Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

խորը, կարծես մասնաւորաբար կը շեշտէր ատիկա, առանց զգալու, իր կեանքին տխուր կողմը խտացնելով հոն»:

«Մինա՜կ: Մինակ ըլլար իրեն պէս մէկը, սիրող մը, ընկեր մը, բարեկամ մը չունենար: Ո՜հ, այդ գաղափարը պատառ պատառ ըրաւ սիրտս: Ի՜նչ ընել: Ըսել իրեն թէ ես պատրաստ էի իր անբաժան բարեկամը ըլլալու ― պաշտողը ըլլալու, ամեն ատեն քովը ըլլալու, խնամելու, զինքը սիրելու, օրհնելու, պաշտելու, այդ ամէնույն փոխարէն ոչինչ խնդրելով իրմէ, բացի իր երկնային աչքերուն բարի նայուածքէն… Ըսել այս ամէնքը: Երբէ՛ք, ոհ, երբէք պիտի չհամարձակէի: Սէրը, պաշտումի վսեմութեան հասնող սէրը լուռ է, որովհետեւ կը վախնայ թէ բառերը պիտի պղծեն զինքը ― տկար, պիղծ բառերը, որք երբէք չեն կրնար իր բարձրութիւնը արտայայտել»:

«Շատ զուարթ էր, ճաշին ամբողջ տեւողութեանը միջոցին խօսեցաւ, շարունակ խօսեցաւ իր մելանուշ ու թրթռուն ձայնովը»:

«Միջոց մը, չեմ գիտեր ինչ բերելու համար ստիպուեցաւ ննջասենյակը երթալ: Առաջին անգամ էր որ այդ տաճարին մուտքին բացուիլը կը տեսնէի, սիրտս սկսաւ բաբախել՝ դրան ճիշտ դիմացը նստեր էի՝ երկիւղած պատկառանքով մը աչքերս վար առի ու բնաւ չի կրցայ նայուածքս այն կողմը ուղղել մինչեւ որ վերադարձաւ դուռը փակեց և նստեցաւ դիմացս: Ինծի այնպէս թուէցաւ թէ իմ նայուածքիս ներս թափանցելովը պիտի պղծուէր այդ վեհարանը: Ճաշէն յետոյ բաւական ատեն խօսեցանք զանազան նիւթերու վրայ»: