կը կարծեմ, որ կը հասկնաք զիս, որ չէի կրնար գալ Ձեզի։ Պահեր կան, երբ մարդ չի կրնար տիրել իր զգայարանքներուն։ Եւ ես ներողութիւն կը խնդրեմ Ձեզմէ այն տրտում խօսքերուս համար, որ արտասանած եմ այն երեկոյթին՝ առանց գիտնալու, որ կը լսէք զիս։

«Կը զգամ, ոը կը վշտացնեմ Ձեզ, բայց ներեցէք ինծի։ Գիտեմ մեղքս, եւ երախտագիտութեան զգացումը, որ ունիմ Ձեզի հանդէպ, իմ արդարացումս պիտի ըլլայ։ Բայց շնորհակալ եմ անհունօրէն, մանաւանդ անոր համար, որ ուզեցիք փորձել իմ ցայգերգս։ Պիտի ուզէի լսել Ձեզ, բայց չեմ կրնար։ Ամբողջ կեանքիս մէջ ես սորված եմ տառապիլ։ Տառապելու դառնութիւնը ու քաղցրութիւնը կը դժուարանամ փոխել գոհութեան տուած երջանկութեան հետ։ Սպասել առտուան ծագումին միշտ աւելի քաղցր է, քան նստիլ արեգակին մէջ ու սիրոյ երգ մը հիւսել։ Լռելը տխուր է, բայց ազնիւ, ու բոլոր ազնիւ բաները հպարտ են կեանքի մէջ։ Այսուհանդերձ, չեմ գիտեր ինչու, ես Ձեզ հետ խոնարհ եմ ծաղիկի մը պէս, որ արեւին կ՚երկարէ իր բաժակը։ Իմ ձեռագիրս ու այս երգը պէտք չունիք ինծի վերադարձնելու։ Կրնաք պատռել կամ պահել, ինչպէս որ ուզէք։