Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Ինծի ի՞նչ փոյթ սակայն, վրանին կը խնդայի: Իրենին պէս բերանէ մը աւելի յաջող, աւելի յստակ կերպով ո՞վ կարող էր Ս. Գիրքը բացատրել մեզի, այդ վսեմ բարբառին գաղտնիքներուն թափանցել տալ զմեզ»:

«Քսանի չափ տղաքներ, դպրոցէն մէյ մէկ աթոռ առած, իր սենեակը կ’երթայինք, էն շնորհալի ու էն քաղաքավար ընդունելութիւնը կ’ընէր մեզի: Իր երկայն թիկնաթոռին վրայ կը նստէր ինք, շուրջը կը բոլորուէին ու կ’սկսէր խօսիլ. ամէն մէկուն բան մը կը հարցնէր միշտ ժպտուն և երբ հարցումին պատասխանը ուշանար ազնիւ փափկանկատութեամբ մը անմիջապէս կը պարզէր պէտք եղած կէտերը, երբէք «չգիտցայ»ի ստորնութիւնը չձգելով որ տղայ մը կրէ հոն իր ընկերներուն առջեւ»:

«Աղւոր զուարթ causerie-ներ էին այդ դասերը. ինք սիրուն պստիկ ճառեր կը խօսէր երբեմն՝ յանկարծ Ս. Գրքէն հատուածէ մը ներշնչուելով. բերանաբաց մտիկ կ’ընէինք ամէնքս ալ, կենդանի օրինակներով կը խօսէր, իր նուրբ ձայնովը, ― Is it not, boys? (անանկ չէ՞, տղաք) հարցնելու համար»:

«Եւ ամէն մէկերնիս կը մեկնէինք այդ կիրակնօրեայ դասերէն, բան մը տանելով մեր հոգւոյն մէջ իր հեզութենէն, փափկութենէն ու բարութենէն, շատերը առանց զգալու, անգիտակցաբար, առաւել կամնուազ, բայց վերջապէս աստիճան մը աւելի դէպի ազնիւը բարձրացած անպատճառ»:

«Ինծի համար որքա՜ն հեշտին էր այդ