Ինչպէս պէտք է գրաւել Թրքահայաստանը
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՂԷՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Պօլշէվիք-քէմալական դաւադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան գըլխուն բերուած վերջին աղէտը ամենաահարկու ցնցումը պատճառեց բովանդակ Հայութեան որ իր այդ առաջին տպաւորութեան տակն իսկ հետամուտ եղաւ գտնելու այս աղէտին պատասխանատուները եւ զանոնք գամելու անարգութեան սիւնին:
Այս առթիւ ազգին մէջ գտնուած զանազան հոսանքներ սկսան յարձակում գործել` մինչեւ աղէտը` իշխանութեան վրայ գտնուող Կուսակցութեան դէմ եւ ընել ամենաբուռն քննադատութիւններ, թէեւ շատ անգամ անիրաւ կերպով: Մեր ազգային ու պետական կեանքին մէջ ցարդ թէեւ շատ քննադատութիւններ եղած են գործուած զանազան սխալներու եւ աղետաբեր անհեռատեսութիւններու հա-մար, սակայն այս պատճառով եւ ոչ մէկը լրջօրէն պատասխանատուութեան տակ առնուած եւ արժանի պատիժը կրած է: Թողունք որ տակաւին վերջնականապէս կարելի ալ չէ եղած ճշդել թէ ի°նչ է Դաշնակցութեան պատասխանատուութեան չափն չափն ու սահմանը, վերջին աղէտին մէջ: Ըստ մեզ, Դաշնակցութեան միակ յանցանքը եւ սխալը կը կայանայ անոր մէջ որ չափազանց ինքնահաւան եւ յոխորտ կեցուածք մը բռնեց մինչեւ վերջը եւ կարեւորութիւն չտուաւ իրմէ դուրս գտնուող ուժերուն ու փոխանակ զանոնք սիրաշահելու, նախապատիւ համարեց սիրաշահիլ որեւէ տգէտ Մրտօ մը, փարախէն ներս հատ մը աւելի ոչխար առած ըլլալու կանխահոգութեամբ: Ոչ միայն սիրաշահիլ չուզեց այդ ուժերը, այլ իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետք բոլորովին ամբարտաւան դարձաւ եւ անոր ռուսահայ հատուածին մէջ տիրող որոշ դասակարգի մը ազդեցութիւնովը վշտացուց իր մէջ գտնուող կարող ուժերն ալ:
Այդ ուժերէն մէկն էր Զօր. Անդրանիկը որ անդառնալի կերպով հեռացաւ ոչ միայն Դաշնակցութենէն, այլ Հայաստանէն ալ, թէեւ ասոր մէջ ինքն ալ գործած է քիչ մը ծայրայեղ կերպով:
Այս ազգը վերջին 30 տարուան ընթացքին` երեք հոգի ճանչցած է իբր իր ծոցին մէջ գործող ժամանակակից սուրբեր. Իզմիրլեան Հայրիկը, Մինաս Չերազը եւ Անդրանիկը: Ոեւէ կերպով չուզեր որ քար նետուի այդ սուրբերուն: Դաշնակցութիւնը չկրցաւ թափանցել ժողովուրդին այս հոգեբանութեան եւ վշտացնելով Անդրանիկը, կորսնցուց շատ բան, թէ° իր հմայքէն եւ ազդեցութենէն եւ թէ քաղաքական ապագայ յաջողութիւններէն:
Պատմութիւնը ցոյց կուտայ մեզի որ շատ անգամ միակ անձ մը ձեռք բերած է այնպիսի յաջողութիւններ զոր ամբողջ ազգ մը թերեւս իր համակամ ջանքերովը պիտի չկրնար ձեռք բերել: Այս տեսակէտէն իսկ Անդրանիկի հեռանալը Դաշնակ-ցութենէն, նախ եւ առաջ հարուած տուաւ նոյն կուսակցութեան: Քաղաքականապէս տակաւին այնքան խակ ենք որ գաղափարէն աւելի անձի մը հմայքն է որ մեզի կը կապէ այս կամ այն հոսանքին: Եւ եթէ Դաշնակցութիւնը գոնէ Պոլսոյ մէջ, ինչպէս թերեւս ուրիշ տեղեր ալ, ատեն մը շատցուց իր անդամներուն թիւը, ամէն օր նոր նոր արձանագրուողներով, ատիկա կը պարտէր ոչ թէ իր ծրագրին պարունակած ընկերվարական սկզբունքներուն կամ նուազագոյն ու առաւելագոյն պահանջներուն, այլ մտաւորականներու, գրագէտ-ներու, բանաստեղծներու եւ կարող դէմքերու այն հոյլին որուն մեծամասնութիւնը դժբախտաբար նահատակուած է այսօր:
Անդրանիկ Դաշնակցութեան կարեւոր ուժերէն մէկն էր եւ անշուշտ անոր Հայաստանէն հեռացած ըլլալը, տեսակ մը բարոյալքում առաջ բերաւ ժողովուրդին մէջ: Վերջին աղէտի միջոցին Անդրանիկի ներկայութիւնը Հայաստանի ոեւէ մէկ ճակատին վրայ, անշուշտ պիտի ունենար իր որոշ ազդեցութիւնը, ոչ միայն Հայ կտրիճները աւելի բուռն թափով կռուի մղելու համար եւ ասիկա սիրով պիտի ընէին, այլ թշնամին անգամ Ղալաթիայէն թրամվէյով Շիշլի երթալու չափ դիւր-ութեամբ պիտի չկրնար տէր դառնալ մեր հայրենիքին:
աղափար մը տալու համար թէ Անդրանիկ ո°րքան վշտացած է Հայաստանի նախորդ ղեկավարներուն, հոս կþարտատպենք Զօրավարին արտասահմանի Հայ թերթերէն մէկուն թղթակցին ըրած յայտարարութիւնները, որոնցմէ բացայայտ կերպով երեւան կուգայ թէ ինչո±ւ ինքը Հայաստան չգնաց այս անգամ, պաշտպանելու համար իր հայրենիքը: Իրաւ է, Զօր. Անդրանիկ իր կարգին կրնայ մեղադրելի ըլլալ Դաշնակցութեան դէմ վշտանալով Հայաստան չերթալուն համար, որովհետեւ ատիկա լուրջ պատճառ մը չկազմեր պարտականութենէ խուսափելու համար, սակայն Զօրավարը վախցած է թէ պէտք եղած դիւրութիւնները չեն տրուիր իրեն եւ ամուլ կը մնան իր ջանքերն ու գործունէութիւնը: Ահաւասիկ իր շահեկան պատասխանները թղթակցին հարցումներուն.-
- Պատերազմի պահուն ի±նչ էր Կովկասի եւ Ռուսաց բանակի մէջ Հայոց դիրքն ու դերը:
- Կովկասի ճակտին վրայ ռուսական բանակին մէջ կը հաշւըւէր 10,000 Հայ զինուոր, որոնցմէ 90 առ հարիւրը թրքահայերէ. բաժնուած էր 7 զօրաբաժնի եւ որովհետեւ երկրին ծանօթ էին, միշտ յառաջապահ եղած են, ռուս զօրքերու կողքին: Զինուորական շատ մը յաջողութիւններ կը պարտինք երկրին մէջ գործող ժողովրդեան եւ թէ այդ ժողովրդի ծոցէն դուրս եկող կամաւորներուն: Թուրք բանակը վաղուց ջախջախուած պիտի ըլլար եթէ Քիւրտերը անոնց չաջակցէին, եւ այսպէս պատերազմը տեւական դարձնելու ճիգեր չթափէին: Այդ Քիւրտերը, որոնք 100 հազարի կը հասնէին, բացի Համիտիէի գունդերէն, Տիգրանակերտէն հարաւ եւ հիւսիս, կþայրէին, կը կողոպտէին, եւ երկրին մէջ գտնուած բոլոր թանկարժէք իրեղէնները աւարի կուտային:
Էնվէր որ 120 հազար հոգուով յարձակեցաւ, նպատակ ունէր նախ Կովկա-սահայութիւնը փճացնել եւ յետոյ Թրքահայութիւնը, սակայն չյաջողեցաւ իր երկու սխալներուն պատճառաւ: Առաջին` պէտք էր Շահթախտի վրայ 20 հազար հոգւով ցոյց մը ընել եւ երկրորդ` Սարը-Ղամըշէն Արտահան չէր ապահոված փոխադ-րութեան միջոցները, ասկից զատ թուրք զինուորներու խեղճ ու կրակ վիճակը, գրեթէ մերկ, անօթի, տոկալու անկարող, որով երկու ամսուան ընթացքին անոնցմէ կոտորուեցան կրակին մէջ եւ հիւանդութիւններով 70 հազար, որով եւ Էնվէրի ծրագիրը մատնուեցաւ անյաջողութեան:
- Երբ Ռուսերը քաշուեցան, ի±նչ ըլլալու էր Հայոց դիրքը եւ թէ անոնք ի±նչ նիւթեր թողուցին հայկական հողամասին մէջ:
Զօրավարը ժպիտ մը ունեցաւ եւ գրեթէ ցասկոտ շեշտով մը սկսաւ այսպէս.
