Jump to content

Կեղծ հանճարներ/Դ․

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Դ․

— Նստեցէք, ըսաւ վերջապէս կուպրով ծածկուած պատուանդանը ցուցնելով որուն վրայ հաստատուած էր երրորդ կարգի ճամբորդներու վրանը։

Տաճատ վարանող եւ անորոշ շարժում մը ըրաւ, այն ատեն Բարսեղի հոգիին մէջէն դղրդեցաւ մշտնջենական ցաւը. անմիջապէս հասկցաւ իր եւ քաղքենիին տարբերութիւնը. իր բեռերու տակ կքած ողնայարը ի զուր վեր բռնելու պիտի ճգնէր, իր ծառայութեան տարիները այնպիսի անջնջելի հետքեր ձգեր էին իր անձին վրայ որ միշտ բնազդով եւ խորապէս նսեմ պիտի զգար ինքզինքը լաւ հագուած երիտասարդի մը քով, քիչ մը առաջ ինչպէ՛ս մոռցեր էր ասիկա, վերջալոյսին տիրական գեղեցկութիւնը հոգին լուսաւորած էր իր ամէն խորշիկներուն մէջ եւ բնութեան հետ լոյսով եւ գեղեցկութիւնով հաղորդակից՝ մոռցեր էր բոլորովին իր մարդկային ճակատագրական եւ անողոք իրականութիւնը. հակառակ հորիզոնին վրայ բոցավառող արեգակին իր աչքերը մթին եւ խոնաւ էին եւ անոնց խորքին մէջ զարմանալի նշոյլ մը կար պլպլացող եւ անհանգստող. այն նշոյլը ցանկութիւն էր քան հպարտութեան անբռնաբարելի զգացումը, անոր մէջ ըմբոստացում կար եւ անսահմանելի արհամարհանք մը, բայց թէ մանաւանդ խորունկ անչափելի ցաւ, սաստիկ եւ անողոք որ ջղաձգօրէն թարթափել կուտար իր թարթիչները։

Բարսեղի այդ պրկուած դէմքը, դուրս երկնցած կզակը եւ մանաւանդ այդ մթին բոցը աչքերուն բոլորվին տարբեր տպաւորութիւն ըրին Տաճատին վրայ. այդ վայրկեանէն Բարսեղ առանց իր իսկ գիտնալուն այնպիսի ազդեցութիւն մը ունեցաւ որ պիտի տեւէր մինչեւ ետքը, երկվայրկեան մը Տաճատին մտքին մէջէն տարակոյսը անցաւ իր իսկ կարողութեան վրայ եւ զարմանալի բան, ամչցաւ իր ճերմակ եւ մաքուր ձեռքերէն, իր բաց գորշագոյն հագուստէն, իր նուրբ ճերմակեղէնէն, եւ թերեւս ներքին զգացումի մը հետեւելով պիտի նստէր կուպրով ծածկուած պատուանդանին վրայ, երբ Բարսեղ յանկարծ իրեն դառնալով ըսաւ չոր եւ տիրական ձայնով մը.

— Լաւ, լաւ դուք չէք կրնար նստիլ հոս, ոտքի վրայ մնացէք. հետզհետէ սակայն արուեստագէտի հպարտութիւնը վստահութիւն տուաւ Բարսեղին եւ սկսաւ խօսիլ իր գործին, իր երազներուն, իր դիտողութիւններուն վրայ։

— Կը տեսնէք, երբէք նիւթականապէս գոյնը լոյսին թափանցկութիւնը չտար. երեկոյեան մանաւանդ երբ արեւը անհետացած է եւ շուքերը որոշ չեն, ամեն գոյն եւ ամեն ձեւ զարմանալի թափանցկութիւն մը կ՚առնեն՝ որ անկարելի է գրեթէ թանձր եւ իւղոտ նիւթերով յառաջ բերել. այնպէս չէ՞, ինչ որ ջանքերով կ՚ստանանք բոլորովին յարաբերական բան մըն է։

