Օր մը փոքրիկն սիրուն Գուրգէն
Կ՚ըսէ իւր հօր. —Փերեզակէն
Ժամացոյց մ՚առ, հա՛յր, ինձ աղւոր,
Շատ կը սիրեմ քեզ իրաւոր:
Հայրն աշխուժիւ զինքն համբուրէ,
Կ՚ըսէ, —Մանչս դու համբերէ
Որ ժամացոյց մ՚առնեմ ոսկի,
Բայց հնազանդէ քու մօր խօսքի:—
Իւր խոստումը շուտ կատարէ,
Նոյն իրիկուն հայրը բերէ
Մի ոսկեզօծ ժամացոյց նոր,
Եւ խնդալով կուտայ անոր:
Փոքրիկն առած ժամացոյցը
Քիչ մը դիտէ, դնէ ծոցը
Հետաքրքիր է, կ՚ուզէ նա
Որ մեծ գաղնիքն այն իմանայ։
Երբ չըշարժես այդ մեքենայ՝
Սլաքն անշարժ միշտ կը կենայ,
Ուստի փոքրիկն միշտ կ՚երերայ
Նստած իւր հօր ծնգաց վերայ։
Հայրն անհանգիստ կը հարցնէ
—Ինչո՞ւ իրանն կերերցընէ,
Երբ ժամացոյցն ձեռքն է առած
Աչքերն ուշիւ վըրան յառած—։
«Հա՛յրիկ, կ՚ըսէ, էհ, ի՞նչ ընեմ,
«Եթէ հիմա ծոցըս դընեմ,
«Աենեւին նա չը չարժիր,
«Ի՞նչ, ՚տի լարե՞մ ամեն իժիր»:
Զայս ըսելով նա սրդողած
Մէկղի կերթայ հայրը թողած,
Եւ ժամացոյցն ալ կը նետէ՝
Գոչելով թէ «ասի սո՜ւտ է»:
Հայրը կը կանչէ փոքրն անառակ
Եւ շատ կ՚ըսէ խըրատ, առակ.
«Այլ թէ չես դու կատարեալ մարդ,
Չունի օգուտ լաւն իսկ, չէ՛ մարթ»: