Jump to content

Ինչ որ կըսեմ, կըսես՝ ինչո՞ւ…

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Ինչ որ կըսեմ, կըսես՝ ինչո՞ւ…



Ինչ որ կըսեմ, կըսես՝ ինչո՞ւ…
Ինչո՞ւ, փոքրիկ, քեզ ցավցնեմ
Պատասխանով ինչուներու,
Ինչո՞ւ հոգիդ, սպիտակ թուղթ,
Ես մրոտեմ այսքան կանուխ,
Բայց հակառակ քեզ խորհելուս,
Կըսես դարձյալ՝ հայրիկ, ինչո՞ւ…