Jump to content

Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/91

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Սամսոնի հրւանդանին մօտեցեր էինք, Ռէիզին տղան ծովը նետուեր էր, անշուշտ երթալ իմացնելու համար իշխանութեանց: Զիս արթնցուցին. լուսնկայ գիշեր էր և ծովուն ալիքներուն մէջ կը տեսնէինք փախստականը, որ շտապով կը լողար դէպի ցամաք, Հրացաններ արձակեցինք իր վրայ ու անիկա անհետացաւ ջուրերուն մէջ։ Այն ատեն Ալի Ռէիզին ըսի.

— Ղեկը ձեռքդ առ, բայց զգուշացիր, ափէն հեռու պէտք է որ նաւարկենք։

Ես իր կողքին նստած՝ կը հսկէի։ Անիկա կը գալարուէր սրտի ցաւէն և անդադար կողբար.

— Տղաս սպաննուեցաւ… վա՜յ… վա՜յ…

— Կը պատահի, ի՞նչ ընենք, կըսէի իրեն։

Նաւը ճամբան կը շարունակէր, բայց քամին կտրեցաւ. տղոցը հրամայեցի թիավարել. անոնք փոխնիփոխ 3 զոյգ կը թիավարէին:

Այսպէս շարունակուեցաւ մինչև հետևեալ առաւօտ, Քամին տկար էր, թիավարները անփորձ. այնպէս որ հազիւ թէ լուսաբացին հասանք Կերասոնի մօտ, Ալի Ռէիզը առաջարկեց երթալ դէպի ցամաք, դուրս գալ Կերասոնի մօտ գտնուող պզտիկ կղզեակ մը, ուր յունաց վանք մը կայ, և հոնկէ ջուրի և հացի պարէն առնել: Ես հասկցայ, թէ խորամանկ թիւրքը ինչ դիտաւորութիւն ունի, անմիջապէս և բացարձակապէս մեղժեցի: Ռէիզին օգնականը, Հաճին, որ միջահասակ, թանձրամարմին, նոր ճերմկնալ սկսած 40 - 42 տարեկան, անփոյթ երևոյթով թիւրք մըն էր, կաղերսէր ինձ և կըսէր.

- Ինձ դուրս հանեցէք, երթամ բերեմ ինչ որ պէտք է. ես խեղճ մարդ եմ. ես վարձուոր եմ. երթամ, զաւակներս ապահովցնեմ ու գամ:

Երբ որ թիւրքերը կառաջարկէին այս ինչ տեղը ցամաք ելլել, նախ ոչինչ կըսէի, մինչև որ հասնէինք այդ որոշ տեղը, որպէսզի մեզ տանէին. վերջին պահուն միայն մերժումս կը յայտնէի:

Մեր նաւը չափազանց դանդաղ կէրթար, քամին բոլորովին կտրուեցաւ. ստիպեցինք նաւավարը, որ բացերը ելլէ. անիկա չէր ուզեր.

— Նաւը փոքր է, կընկղմինք, կըսէր։

Ես պնդեցի, սպառնացայ, բայց անիկա ամենքը կը համոզէր, թէ ծովափին մօտ հով կըլլայ, Ժամեր ետքը տեսանք, որ իրաւամբ նաւը չի առաջանար. մօտեցանք ծովափին, ուրկէ 3-400 առագաստանաւեր մթերքներ կը փոխադրէին. անոնց շարքին խառնուելով, յառաջացանք, ճիշտ էր, որ ծովափին մօտ հով կար և մեր նաւը աւելի դիւրութեամբ կը յառաջանար. միանգամայն պատուիրեցի տղոցը, որ թիավարուեամբ օգնեն։