Տաճատ միշտ բնութիւնը ընդնշմարելու վարժուած քան թէ ուշադրութեամբ դիտելու իր բոլոր երեւոյթներուն մէջ՝ ընդհանուր եւ առաձգական բաներ կ՚ըսէր, մինչեւ որ մոլորէր մտքին այն անել թարթափումներուն մէջ որ աստիճանաբար զինքը կը հեռացնէին բուն նիւթէն. իր ոճին իսկական թերութիւնն էր ասիկա որ շատերուն խորութեան պատրանքը կուտար. ասիկա լաւ էր մայրաքաղաքացիներուն համար, որ խօսքի կամ բառի (առանձինն առնելով) խաբուսիկ շնորհէն կը հրապուրուին եւ նոյն իսկ տեսակ մը վանկերու հաճելի հնչակութիւնը շատ մը իմաստներու տեղ կը բռնէ, բայց Բարսեղ իր առողջ եւ պայծառ մտքով հեռու էր ճաշակելէ ասիկա եւ յաճախ կը կրկնէր անկեղծօրէն։

— Բայց ատիկա մեր նիւթէն դուրս է բոլորովին եւ կամ թէ՝ ես բան մը չհասկցայ։

Այն ատեն Տաճատ մեծ մարդու արհամարհող ժպիտը կը գտնար, բայց անմիջապէս Բարսեղին հարցնող աչքերուն առաջքը ձայնը բոլորովին կը խղդուէր եւ խօսքը կը վերջացնէր թոթովելով։

Այլեւս գորշ շուք մը իջած էր ծովուն մէջ եւ ալիքները մթին կը բարձրանային վետվետալով. թեթեւ մրմունջ մը կը բարձրանար ծովէն եւ կղզիները ու կղզեակները կը մթննային, կը ծանրանային եւ հետզհետէ հեռաւոր կը թուէին. շոգենաւին մէջ ասդին անդին պզտիկ լոյսեր սկսան պլպլալ. Բարսեղ իր շինած պատկերները կը ցուցնէր Տաճատին. բոլորն ալ բնութեան վրայէն étudeներ. յետոյ աւելի երկչոտութեամբ մէջտեղ բերաւ ամբողջ կարգ մը ձեռքեր եւ ոտքեր գծագրուած։

— Օ՜հ, ասոնք ոչի՛նչ, դեռ գեղարուեստից վարժարանը չէի երթար, երբ իրիկունները սենեակս կ՚առանձնանայի՝ ածուխի կտորով մը ոտքս կամ ձեռքս կը գծէի. ուրիշ մօտէլ չունէի, ի՞նչ կրնայի ընել։

Տաճատ արհամարհանքով կը ժպտէր. նոյն միջոցին առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներու ընթրիքին զանգակը զարկաւ. Տաճատ ձգեց ձեռքի թուղթերը եւ պիտի հեռանար երբ նաւապետը հոնկէ անցնելով կեցաւ իրենց մօտ։

— Ի՞նչ նայելու վրայ էք տեսնեմ, եւ Բարսեղին թոյլտուութեան վրայ գծագրուած ոտք մը առաւ եւ դէպի լոյսին դառնալով դիտեց.

— Բայց, գիտէ՞ք որ շատ լաւ է ասիկա, շատ դիտողութեամբ եւ ճշտութեամբ գծուած, դո՞ւք գծած էք տղաս։

Բարսեղին հաստատական պատասխանին վրայ նաւապետը զարմացմամբ նայեցաւ գաւառացիին եւ բարեկամաբար ձեռքը ուսին դրաւ.

— Գիտէ՞ք տղաս, ես շատ կը սիրեմ գեղարուեստները, կ՚ուզէ՞ք ինծի հաճոյք մը պատճառել. առէք բոլոր այս թուղթերը եւ եկէք ինծի հետ ընթրելու, վերջը մէկիկ մէկիկ կը նայինք ասոնք եւ դիտողութիւններս կընեմ եթէ կը ներէք։

Բարսեղ յուզմունքէն կը դողար, ակռաները կը կափկափէին. այդ մէկ քանի խօսքերը զինքը հրճուանքով եւ հպարտութեամբ լեցուցին. մէկու մը կը նմանէր որ երկար ատեն ծարաւէ տառապելէ ետքը, շրթունքը անգիտակցաբար գաւաթի մը եզերքը կը դնէ եւ կ՚զգայ բարերար հեղուկը. այդ միջոցին այնպիսի անձնուիրութիւն մը կ՚զգար նաւապետին նկատմամբ՝ որ պատրաստ էր մեռնիլ անոր համար, ու երեսէն վար առանց իր գիտնալուն արցունքները կը վազէին. նաւապետը րոպէ մը խօսէի բռնուեցաւ Տաճատին հետ, մինչեւ որ խեղճ գաւառացին իր թուղթերու ծրարը հաւաքեց հագուստին եզերքներէն քաշեց վար ամէն կողմէ, լաւ երեւնալու միամտութեամբ, փողկապը՝ որ մէկ քով գացած էր՝ իր ջղուտ եւ կարճ վզին վրայ ճիշտ թուշին տակ բերաւ եւ գրեթէ տղայական հոգածութեամբ մը ծայրերը տեղաւորեց բաճկոնին մէջ եւ քառթօնը թեւին տակ, իր կոշկտացած եւ թխացած ձեռքերը իրարու վրայ փորին դրած եկաւ կեցաւ նաւապետին քով։

— Եկու տղաս, ըսաւ նաւապետը եւ զինքը յառաջացուց. այն ատեն յուզմունքին եւ երջանկութեան մէջ Բարսեղ դողդողացող ձայնով մը ըսաւ Տաճատին.

— Միասին պիտի ըլլանք այնպէս չէ՞։

— Ոչ, պատասխանեց այս վերջինը չոր եւ կտրուկ ձայնով մը եւ ակնթարթի մը մէջ աներեւոյթ եղաւ երկրորդ կարգի սրահին մէջ։

Ճամբորդութեան մնացեալ օրերը օդը փոխուելով շոգենաւը տատանեցաւ մինչեւ Լիոնի ծոցը. Տաճատ ծովէ բռնուած ըլլալով գրեթէ իր խցիկէն դուրս չելաւ, բայց իմացաւ որ Բարսեղ նաւապետին թոյլտուութեան վրայ առաջին կարգի խցիկ մը փոխադրուած էր. այս պարագան ինքնին շատ չնչին եւ սովորական, մեծ տպաւորութիւն ըրաւ Տաճատին վրայ, անգիտակցաբար ներքին անդիմադրելի յարգանք մը եւ նոյն իսկ երկչոտութիւն մը զգաց իր ազգակցին նկատմամբ. անոր ֆիզիքական ուժը եւ մանաւանդ թէ մտքին եւ արուեստին արտայայտման մէջ դրած ուղղութիւնը եւ պայծառութիւնը զինքը կը շփոթեցնէին, զինքը նեղը կը դնէին. բնազդով հասկցաւ անոր գերազանցութիւնը հակառակ արտաքին երեւոյթներուն. այն երկար ժամերուն որ խցիկին մէջ անցուց կռնակին վրայ երկնցած անկողնին մէջ, երկարօրէն մտածեց այս բաներուն վրայ, եթէ բնաւ չխոստովանեցաւ իւր անձին տկարութիւնը գաւառացի տղուն քով, վայրկեան մը եղաւ սակայն որ անորոշ տարակոյս մը սպրդեցաւ մտքին մէջ, իր մեծութեան զգացումը պահ մը դղրդեցաւ. ասոր նպաստեցին նաեւ բնութեան երեւոյթները։ Միջերկրականի մէջ փոթորիկը այնքան մեծցաւ որ իր խցիկին բոլորակ պատուհանը միշտ ողողուած կը տեսնէր փրփուրով եւ կանաչորակ կոհակներով ու գիշերները ֆոսֆորային լոյսեր պզտիկ կայծակներու պէս սողոսկելով ամէն կողմին տատանող շոգենաւին եզերքին, զինքը սարսափով եւ անձկութեամբ կը լեցնէին. միշտ առողջ, միշտ գովուած եւ շփացած, երբէք չէր խորհած մահուան եւ անէացման վրայ. եւ յետոյ մեծութեան զգացումը այնքան գրաւած էր իր միտքը իր ամէն երեւոյթներուն մէջ, որ տեղ չէր ձգած ուրիշ մարդկային զգացումներու, հեռաւոր սարսափ մը կար թէեւ իր հոգիին մէկ անկիւնը թառած վերջնական անյեղլի օրէնքին համար, բայց ասիկա տարտամ եւ անձեւ բան մըն էր. բայց փոթորկոտ գիշերներուն մէջ՝ ծովուն անհունութեամբը պաշարուած այդ գաղափարը բանաձեւուեցաւ. եւ առաջին անգամ ըլլալով ինքզինքը պզտիկ եւ չնչին զգաց։

Շատ հաւանական է որ` այս զգացումը միանալով Բարսեղին կրած տպաւորութեան, իր բարերար ազդեցութիւնը ընէր եւ հակազդեցութիւն մը յառաջ գար իր մտքին մէջ, բայց անակնկալօրէն պարագաները արգելք եղան բոլորովին. ճամբորդութեան վերջին օրն էր եւ առաւօտեան դէմ յանկարծ ծովը հանդարտեցաւ. ալիքները տափակցած եւ դեռ բոլորովին փրփուրոտ կը սահէին մեղմօրէն տարօրինակ մրմունջով մը, կարծես թէ բռնի զսպուած ըլլային իրենց կատաղութեան մէջ. բարակ եւ ցուրտ անձրեւ մը կը տեղար եւ գորշագոյն ու մառախլապատ երկինքը այնքա՛ն ցած կը թուէր որ կայմերուն գագաթները չէին երեւնար. հեռուն հորիզոնին վրայ միայն սատափի ճերմակութեամբ գիծ մը կ՚երեւէր որուն վրայէն սեւ եւ անձեւ ամպեր արագօրէն կը փախչէին։

Այլ սակայն շոգենաւը հանդարտօրէն կը յառաջանար եւ բոլոր ճամբորդներն ալ հաւաքուած սրահներուն մէջ թղթախաղով կամ խօսակցութեամբ զբաղած էին, հետեւեալ առաւօտուն կանուխ Մարսիլիա պիտի հասնէին եւ նաւապետը փափաքեցաւ հացկերոյթ մը եւ երեկոյթ մը տալ առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներուն. երբ ճաշացուցակը պատրաստուեցաւ, նաւապետը խնդրեց Բարսեղէն որ (en têtê) մը նկարէ։ Մինչեւ ցարդ Բարսեղ բնութեան վրայէն աշխատած եւ միայն étudeներ ըրած՝ բաւական ճկունութիւն եւ դիւրութիւն չունէր երեւակայութեամբ բան մը շինելու, անոր համար հարցուց միամտութեամբ.

— Ի՞նչ կ՚ուզէք որ շինեմ։

— Ծաղիկներ, պտուղներ, վերջապէս ի՛նչ որ կ՚ուզէք. ձեր արուեստագէտի քմահաճոյքին կ՚ապաւինինք։

Տաճատ թղթախաղին հետեւելու երեւոյթով մտիկ կ՚ընէր նաւապետին եւ Բարսեղին խօսակցութեանը. հասկցաւ որ Բարսեղ գրիչի հարուածով մը de chic բան մը մէջտեղ հանելու անկարող էր. քիչ մը ետքը երբ Բարսեղ մտածկոտ երեւոյթով կամրջակին վրայ ելաւ՝ ինքն ալ հետեւեցաւ անոր։