- Մէկ կողմէ` Պայպուրթ, Քէլքիթ, Երզնկա-Մամախաթուն-Էրզրում, Ս. Կարապետ-Խնուս, Մանազկերտ, Ալաշկերտ, Ղարաքիլիսէ, Վան եւ միւս կողմէ` Օլթի, Սարը-Ղամըշ, Կարս, Արտահան, Կաղզվան, Իքտիր, Ալէքսանդրօպօլ, Ղարաքիլիսէ, Նախիջեւան, Չուլֆա, անդին` Շէրէպխանէ, այս բոլոր տարածութիւն-ներուն վրայ ռուս բանակը երբ սկսաւ թրքական ճակատը թողուլ, մօտաւորապէս լքեց 3000 թնդանօթ, 3000 միթրայէօզ, մէկ միլիառ փամփուշտ, 100 հազար մարդու հագնելիք հագուստ, 100 հազար հոգիի ուտելիք, մօտաւորապէս 15-17 հազար ձի, մօտ 1 միլիոն ռումբ եւ շրաբնէլ, 100 հազար հրացան, փոխադրութեան անհամար կառքեր, բազմաթիւ օթօմօպիլներ թէ° բեռերու եւ թէ զօրքերու փոխադրութեան յատուկ, այդ օթօներու բոլոր յարակից փոխնորդ մասերով եւ անիւներով, ձիու թամբեր, պէնզին, կօշիկի համար հսկայ քանակութեամբ կաշիներ եւ ամէն տեսակ զանազան պիտոյքներ:
Իսկ անդին` Պաքուի մէջ կը տրամադրուէր 160 միլիոն փամփուշտ, 160 թնդանօթ իրենց բոլոր կազմածներով, 180 միթրայէօղ, բացի պետական ուրիշ հարստութիւններէ, ինչպէս նաեւ Կարսի բերդաքաղաքին ամբողջ տարածութեան վրայ գտնուած անբաւ, անհամար ցորենահատիկի հսկայ մթերք մը:
Օրերով աղաչեցի, պաղատեցայ որ այս հսկայ հարստութիւններուն եթէ տէր չպիտի կրնայինք դառնալ, գոնէ կարելի եղածին չափ անոնցմէ փոխադրենք Լօրիի լեռները, ճիշտ Ալեքսանդրօպօլը թրքաց ճանկին մէջ իյնալէն 20-25 օր առաջ: Զիս մտիկ չըրին, առարկելով որ Պրէսթ-Լիթօվսկի դաշնագրին համեմատ անոնք չպիտի գրաւուէին թուրքերէն:
Սակայն այս բոլոր հարստութիւններուն մեծագոյն մասը գրաւեցին թուրքերը եւ փոքր մաս մըն ալ ծանօթ գործիչներու կողմէ կողոպտուելով, ծախուեցան մեր թշնամիներուն: Տխուր է այս, սակայն ճշմարտութիւնն է:
Եւ երբ Ռուսիա կը լքէր այս բոլորը, մենք այդ պահուն Պայպուրթէն մինչեւ Վան ունէինք հետեւեալ զօրամասերը, մարզուած զինուորներ ռուսական բանակին մէջ: Քէլքիտի կողմը 950 հոգի, Էրզրումի մէջ 251 զինուոր եւ 53 սպայ, որոնք թրքական տուներու մէջ կը բնակէին առանց զինուորական կարգապահութեան, եւ ասոնք էին որ Իլըճայի առջեւ օդին մէջ կը կրակէին, ցոյց տալու համար ինծի ¥Անդրանիկին¤ որ այլեւս չէին ուզեր պատերազմիլ եւ թէ իրենց տուները պիտի դառնան հանգիստ ընելու, եւ այս մարդիկը որ Էրզրումի ճակատին վրայ չէին ուզեր կռուիլ, եւ դէպի Շուշի ճամբայ ինկան, Չապուխ Հէքէրլու ձորին մէջ կոտորուեցան Թաթարներու կողմէ, եւ իրենց հետ նաեւ 83 գաղթական Հայեր:
