Ան, լուսնակը, ալ տառապողներու մտերիմ մը չէր ինծի համար: Հիացած, հմայուած, բոլոր էութեամբս անծայր երջանկութեան մը մէջ տարրալուծուած էի հիմա, ձեր նայուածքներուն ներքեւ:
Կ’երթայինք շարունակ, միս մինակ մենք երեքնիս, մոռցած աշխարհը բոլոր, մոռցած թէ մեր տատանած հեղուկէն զատ, ցամաքներ ալ գոյաթիւն ունենային, կ’երթայինք ճամբայ մը որ չէր հատներ ու կ’ուզէի որ չհատնէր երբէք, ո՜հ երբէք, յաւիտենական ճամբայ ըլլար…:
Եւ այս շքեղ երազս ալ, ուրիշ շատ մը նախորդներուն պէս ցնդեցաւ գնաց, հակառակ կեանքը երազի և զայն իրականութեան փոխելու տենջանքիս, ինչ անուշ երազ, հէ՞ քոյրս, անհունութեան մէջ կորսուի՛լ երկու սիրած պաշտուած էակներու հետ… երա՛զ սակայն:
Եթէ գալ տարի գալուստդ որոշ չէ, գրէ որ գոնէ ես քու քովդ գալու աշխատիմ, որովհետեւ այսպէս ապրիլը աշխարհի էն անհամ բանն է:
1890 Մայիս 5, Հալքի