Քանի մ՚օրուան փոթորիկը ամէն բան աղտոտեր, տակն ու վրայ էր ըրեր. կայմերը եւ շոգենաւին բոլոր կազմածքը աղով ծեփուած ճերմակ կ՚երեւէին. խումբ մը նաւաստիներ բոպիկ ոտքերով եւ մերկ բազուկներով, կը մագլցէին ամէն կողմ, եւ մեծ աշխուժութիւնով շոգենաւին արդուզարդին կ՚աշխատէին։ Բարսեղ ապրանքներու հակի մը կռթնած ուշադրութեամբ կը դիտէր. իր աչքերը կը խնդային երիտասարդ եւ ճկուն անդամներու շարժումներուն, քանի օր է որ անգործութեան դատապարտուած՝ աշխատութեան եւ շարժումի պէտք կ՚զգար իր ընդարմացած մկանունքներու մէջ եւ ինչքա՜ն մերձաւոր եւ եղբայր կ՚զգար ինքզինքը այդ աշխատողներու դասակարգին հետ քան բարեկեցիկ ճամբորդներու որոնց հետ ընկերելու հրաւիրուած էր. միեւնոյն ատեն կարծես իր բոլոր երկչոտութիւնը եւ միամտութիւնը կ՚անհետանային եւ հետզհետէ գիտակից կը դառնար իր վիճակին, իր կոչումին, վայրկեան մը իր կացութեանը հպարտութիւնը ունեցաւ, իր չարքաշ եւ տաժանելի կեանքին հպարտութիւնը եւ հասկցաւ տառապանքին բոլոր գեղեցկութիւնը եւ դառն գեեցկութիւնը բեռերու տակ ճնշուած հոգիներուն. այդ ջանքերու եւ աշխատութեան տակ ձգտուած մկանունքները, պրկուած բազուկները, կքող հասակները, մագլցող սրունքները ինքն ալ ունէր, այդ աղի օդէն եւ արեւէն սեւցած եւ խորշոմած դէմքերուն մէջէն հեւացող կուրծքերուն եւ ուժէ վեր ջանքերուն ներքեւ ջլատուող անդամներուն մէջէն ազգականութիւնը եւ եղբայրութիւնը զգաց տքնող մարդկութեան։ Նոյն միջոցին հեռուէն տեսաւ Տաճատը իր բաց գորշագոյն հագուստին մէջ եւ զգաց որ հակառակ ամէն բանի աւելի օտար էր անոր հետ քան սա նաւաստիներուն որոնց անունը իսկ չէր գիտեր։ Քիչ մը առաջ Տաճատէն գաղափար պիտի ուզէր իր նկարելիքին համար, բայց հիմա մղոններով հեռու կզգար ինզքինքը անկէ եւ իր արագ եւ ուղիղ դատողութեան շնորհիւ անմիջապէս հասկցաւ որ իրենց միտքերը երբէք չպիտի հաշտուէին իրարու հետ. հետեւաբար առանց անոր սպասելու վրանին ներքեւ մտաւ, սնտուկ մը բացաւ եւ գծագրութեան խոշոր թուղթ մը եւ ածուխի կտոր մը առնելով եկաւ ուրուագծելու նաւաստիներուն շարժումները. մէկ կողմէն աշխատելով կը խորհէր ճաշացուցակին վրայ շինելիք պատկերին վրայ. սանկ, կայմեր վերջալոյսի ատեն ցոլքերու մէջ թաթխուած եւ բոցավառ ճաճանչներու պէս, որոնց երկայնքին պրկուած չուաններու վրայ նաւաստիներ կը մագլցին. նոյն միջոցին նաւապետը իր խցիկը պիտի վերադառնար եւ տեսնելով Բարսեղը մօտեցաւ իրեն. Բարսեղ բացատրեց միտքը։

