Էջ:The First Love.djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

կ’ընէր զիրենք, մի առ մի, անխնայ, և այդպէս յախթուծ, ճերմակ պղպջակներով ― իրենց փոքրիկ զայրույթին փրփուրը ― իրենք իրենց վրայ կը գալարուէին: Կ’ընկրկէին, կը նահանջէին երկու կողմէն՝ տեղի տալով անոր լայն իրանին՝ երթալ իրենց զսպուած զայրոյթին թափը նետելու համար հեռաւոր ափունքներու աւազներու կամ ժայռերուն վրայ:

Հովը շարունակ կը փչէր ալիքներուն դաշնակից, բայց պիտի սաստկանար արդեօք:

Ինչե՜ր պիտի զոհէի այդ կեանքը տասներկու ժամ, ո՜հ լոկ երկու ժամ կարենալ երկարելու համար:

Կէս օրին, հովը քիչ մը աւելի սաստկացաւ, պզտիկ ալիքները քիչ մը աւելի խոշորացան: Գացի նաւապետին հարցնելու:

― Տեսնենք, ըսաւ, եթէ երթալով ալ աւելի չսաստկանայ, դարձեալ կը յուսամ հասնիլ:

― Ես ալ ձեզի չափ անհամբեր եմ, յարեց յետոյ, կանուխ հասնելու եթէ կարելի ըլլայ:

Ինծի՛ չափ անհամբեր կանուխ հասնելո՜ւ…

― Խելքդ սիրե՛մ ըսի մտքէս:

Աջ կողմէն Իշխանաց կղզիները կ’երեւային ծփուն մակերեսին միօրինակութեան վրայ, երեք փոքրիկ սիւներու պէս:

Ճաշին ատեն թեթեւապէս կ’երերայինք, ինծի այնպէս կուգար թէ հովին ամէն մէկ սուլումը՝ իր նախորդէն աւելի ուժգին, և եկող ամէն մէկ ալիքը առջինէն աւելի խոշոր էր, այլ սակայն ապահով չէր:

― Թերեւս՝ ես այնպէս կը տեսնեմ, կ’ըսէի: