Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Աջ ու ձախ կողմը, հոս հոն, ճերմակ առագաստներ կ’երեւային, կապոյտին միօրինակութեանը վրայ: Երբեմն ալ, շոգենաւին երկու կողմերէն դլփիններ կը ցցուէին ջուրին մէջէն ու խենդ ոստումներով կրկին կը խորասուզուէին կապոյտին ծալքերուն տակ: Ծովին գոյնը, changeante կերպասի մը պէս մերթ կը փալփլէր ու մերթ կը գորշանար, վերէն անցնող ամպերուն քմահաճոյքին համեմատ, որք կուգային ատեն ատեն խափանել արեւին շողշողուն լոյսը:

Այս ամէնքը անոր համար ուշադրութիւնս գրաւեցին՝ որովհետեւ ինք կը դիտէր, որովհետեւ իր նայուածքը կ’ուղղուէր այդ ամէնուն վրայ ու իմս ալ կը քաշէր իր ետեւէն: Ժամերով հոն վերն էինք, բոլոր ճամբորդները, ոմանք կը շաղակրատէին, ոմանք կը մրափէին շոգենաւին շարժումերով օրօրուած, ոմանք կը պտըտէին շարունակ, բարձրաւանդակին մէկ ծայրէն միւսը կը վազէին, ամէն բան տեսնելու, ամէն բան քննելու մարմաջով մը: Միս Իզապէլ ընդհանրապէս հանդարտօրէն նստած, կը դիտէր, երբեմն ալ խօսելով, ձեռքը փոքրիկ հեռադիտակ մը ունէր, զոր տեղ մը ուղղելէ ետքը ինծի ալ կուտար անպատճառ: Երբեմն ալ, ձանձրացած, ոտքի կ’ելլար իր թեթեւօրէն ոստոստող սիրուն քալուածքով մի քանի անգամ երթեւեկելու համար բարձրաւանդակին վրայ:

Վերջալուսին Պօլիս սկսաւ տեսնուիլ հեռուէն, սեւ երկայն գիծի մը պէս, որուն վրայ բոցավառ կետեր կը նշմարուէին ― մի քանի բարձր շէնքերու ապակիները արեւուն հուսկ փողփողումովը վառուած: