էր շրջակայքի բոլոր աւազակները և որուն քաջագործութիւներու վրայ թիւրքերն անգամ հիացումով կը խօսէին։ Մինասը սպաննուած էր հայերու ձեռքով սիրահարական խնդրի մը պատճառով. իր տղան հիմակ փախստական էր, և յոյները մեծ յոյս ունէին իր վրայ։
Երկու օր մնացինք Գ․․․ գիւղի մէջ. հիւանդները կը դժուարացնէին մեր գործը, մանաւանդ որ լսեցինք, թէ մեր գնալիք ճամբուն վրայ ձեռք էին անցել խումբ մը հայեր, երկու մարդ, երկու կին և չորս երեխաներ։ Կը մտածէինք կերպով մը օգնութեան հասնել այդ խեղճերուն և զիրենք փրկել իրենց դահիճներուն ձեռքէն։ Այդ նպատակաւ առաջարկեցի, որ հիւանդները և մեր խումբէն մաս մը թողունք այդ գիւղը և մենք յառաջանանք։ Ասկէ անդին կառավարութիւնը խիստ էր, կը հետապնդէր ժողովուրդի մնացորդները և դժուար էր մեզ համար հիւանդներով մեր արագաշարժութիւնը պահել։ Յոյները պատրաստակամութիւն յայտնեցին պատսպարելու մեր խումբին այդ մասը, հրաժեշտ առինք ու մենք շարունակեցինք մեր ճամբան։ Մէկ ու կէս ժամ քալելէ ետքը աղբիւրի մը վերև կանգ առինք։ Առաջարկեցի մտնել պահակատեղին և ազատել այդ ութը հայերը, բայց մերձակայ յոյներէ տեղեկացանք, որ երեկոյին իսկ արդէն դէպի Սամսոն ուղղուեր էին։ Խեղճերը երեխաները կռնակներին կապած, լացով, ողբով ճամբայ ելած էին։
Առաւօտուն գացինք շօսէին վրայ և սպասեցինք այդ խեղճերուն ուղեկցող ժանտարմաներու վերադարձին։ Մեզ պատահեցին եօթը թիւրքեր, որոնցմէ երկուքը հոճաներ էին. մեզի համար այլևս թիւրքերուն մէջ անմեղ չի կար, համոզուած էինք, որ ամեն մէկը մասնակից կամ մեղսակից եղած էր կատրուած սոսկալի դէպքերուն։
Ճանապարհին դուրս քաշեցինք զիրենք և առանց հարցաքննութեան սպաննեցինք։
Շարունակելով մեր ճամբան, հասանք Կ․․․ յոյն գիւղը, որ ուխտատեղի է հայերու և յոյներու։ Գիւղը սուգի մէջ էր, տղամարդ չէր մնացած, նոյն օրն իսկ ձերբակալած էին 30 հոգի և ոստիկանական խումբեր պաշարած էին շրջակայքը. գիւղացիք դռները չի բացին մեզ ընդունելու համար, որովհետև մասնաւորապէս կը վախնային այն պատճառաւ, որ, ինչպէս կըսէին, իրենց մէջ յոյն մատնիչ մը կար։
Գացինք տանուտէրին մօտ, որ գիւղէն քառորդ ժամ հեռու կը բնակէր. մտաւորական, լաւ մարդ մըն էր, որ մեզ սիրով ընդունեց. հազիւ թէ նստած էինք, քանի մը հրացանի ձայն թնդաց. կարծեցին, որ մեզ պաշարեցին, ու տունը սարսափի մէջ ինկաւ. մենք գիտէինք, որ կը