Իսկ 4-րդ գունդը Էրզրումի Թէքքէ Տէրէսիի մէջ ունէր 450 զինուոր, Խնուսի 2-րդ զօրագունդը, 5-րդը Վանէն դէպի վար Հայոց Ձորի մէջ 500 հոգի, որոնք վերջին պահուն ժողովուրդը թալանեցին ու հեռացան: Վերջապէս այս ճակատին վրայ գտնուած է, Վանէն մինչեւ Էրզրում 2653 հոգի կանոնաւոր զօրք, ծառայած ռուսական բանակի մէջ: Եթէ ռուսական բանակին մէջ գտնուած զօրքերը չվերադարձնէին տուներնին, չպիտի ցրուէին: Ասոնցմէ 300ը փախան եւ 500ը կը մնային Թիֆլիզ Արամեան շէնքին մէջ: Ասոնք Նիքօլա Նիքօլայէվիչի ստեղծած 7 գունդերուն հրացանաձիգներն էին: Երզնկայէ-Էրզրում մինչեւ Վան 12-15 հազար թրքահայ զինուած ժողովուրդ շատ դիւրութեամբ կրցան այդ ճակատները պաշտպանել երեքուկէս ամիս եւ խոշոր վտանգի ժամանակ, դէպի Կովկաս փոխադրել հարիւր հազար գաղթական: 1917-ին էր երբ Քէրէնսքիի հրամանով, չորս ազգութիւններ, ռուս, վրացի, հայ, թաթար, արտօնուեցան 64 հազարական հոգինոց չորս զօրաբաժին կազմելու, որոնց պիտի տրուէին պետութեան կողմէ բոլոր հարկ եղած պիտոյքները եւ պատերազմական իրեղէնները:
Ընդհանուր հրամանատար եւ կազմակերպիչը պիտի ըլլար Զօր. Նազար-բէկօֆ, ունենալով իր հետ Զօր. Արիշօֆ, Սիլիքօֆ, Տէր-Յակոբօֆ, հարիւրներով գնդապետներ, քանի մը հարիւր հարիւրապետներ եւ սպաներ: Թիֆլիզի մէջ 4-5 ամիս չկարողացան 4-5 հազար զօրք համախմբել. նախկին գտնուածներով միասին 8 հազար զինուոր հազիւ զէնքի տակ դրուեցան: Ամբողջ 6 ամիս զբաղած էին նոր զինուորական տիսիբլին մը ստեղծելու, տէմօքրաթիկ ազգերու տէմօքրաթիկ սկզբունքներու հիման վրայ... այս նպատակին հասնելու համար կազմեցին Ազգ. Խորհուրդ մը, որոնցմէ շատեր այս յիմար դրուոթիւնը կը ջատագովէին: Ես ալ ներկայ գտնուեցայ անոնց երկու ժողովներուն, ուր կը գտնուէին նաեւ Զօր. Նազարբէկօֆ եւ Արիշօֆ: Իմ վերջնական խօսքս եղաւ, որ թշնամին դուրսը դրան առջեւ կեցած է, երբ այս ժողովուրդը ազատուի, երբ ազգը փրկուի, անկից յետոյ այդ սկզբունքները կիրարկեցէք, Աստուծոյ սիրոյն նախ փրկեցէք սա ազգը:
Քիսլավոսկիէն սկսեալ մինչեւ Թիֆլիզի առաջնորդարանին մէջ կարծեմ հոն գտնուող ունկնդիրները լսած են խօսքերս, որոնք կþուղղէի Ահարոնեանին, թէ` §Եթէ այս մտայնութեամբ շարունակէք, Կովկասի լեռները հրաբուխով վառուած են եւ կայծ մը բաւ է պայթումը յառաջ բերելու եւ ձեզի իր տակը ձգելու: Սարըղամիշէն արշաւող թուրք զօրաբանակը որ Կարս, Ալէքսանդրօպօլ կը մնար, 5-6000 հոգւոյ կը հասնէր¦: Իմ բոլոր խօսքերս չազդեցին, բոլոր ճիգերս ապարդիւն մնացին:
- Ի±նչ պայմաններու տակ կազմուեցաւ Հայ Հանրապետութիւնը: Այս հարցումին` զօրավարը առանց վայրկեան մը կանգ առնելու աղաղակեց.- - Բառին բուն նշանակութեամբ խաբեբայութիւն մըն էր Թուրքերու եւ երմաններու կողմէ: Անոնց նպատակն էր Թրքահայաստանը բոլորովին լքել, Թրքահայաստանի դատը ջնջելու համար եւրոպական դիւանագիտութեան տոմար-ներէն եւ ստեղծել Հայաստան մը Ռուսահայաստանի մէջ: Եթէ Թուրքիա եւ երմանիա յաղթական կանգնէին, Հանրապետութիւնը Սեւանայ լճին մէջ պիտի խեղդէին: Իսկ հակառակ պարագային, անոնք լաւ գիտէին թէ իրենց կազմած Հայաստանին բախտը պիտի վճռէր ռուս պետութիւնը: Այդ պահուն ես Տիլիճան կը գտնուէի, ուր հասած ժամանակս չգտայ ոչ մի զօրք եւ զինուորական, որ թողնելով միլիոնաւոր փամփուշտ, թնդանօթ ցեխերու եւ տասնըմէկ միթրայէօղ գետակին մէջ, փախած էին Երեւան: Հոն գտայ 1500ի չափ որբեր, որոնք ահաբեկած կը փախչէին. հոն գտած էի միայն Մեսրոպ եպս.ը: Հոն գտնուած պահուս Վէհիպ փաշայէ լուր մը կը հասնէր, երկրորդ լուր մը Կարսէն Զօր. Կօրկանօֆէ, նմանապէս Թիֆլիզէն, Ազգ. Խորհուրդէն ուրիշ լուր մը, թէ` բոլոր երկաթուղիները եւ հսկայ ռազմամթերքները Թուրքերու ձեռք անցնելէ վերջ` անոնք բռնած էին Թիֆլիզ-Պաքու ճամբան: Նոյն ժամանակ Զօր. Նազար-բէկօֆէ հեռագիր մը կը տրուէր հաշտութեան բանակցութիւններ կատարող պատուիրակութեան` Պապաջանեանի, Խատիսեանի եւ Ահարոնեանի, թէ զօրք չունի դիմադրելու: Բանակցութիւնները վարողները կը ստորագրէին Թուրքերու հետ, տխրահռչակ ծանօթ պայմանագրութիւնը: Այս պահուն լուր տրուեցաւ ինծի, թէ երկու թուրք զօրաբաժնի անցքին ար-գելք չըլլամ: Պատասխանեցի թէ քանի Տիլիճան կը գտնուիմ, անկարելի է ինձ թոյլատրել ոեւէ թուրք զինուորի մը իսկ անցքին: Դէպքերը այս վիճակին մէջ կը գտնուէին երբ Թուրքերու հետ ստորագրուած ցաւագար պայմանագրին կը տեղեկանայի: Չկրցայ համակերպիլ եւ 30 տարուայ ընթացքին ինկող բոլոր ընկերներուս եւ 1 միլիոն երկու հարիւր հազար զոհերու յիշատակը թելադրեցին որ չստրկանամ այդ պայմաններուն տակ եւ մնամ նոյն տեղը: Անմիջապէս հեռագրեցի Կաթողիկոսին եւ Զօր Նազարբէկօֆի եւ Երեւան Ազգ. Խորհուրդին, թէ` §Վեց հարիւր տարուան ստրկութեան շղթան ձեր ձեռքովը ձեր վիզը անցուցիք, ես չեմ կարող ընդունիլ այդ պայմանները, եկեք ընդունեցէք