Jump to content

Թէն թուխ մ’էր առեր

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

***
Թէն թուխ մ՚էր առեր,
Աղւոր երես, ա՜յ,
Իր մօշրայպայեկն, ա՜յ,
Օ՜խ, իմ պարոն, էյնէկ,
Ու կ’ երթար դէպի ջուրըն, ա՜յ։

Կըտրիճ էր հեծել,
Աղւոր երես, ա՜յ,
Իր քամալ ջորեկն, ա՜յ,
Օ՜խ, իմ պարոն, էյնեկ,
Ու կ’ երթար դիպի հետն, ա՜յ։

― Աղչի՜կ, լից ու տուր,
Աղւոր երես, ա՜յ,
Այտ պաղիկ ջըրէտ, ա՜յ,
Օ՜խ, իմ պարոն, էյնեկ,
Ու խիստ եմ ծարաւել, ա՜յ։

— Օրիկս ամպ ու պարզ,
Աղւոր երես, ա՜յ,
Ջուրըս պաղ ու տաք, ա՜յ,
Օ՜խ, իմ պարոն, էյնեկ,
Չիշխեմ տայ ի քեզ, ա՜յ։