մինչեւ գագաթը գացին մագլցիլ: Միս Իզապէլ՝ արդէն քնքուշ ու փափկակազմ, այդ տեսակ բաներու չէր կրնար մասնակցիլ բնականաբար: Ես ալ անհանգիստ ըլլալուս իր քովը մնացի մինչեւ վերջը, սիրուն պզտիկ առուակի մը քով որ ծառերուն մէջէն կը բխէր և ուր ճաշած էին»:
«Տկար, քնքուշ, հիւանդ ըլլալուն համար ալ աւելի կը սիէի զինքը, ― չքնաղ շուշանի մը պէս զոր ամենափոքր հովէ մը պէտք է պահպանել որպէսզի չթոռմի. ի՞նչ երջանկութիւն միշտ քովը ըլլալ, զմայլելու, պաշտելու ու պաշտպանելու համար զինքը»:
«Երեկոյին, վերադարձին, տղաքները սկսան խենդ խենդ վազցնել ձիերնին: Բայց ես՝ ես որ ամէնէն յանդուգնը ու ամէնէն անզուսպն էի այդ մասին՝ իր խովէն կը քալէի կամայ ակամայ, երջանկութեանս, պաշտումիս մէջ ամէն բան մոռցած: Քաղաքին մօտ, տղաքը խմրուեցան և տեսուչին հետ սկսուած խօսակցութիւն մը ստիպեց զիս որ քիչ մը հեռանամ քովէն. ճիշտ այն պահուն, չեմ գիտեր ինչպէս եղաւ, տեսայ որ ձիէն վար իյնալու վրայ էր , էն առաջ քովը սուրալով զինքն իյնալէ արգիլողը ես եղայ»:
«― Ո՜հ, շնորհակալ եմ, որքան բարի, նոյնքան ալ քաջ ես Տիգրան, ըսաւ»:
«Եւ խօսած ատենը վրաս ուղղուիլը զգացի իր այն աննման ժպտող նայուածքներէն մէկուն, որոնց մէջ մելանուշ ու վճիտ «անցնելու մօտ»ի հմայք մը կը փայլէր: Բարութեան ու մաքրութեան հոգեթով արտայայտութիւն մը, զօր անկարելի է նկարագրել: Գերմարդկային բան մը