Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Jump to navigation
Jump to search
ԹՐԹՌՈՒՄՆԵՐ
Լոյսի բիծեր ծիրանի
Կ՚ասղնտեն քօղքը մութին.
Լուսնի ցոլքեր կ'անհետին
Խորքը ծովուն հոլանի։
Հըմայքներով փողփողուն,
Հեշտութիւն մը կապոյտի,
Հանդարտօրէն կը Ժպտի
Հոգւոյս մըռայլ տենչերուն։
Սիրոյ յուշեր լուսաւէտ,
Դողդոջուն ու ցնծագին,
Արագօրէն կը ծագին
Հըպարտ կ՚անցնիմ երբ քովէդ։
Ըզգացում մը բիւրեղէ,
Ծիածանի երանգով,
Ցաւոտ հոգւոյս մութին քով
Լոյս ակօսներ կը պեղէ։
|
|