Տիլիճանը որ ես մեկնիմ¦: Եօթերորդ օրը հասաւ գնդ. Պաղտասարեանը 150 հոգւոյ հետ, որոնց կէսը Վանեցի, եւ ինձմէ ընդունեց Տիլիճանը: Թուրքերը արդէն գրաւած էին Ալեքսանդ-րօպօլը եւ Ղարաքիլիսէն: Յաջորդ օրը այն զինուորները որոնք ինծի կը հետեւէին, շուրջ 5000 հոգի, եւ 25-30 հազար գաղթական, ճամբայ ելանք: Անոնք ինծի կը հետեւէին երդում ընելով որ մինչեւ իրենց արեան վերջին կաթիլը պիտի թափէին, բոլոր դժուարութիւններուն պիտի դիմադրէին եւ ինձմէ չպիտի բաժանուէին: Եւ այդ քաջերը պահեցին իրենց երդումը: Մայիսի 26-ին Պաթումի մէջ կը կնքուէր հաշտութիւն: Յունիսի սկիզբն էր որ կը մեկնէի Տիլիճանէն Նախիջեւան, Խոյ: Այս անցքերու պատմութիւնը ամբողջ Զանգե-զուրցին, Ղարապաղցին գիտէ ու կը վկայէ, ինչպէս նաեւ ամբողջ Սալմաստի Պարսիկները: Ամիսներ չեն բաւեր պատմելու համար անցուդարձերը իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Այսքան միայն կրնամ ըսել, թէ անվերջ դաւադրութիւններ սարքուեցան ինձ դէմ, թէ° Ազգ. Խորհուրդի եւ թէ մաս մը զինուորականներու կողմէ: Երեսուն հազարանոց թրքահայ զորաբաժնի մը կազմութեան համար եղած բանակցութիւնները Համաձայնական պետութեանց հետ եւ Անգլիոյ այս նպատակին յատկացուցած 5 միլիոն րուպլիի գումարին հաշւոյն զրկուած 400 հազար րուպլին Թիֆլիզէն` Երեւան գրաւեցին եւ ձեռքս չհասցուցին...: Արտասահման ելնելէս վերջ կը ցաւիմ ըսելու որ Նախիջեւանի, Ագուլիսի եւ այդ շրջանակներուն մէջ 30-35 հազար հայ սպաննուած են եւ այն ալ Թաթարներու կողմէ, որոնց զէնքերը Հայերը մատակարարեցին: Հպարտ եմ ըսելով, որ այն բոլոր տարածութեան վրայ, ուր կը գտնուէի, պաշարուած Թաթարներու եւ Խալիլ ու Նուրի փաշաներու կանոնաւոր զօրքերէն, մէկ քիթ չարիւնեցաւ, մէկ ոչխար չի յափշտակուեցաւ: Այս կը վկայէ բոլոր ժողովուրդը: Իսկ տարօրինակ չէ± որ Պաթումի պայմանագրութիւնը բաւարար չհամարուելով, յաղթողները... պարտուածներու դերը կատարեցին եւ Պոլիս գացին Թալաթը, Էնվէրը տեսնելու, որք զանոնք 17 օր Պոլսոյ փողոցները պտտցնելէ յետոյ, Սուլթանին առջեւ հանեցին եւ ամենաստոյգ աղբիւրէ տեղեկացած եմ որ Պ. Ահարանեան Սուլթանին հայրական գութը հայցած է այն ազգին համար որ դարերէ ի վեր Սուլթաններու հովանաւորութիւնը վայելած է?, եւ ցնդած Րէշատը պատասխանած է. §Խելօքցա±ք Հայեր, բայց ուշ...