-Աւելի թեթեւ բան մը տղաս, աւելի թեթեւ…։

Իրիկուան դէմ, սրահին մէջ հաւաքուած ճամբորդներէն շրջապատուած Բարսեղ կ՚աշխատէր. Տաճատ ըսած էր իրեն թէ պտուղներ կամ ծաղիկներ աւելի յարմար պիտի ըլլային եւ հիմա կը ջանար իր դէմը դրուած պտուղները ընդօրինակելու պզտիկ թուղթի մը անկիւնը. իր մեծ գիծերու եւ մեծ շարժումներու վարժուած մատները չէին ճկեր փոքրիկ պտուղներ շնորհալիօրէն գծելու, գոյները կը դիզուէին, զիրար կը չեզոքացնէին, քունքերուն վրայ քրտինքի կաթիլները կը խոշորնային եւ զգալի կերպով մատները ծանր եւ անյարմար կ՚զգար, յանկարծ մէկ կողմ նետելով թղթի կտորը՝ Տաճատին դարձաւ եւ գոչեց.

-Անկարելի է, չպիտի կրնամ։

Այն ատեն Տաճատ շտապով առաւ թերթ մը թուղթ, ջրաներկի գոյները շարեց եւ այն զարմանալի դիւրութեամբը որ նշանակած էինք արդէն իր տղայութեան ժամանակէն, վրձինի մէկ քանի հարուածներով ծաղիկի փունջեր շինեց մէկ քովէն ինկած վարդագոյն ծաղկի ողկոյզներով, լայնօրէն բացուող հորգանսիաներով եւ մագլցող վարդի շնորհալի կոկոններով՝ լայն եւ կանաչ տերեւներու վրայ։

Ներկաները հիացած յափշտակեցին ճաշացուցակը եւ նաւապետին տարին. եւ ամբողջ երեկոյթի միջոցին գովուեցաւ շփացաւ իր ճամբու ընկերներէն ինչպէս ժամանակաւ եղած էր դպրոցին մէջ։ Բարսեղ նախ թեթեւ տխրութիւն մը զգաց, բայց Տաճատին յաջողութիւնը զինքը չվիրաւորեց, միայն թէ ճաշի միջոցին, շուարած եւ շլացած այնչափ լոյսերէն, աղմուկներէն եւ հեւ ի հեւ հետեւելով Ֆրանսացիներու սրամիտ եւ արագ խօսակցութեան՝ լուռ եւ միայնակ մնաց անկիւն մը։ Եւ երբ ամենքը իրենց խցիկը պիտի երթային պառկելու համար, գրեթէ կոպիտ շարժումով մը Տաճատին թեւէն բռնեց, կեցուց զինքը եւ թեթեւ մը կարմրելով ըսաւ հաւատքով.

— Կը տեսնես եղբայր, այդպէս գրչի հարուածներով ծաղիկներ շինելը փուճ բան է, ես անկարող եմ ատոր բոլորովին, — եւ շուարած Տաճատին երկնցնելով բռունցքը՝ թեզանիքները սօթտեց եւ ձգտուած մկանունքներով ուժեղ բազուկը ցոյց տուաւ.

— Միմիայն բնութիւնը, կը տեսնա՞ս, իր ամէն երեւոյթներուն մէջ առհասարակ. ես երկայն մտածեցի քու նկարելու դիւրութեանդ վրայ եւ հասկցայ որ անոր համար դուն կրցար այն ծաղիկները շինել երկվայրկեանի մը մէջ, որովհետեւ այդպիսի ծաղիկներ ճշդիւ չկան ոչ մէկ կլիմայի տակ եւ դուն տեսած չես կրնար ըլլալ։

Եւ որովհետեւ Տաճատ նենգութեամբ կը ժպտէր.

— Հիմակ որ այս բազուկս տեսար, մարդկային բեկոր մը, կրնա՞ս ըսել թէ այնպէս շուտով եւ ճիշդ նման բազուկ մը պիտի կրնայի՞ր շինել քանի մը վայրկեանի մէջ մտքէդ։

— Հարկաւ թէ, ըսաւ Տաճատ տատամսելով եւ անվստահ ձայնով։

— Ես ալ այն ատեն պարծենալով կ՚ըսեմ թէ քու շինած ծաղիկներէդ երբէք, երբէք չպիտի կրնամ շինել։

Եւ իրարմէ դժգոհ հեռացան առանց բարի գիշեր մաղթելու։