Jump to content

Լէվէնտին կանկատը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ԼԷՎԷՆՏԻՆ ԿԱՆԿԱՏԸ


Քէմէնչէին քանի՛ աւելի տիւզէն տաս՝ ծանր

ա՜նխատար ամուր կէլլէ։

Հալխին խօսքը


Ա՜խ, ասված, քեզմէն ես շատ իմ անգոհ,
Վօր անխելքութեան էղիլ իմ ես զոհ,
Աս կէնճ օրերէս մինչ իմ ծերութը
Չորս քօվիս մարթոց պիտ շարժիմ գութը...

Վօտքէս կօլօխըս նայիս՝ շէնքով իմ,
Կօլօխէս վօտքըս` էշշեկ ու կով իմ,
Խելքի ախքատ իմ, լուզու եալ չունիմ,-
Փախըլկոտ հօքի, շար սիրտ ի՞նչ անիմ։

Պան ասիլ կուզիմ՝ կիտութին չիկայ,
Նորէն սօրվելու մէչըս ուժ չի կայ.
Մոլըրված աչքըս սաղ-սօլ կըտառցնում-
Մարթոց մըսխըլկոտ էրես կըտեսնում։

Սիրտըս փիթուն օր բորբոք-բորբոք է,
Չարկամութինէս հօքիս մորմոք է,
Չարախօս լուզուս վօր հանիմ մէյտան,
Չամուռին մէչը ավել կխորկընամ...

Ա՜խ, պապա՛, պապա, ի՞նչ անիմ ըստակ,
Եփ հալխին տիմաց էղայ խայտառակ...
Օրթուտ ան օրը սաղ-սաղ մօրթեցիր,
Եփ նարան քեզի տուն լըմանցուցիր։


Էվէլքի ատէն ծընած ըլլայի,
Քախքիս էնկ-թէօյֆէ փեսան պիտ ՛լայի,
Ամա, վա՜յ կուլխուս, շընտըխվա ատէն
Ուրիշ բունութիւն կուզին լէվէնտէն։

Տիզ ճամփայ ցուցնօղ չունիմ պարեկամ,
Վիզըս ճըկելու պէթէր կամընչնամ,
Չարը պարիէն ես ի՞նչպէս ճօկիմ,
Վօր հէ՛մ խելք, հէ՛մ ալ տատմունք ես չունիմ...

Ճէմը էրկու սուտ պարեկամ ունիմ,
Ու նացա ծեռքը ֆըստըռմա շուն իմ,
Իրենց տուշմանին կըցուցնուն մատով,-
Կըհաչիմ, կըմնամ տայմա ամօթով։