¦: Միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ հաշտութիւնը տօնելու համար, Խալիլ փաշաներու առջեւ սիրուն աղջիկներ ծաղկեփունջերով դիմաւորելու կը ղրկուէին, հացկերոյթներ կը սարքուէին եւ Թուրքերու հետ խրախճանութիւններ կþընէին: Այս բոլորը կրցա±ւ ոեւէ օգտակարութիւն մը ունենալ, ասոնք յաջողեցա±ն գազանին ախորժակը կասեցնել, ընդհակառակը այս ստորնացնող բոլոր դէպքերը ա°լ աւելի կատաղեցուցին զանոնք եւ այսօր ահա կրկին ականատես կþըլլանք Թուրքերու` Հայոց հանդէպ բռնած ընթացքին: Թերթերու կողմէ տրուած այն լուրը թէ անգլիական սպառնալիքի կամ խնդրանքի տակ հեռացած եմ Զանգեզուրէն, բոլորովին սխալ է: Ես հեռացած եմ որոշ քլիքի մը կատարած անվերջ դաւադրութիւններուն, խոչընդոտներուն եւ զիս ու իմ զօրաբանակս քայքայելու համար ըրած խաղերուն պատճառաւ: Արիւն կը հոսէր սրտէս ինծի հետեւողներուն, տեղի ունեցող այս բոլոր գայթակղեցուցիչ պարագաներուն եւ ի զուր կոտորուող Հայ ժողովուրդին համար: Երբոր Էջմիածին հասայ, Զօր. Պիչի միջոցաւ զիս համոզել կþուզէին որ մնամ: Բացարձակապէս յայտարարեցի թէ դաւադիրներուն հետ չեմ կրնար ընկեր դառնալ: Ճիշդ այս միջոցին էր որ Երեւանի փողոցներուն մէջ 170 մարդ կը մեռնէր, հայը` հայուն ձեռքով սպանուած:
- Նախ. Ուիլսընի գծած սահմանագծին համեմատ կարելի պիտի ըլլա±յ գրաւել Թրքահայաստանը:
- Չեմ գիտեր թէ ի±նչ տարածութեան վրայ գծուած է, միջի±ն, նե±ղ կամ լայն: Չեմ կրնար երեւակայել, եթէ պահ մը ենթադրենք իսկ թէ թրքական կանոնաւոր զօրք չկայ եւ երկրին մէջ Քիւրտերը որքան զինուած մարդ ունին, եթէ արտաքին դաշնակիցներու ճնչումը չըլլայ, մեր արդի Հանրապետութիւնը իր ներկայ 20,000 ոյժերով չի կրնար առաջխաղալ այդ նահանգները գրաւելու համար: Այդ երեք նահանգները եւ Կովկասի Թաթարները զսպելու համար առնուազն 60 հազար զօրք պէտք է, որմէ 20 հազարը Կովկասահայաստանի եւ 40 հազարը Թրքահայաս-տանը գրաւելու: Այս արշաւանքը կատարելու համար պէտք է 10 հազար ձի, հրետանի, վերջապէս պատերազմական ամէն տեսակ պիտոյք: Այս վայրերը կը գրաւուին այն ժամանակ, երբ օտարականները մեր պահանջքներուն բաւար-արութիւն տան եւ գործին վերին քօնթրօլը իրենց վրայ առնեն եւ միւս կողմէ այս-օրուան կամ վաղուան Ռուսաստանը համակրի Հայաստանի եւ թողու այն հողամա-սը որ այժմ գոյութիւն ունի:
- Հ.Հ. ներքին տնտեսական վիճակի մասին ի±նչ է ձեր կարծիքը:
- Մր. Վիքրիէ, ¥Նպաստամատոյցի քարտուղար որ վերջերս Բարիզ հասած էր Կովկասէն¤ ստացած տեղեկութեանցս համեմատ Հայաստան համահաւասար բա-ժանումով ունի 8 ամսուան ուտելիք, որով 4 ամիս կը մնայ բացը: Ո±վ պիտի հոգայ, Ամերիկա պիտի շարունակէ±. եթէ շարունակէ զոհերու թիւը քիչ պիտի ըլլայ, հակա-ռակ պարագային լաւ չեմ տեսներ ապագան: Այս տիրող անստուգութիւնը չբաւեր, կը տեղեկանամ թէ դեռ կþաշխատին Կիլիկայէն Երեւան Հայ ժողովուրդ փոխադրել, ի±նչ միջոցներով եւ ի±նչպէս պիտի կերակրեն հոն գտնուած քաղցածներու վրայ աւելցնելով նաեւ նորեր: Անոնց նպատակը որոշ է, կþուզեն այդ փոխադրութիւններն ընել, որպէս զի Հայութեան բոլոր ուշադրութիւնը Երեւանի վրայ կեդրոնացնեն:
- Ի±նչ կարծիք ունիք այժմու ղեկավարներուն վրայ:
- Կը ցաւիմ ըսելու որ ոչ մի փորձառու մարդ չունին, զուրկ են բացարձակապէս կարող գլուխներէ: Մինչեւ որ արտասահմանի մէջ գտնուող բոլոր արժէք մը ներկայացնող Հայերը Երեւան չհամախմբուին եւ չկազմուի պետակա-նութենէ հասկցող, ուժեղ անձնաւորութիւններէ կառավարութիւն մը, միեւնոյն ժա-մանակ այս կամ այն պետութեան հովանաւորութիւնը չապահովուի, մեր վիճակը ապահով չկրնար դառնալ:
- Ի±նչ տպաւորութիւն կրեցիք ձեր այցելած երկիրներու հայ գաղութներէն:
- Վա°տ, վա°տ, բաժան բաժան, կուսակցական կռիւներու պատճառաւ, ամէնքն ալ հաւու կրկռոցներ են, գործ, վերաշինութիւն նշանակութիւն չունի անոնց համար: Կուսակցական հաշիւը ամէնքէ բարձր տեղը կը բռնէ, նախ կուսակցութիւնը եւ ապա Հայ ազգը, ես այս տեսայ ամէն տեղ ուր որ Հայ գաղութ մը գոյութիւն ունի եւ Հայ ժողովուրդը մեղաւոր չէ, կուսակցութիւններն են որ զայն բաժան բաժան կþընեն: Եւ լաւ գիտցէք, ուր որ ոյժերու ամփոփում չկայ, չկայ եւ յաջողութիւն:
- Ի±նչպէս կը տեսնէք ապագան:
- Հայաստանի ապագան մութ է: Այն բոլոր պետութիւնները որոնք տեֆաքտօ եւ տե ժիւրէ ճանչցան մեր երկիրը, արտաքին երեւոյթի տակ համբոյր մըն է որ շնորհեցին մեր նորածին հանրապետութեան, միմիայն աշխարհը խաբելու նպա-տակով, այն վայրկեանին որ իրենց շահերը տարբեր կերպարանք մը ստանան` պիտի զոհեն ամէն բան` Ռուսաստանին: Ռուսաստանը պիտի ըլլայ ամենավերջին խօսողը, պօլշէվիք թէ հանրապետական, ընկերվարական թէ կայսերական, ի°նչ այլափոխութեան մէջ ալ ձուլուի, անորն է վերջին խօսքը... Այս բոլորը, անցեալն ու ներկան, տարիներու պատմութիւնն է, երկար եւ անվերջ մանրամասնութիւններով, որոնց մէջ մխրճիլ կարելի չէ այստեղ, կը թողում ժողովուրդին այս բոլորին դատո-ղութիւնը ինքը կատարելու: