Jump to content

Կեղծ հանճարներ/Է․

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Է․

Այլ սակայն Տաճատ այս անգամ քաջութիւնը ունեցաւ սեղանին մօտիկնալու եւ երբ կարսօնը իր գլխուն վերեւ կեցած հրամանի մը կը սպասէր, բաւական վստահ ձայնով ապսպրեց իր խահուէն. իր շուրջը աղմուկը այնքան կը բարձրանար ամէն բերաններէ որ Պալըքճեանին խօսքերը եւ բացագանչութիւնները կը կորսուէին բոլորովին. կիները բարձրաձայն կը խնդային իրենց գունաւորուած շրթունքերը զգուշաւորութեամբ պրկելով որպէսի շպարը չը ճաթռտի. միայն Սուրէն Սահակեանին քով նստած սքանչելի գեղեցկութեամբ կին մը լուռ կը կենար եւ կը ժպտէր հանդարտօրէն, իր պարզուկ արդուզարդը, մազերուն շտկուածքը եւ մանաւանդ վճիտ լուսաւոր կապոյտ աչքերուն հանդարտութիւնը ցոյց կուտային թէ ինքը իր դրացի կիներուն դասակարգին չէր պատկաներ. թէեւ առանց իսկ անդրադառնալու այդ տարբերութեան՝ արմուկ արմուկի կը խօսէր եւ մտիկ կ՚ընէր զիրենք. երբեմն միայն իր կաթնային մաքուր մորթը թեթեւ մը կը վարդագունէր եւ աչքերը կը մթթնային իբր թէ ամպ մը անցած ըլլար անոնց կապոյտին վրայէն։

— Սօֆի Կաժէվսքա՛, բան մը ուտել կ՚ուզե՞ս, հարցուց Սուրէն իրեն։

Եւ սեղանին տակէն իրեն ցուցուց քսան ֆրանքնոցը։

Սօֆիին մանկական շրթունքներուն վրայէն անփոյթ ժպիտ մը անցաւ եւ ուսերը թեթեւ մը թօթուեց. ի՞նչ կ՚անցնէր իր ազնուական, չհասկցուած հոգիին մէջէն։

— Ո՛չ ըսաւ կտրուկ ձայնով մը, ես բոլորովին կուշտ եմ։

Այն ատեն Սուրէն կարսօնը կանչեց եւ ինքզինքին համար ապսպրեց գետնախնձորի աղցան մը. Քաֆէ Միւլլէրի մասնագիտութիւնն էր գետնախնձորի աղցանը, որ մասնաւոր համով մը կը պատրաստէին. ամենուն ախորժակները գրգռուեցան եւ քիչ մը ետքը սեղանը ծածկուած էր աղցանով լեցուն սկաւառակներով. միայն Անտօն Եարաեան, Տաճատ Չարըքեան եւ Սօֆի Կաժէվսքա չէին մասնակցեր այս souperին եւ Գաբրիէլ բոլորովին անուշադիր շուրջը անցած դարձածին, ոտքի վրայ, սեւ րէտէնկօթին մէջ փաթթուած, դէմքը տժգոյն եւ մելամաղձոտ, աչքերը վերի կոպերուն տակ թափառուն կը մրմնջէր.

— Լինիլ, թէ չլինիլ…

— Cabotin, cabotin, cabotin… գոչեց Անտօն ինքզինքէն ելած եւ բոլոր կիները՝ բերաննին գետնախնձորով լեցուն չափազանց զուարճացած եւ ոտքերնին չափով մը գետին զարնելով սկսան գոչել.

— Cabotin, cabotin, cabotin…

Իր այս անակնկալ յաջողութեան վրայ Անտօն ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտուտքիլ։ Այս տղան եղերական բան մը ունէր իր երկայն եւ բարակ սրունքներուն վրայ թառած տխեղծ իրանովը եւ սուր ուսերը ցցուած գրեթէ մինչեւ ականջները, իր այդ շարժումին հետեւանքով թիկունքը՝ ոսկրուտ եւ նիհար՝ կը կաղապարուէին հագուստին տակէն եւ իրեն կուտային չարագուշակ եւ գիշատիչ թռչունի մը երեւոյթը. բնութենէն այսչափ անիրաւուած տղան յաջողութեան բուռն փափաք մը ունէր կեանքի ամէն բաներու մէջ. թէեւ բանաստեղծական ճշամրիտ տաղանդով մը օժտուած իր միտքը կցկտուր եւ անկապակից՝ զինքը անկարող կը դարձնէր ամբողջութիւն մը ըմբռնելու. իր բանաստեղծութեան հատուածներն իսկ անկապակից եւ անձեւ էին. բայց սքանչելի տողեր կը շինէր, գունաւոր, կուռ եւ չափազանց արտայայտիչ, թելադրող պատկերներով եւ ապրող՝ իրենց խտացած իմաստի եւ décorative գեղեցկութեան բնածին եւ ուժգին կեանքովը. այսպէս իր միտքը գերագոյն կարողութիւններու եւ անկարողութեան խառնուրդ մըն էր, տեսակ մը հակասական եւ կցկտուր վիճակ որ կ՚երեւէր նաեւ իր խօսքերուն եւ վարմունքին մէջ։ Ինքը հեռու էր գիտակցութիւնը ունենալէ իր մտաւորական անհաւասարակշիռ վիճակին եւ ընդհակառակը ինքզինքին իրաւունք կուտար վէսօրէն արհամարհելու ինչ որ իր մտքին կաղապարէն դուրս կը մնար։ Այդ միջոցին ֆրանսական գրականութեան մէջ յայտնուող խորհրդապաշտ դպրոցին յաջողութիւնը գինովցուցած էր զինքը. Վէրհարէնի ընթերցող էր մասնաւորապէս, առանց ամբողջովին ըմբռնելու մեծ բանաստեղծին intuitif եւ մեծ գեղեցկութիւնով մը հոծ տողերը. միւս կողմանէ սակայն երեւոյթական նոյնութիւն մը ունէին իր հատուածները սքանչելի բանաստեղծին հետ. ասիկայ անգիտակից ենթակայութիւն մըն էր գրելու ձեւի. որովհետեւ Անտօն Եարաեան բոլորովին անկարող էր Վէրհարէնի հանճարին համադրական արժէքը հասկնալու եւ անոր արձանային եւ կուռ տողերուն մէջէն զգալու այն տաք եւ կենսական շունչը որով տաքցած եւ միացած էին պելճիքացի բանաստեղծին բոլոր հատորները իր բոլոր գործերէն ամբողջական շինուածք մը կազմելով. ներշնչումի եւ գաղափարի նոյնութիւն մը, գիտակից եւ մէկ, բոլորովին անմատչելի էր իր պատառատուն ուղեղին. ասկէ զատ Վէրհարէնէն դուրս, գրեթէ տգէտ ժամանակակից ֆրանսական գրականութեան՝ առիթ չէր ունեցած հասկնալու խորհրդապաշտ դպրոցը իր ամբողջութեան մէջ, իր միտքը ըմբոստ ըլլալով՝ ո եւ է շարունակական եւ մէթոտիք ընթերցումի, տարտամ տպաւորութիւն մը կրած էր՝ լսած կամ կարդացած ցանցառ հատուածներէն. իր տաղանդին մասնաւոր յատկութիւնն էր անօրինակ եւ անգիտակից intuitionի կարողութիւն մը. ասոր համար է որ առանց ջանքի եւ մասնաւոր ուսումնասիրութեան իր ոճը իր մէջ կը կրէր գեղեցկութեան մասնակի փուլեր, իր բանաստեղծութիւնները կարելի էր նմանցնել գունագեղ մոզաիքի մը որուն վրայէն խիճեր թափած են եւ պատկերը ամբողջութիւնը կորսնցուցած է. բայց դիպուածաւ մնացած խիճերը առանձին գոյներու եւ ներդաշնակութեան գգուանք մըն են աչքի, թէ հակառակ ամբողջական պատկերի մը պակասութեան` տեսակ մը տարտամ գեղեցկութեան զգայնութիւնը կուտան, բոլորովին զգայարանական հաճոյք մը, գրեթէ կրաւորական։

Այս առաւելութիւնը բոլորովին մոլորեցուցած էր սակայն Անտօն Եարաեանի ընթերցողներէն շատերը եւ հակառակ իր յայտնի մտաւորական պակասութիւններուն՝ զինքը շփացուցած եւ գոված էին. Սուրէն Սահակեան միայն հասկցած էր զայն իր ճշմարիտ արժանիքին մէջ եւ իր տաղանդը սահմանած էր զինքը «Բառերու բանաստեղծ» կոչելով. ջղագրգիռ եւ քենոտ, անյագ յաջողութեան, Անտօն Եարաեան ատելութեան բուռն տագնապներ կունենար անոնց համար որ իրեն չէին հաւնէր, իր վիժած տղու դէմքը անողոք եւ կարծր կը դառնար եւ աչքերուն մէջ ոճիրին կամքը կը յայտնուէր ցուրտ եւ հաստատ ցոլքով մը. իր գիշատիչ թռչունի անախորժ եւ չարագուշակ երեւոյթին եւ խօսելու անընդունակութեան պատճառաւ երկար ատեն թշուառութեան մէջ մնացած էր, այս պարագան աւելի թունաւորած էր իր քենոտ հոգին եւ զինքը չափազանց խորամանկ դարձուցած էր. իր խորամանկութիւնը հաշուուած եւ նրբին՝ օգուտ քաղել կուտար իր կէս յիմարի վիճակէն. երբ բացատրութիւն մը ունենար տալիք եւ կամ որոշ պատասխան մը՝ իր ըրած մէկ արարքին վրայ, կ՚սկսէր կցկտուր բառեր մրմնջել մինչեւ որ խօսակիցը յոգնեցնէր եւ ինքզինքը ազատէր դժուար կացութենէ մը. այսպէսով շատերը զինքը իրաւամբ խենթ կը կարծէին եւ թերեւս ալ ամէն հաշիւ ընելով ճշմարտութիւնը հոգ էր։ Անտօն Եարաեան ամէն պարագային տաղանդաւոր խենթ մըն էր որ երբեմն իր մտքին անհաւասարակշռութեան շնորհիւ իսկ հանճարի ցոլքեր կ՚ունենար արագ եւ վաղանցիկ որ խորապէս կը սխալեցնէր իրեն համակիրները։ Այդ համակիրներէն մէկն էր որ երկու ամիսէ ի վեր յաջողած էր ամսական մը կապել տալ եւ իրեն ապահովցնել նիւթական հանգստութիւնը որով միայն կը խոստանար իր գլուխ գործոցը տալու, բայց անգամ մը որ ազատած էր սոված գայլի մը պէս փողոցէ փողոց թափառելէն, անգամ մը որ ընթրիքը եւ նախաճաշը ապահով զգացած էր եւ կռնակը անցուցեր էր ձեռք մը մաքուր հագուստ, այլեւս պէտքը չէր զգար իր գեղեցիկ տողերը արձանագրելու թուղթին վրայ։

Տաճատ Չարըքեան բնազդով հակակրութիւն զգացած էր այդ կապիկի դէմքով տղուն համար, որուն թունաւոր աչքերը զինքը անհանգիստ կ՚ընէին, միւս կողմանէ իր գրաւած պզտիկ ուշադրութիւնը զինքը կը գայթակղեցնէր եւ մտքովը յուսահատօրէն կը կառչէր սա գաղափարին թէ՝ ասոնք ամենքն ալ բան մը չեն արժեր։ Սուրէն Սահակեան կարծես հասկնալով մտքէն անցածը, երբեմն երբեմն իր տխրութիւնով տոգորուած աչքերը կը բարձրացնէր անոր վրայ որոնց սեւ պլպլացող ցոլքին մէջ կարծես թէ արհամարհանք կար եւ քիչ մըն ալ հեգնութիւն։ Տաճատ՝ այլեւս մեկնելու միջոցին կը խորհէր, բայց ինչպէ՞ս կրնար ձգել որ իր հեռացումէն ետքը ուզածնին ըսեն իր վրայ. այս մտածումէն կազդուրուած հաստատուեցաւ աթոռին վրայ, նոյն միջոցին իսկ լսեց Սուրէնը որ կը կոչէր.

— Մանկիկ, Մանկի՛կ, հոս եկո՛ւր։

Տաճատ զարմացումով ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ Մանուկ Միհրանեանը, չափազանց տժգոյն քաֆէին պոռոտ լոյսերուն մէջ, թեւը առած սիրուն պզտիկ թխորակ աղջիկ մը՝ խանդոտ եւ վառվռուն աչքերով։

— Մանկիկ, Մանկի՛կ…

— Ա՜հ նայեցէք, Լուիզն է, գոչեցին կիները։

Սօֆի Գաժէվսքա որ այլ եւս աղմուկէն յոգնած Իպսէնի Նօրան կարդալու վրայ էր, գլուխը բարձրացուց։

— Ինչպէ՛ս ալ կիները՝ տժգոյն եւ հիւանդկախ մարդերը կը սիրեն, ըսաւ Սուրէն ցանկութեամբ պզտիկ Լուիզին նայելով։

Սօֆի նշմարեց այդ նայուածքը եւ իր մոլեռանդ աչքերուն մէջէն կրկին ամպ մը անցաւ, յետոյ մեղմօրէն գլուխը կախեց եւ ընթերցումը շարունակեց։

— Ա՜խ Մանկիկ, հա՛պա մայրիկդ տեսնայ նէ՜։

— Մայրիկս, մայրիկս… թօթովեց խեղճ տղան։

Ամէն կողմէ կատակներ տեղացին, կիները խանդավառուած ընդհանուր ժխորէն՝ սկսան աւելի բարձր խնդալ եւ ոմանք սեղանին եզերքը նստիլ, ինչպէս ուրիշներ դարձած աթոռներու վրայ. ասդին վերջապէս Սուրէն Սահակեան, Անտօն Եարաեան եւ Տաճատ Չարըքեան միացած կը խօսէին գրականութեան եւ արուեստներու վրայ։

— Բան մը ունիմ ցուցնելիք, բան մը ունիմ, կը գոչէր Մանուկ, երջանիկ եւ գոհ ինքզինքը օգտակար դարձնելուն համար։

Ամենուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացաւ։

— Ցուցու նայի՛նք։

— Գուշակեցէ՛ք։

— Անպատճառ հողը ծախուած է, ըսաւ Սուրէն Սահակեան։

— Ի՞նչ , ի՞նչ, ըսին գաղղիացի կիները։

Հարկ եղաւ իրենց թարգմանել։

Եւ ահաւասիկ յիմարական խնդութեան պահ մը եղաւ. բոլոր կիները մէկանց Մանուկին վրայ յարձակեցան։

— Ըսէ՛ նայիմ, հրեշտակս, ի՞նչ պիտի հրամցնես մեզի…։

Ուրիշներ կը կատակէին Լուիզին հետ…։

— Ասանկ հէ՞, բաղդաւո՛ր, հող կը բռնես ոսկի կը կտրի…։

Մանուկ սակայն կը գոչէր որչափ որ կրնար.

— Բայց չէ՛, բայց չէ՛, մտիկ ըրէ՛ք, լռեցէ՛ք քիչ մը։

Եւ գրպանէն քառթ մը հանելով որչափ որ կարելի է վեր բռնած՝ ըսաւ.

— Ահաւասիկ, ահաւասիկ անակնկալս։

Հակառակ ջանքերուն, քառթը յափշտակեցին ձեռքէն եւ սեղանին վրայ դրուեցաւ։

— Օհօ՜, անկարելի է։

Քառթին վրայ գրուած էր։

Baron Gabriel de Balekdji
Artiste Dramatique

Վայրկեանի մը զարմացումին եւ կասկածին յաջորդեց տեսակ մը արհամարհանք։

— Ո՞ւր է աս farceurը։

Բայց Գաբրիէլ Պալըքճեան շատոնց հեռացած էր. պահ մը կասկածեցան Մանուկին վրայ։

— Իմ դրամս ուրկէ՞ է որ ասանկ կատակ պիտի ընեմ։ Ձեզի կ՚ըսեմ կոր. Գաբրիէլ իր թատրոնին հրաւիրագիրներուն վրայ ալ այսպէս ստորագրած է եւ թէ դեռ չէք գիտե՜ր…

— Ի՞նչ բան, ըսէ, Մանուկ։

— Իմացայ որ ֆրանսացի տիկիններու դիմեր է, ըսելով որ ինքը հայ առաջնակարգ դերասան է, որ մասնաւոր թատրոն մը ունէր Պօլիս ճիշդ Սառա Պէռնարին պէս, թէ այդ թատրոնը մեծ երկրաշարժին փլեր է եւ թէ ծնողքն ալ փլատակներուն տակ մնացեր են…։

— Վայ Պալըքճի, վա՛յ, կը տեսնէ՞ք…։

Անհանգստութիւն մը կար ամենուն դէմքին վրայ. Մանուկ կը կրկնէր մեքենաբար.

— Դուք ան նայեցէք որ տիկիններուն սիրտը գէշ է եղեր եւ հանգանակութիւն մը բացեր են… վայ սատանա՜յ…։

Քիչ մը ատեն հայ տղաքները իրարու երես նայեցան լռին. Սօֆի Կաժէվսքա պահ մը ընդհատուած իր ընթերցումին մէջ, գիրքը ձեռքը առաւ նորէն, իսկ կիները կը շարունակէին բարձրաձայն խնդալ կողերնին բռնած եւ գոչելով.

— Աւելի աղէկ կ՚ըլլար ինքզինքը անուանէր baron de la purée հէ՞։

Ուրիշ սեղաններէ ֆրանսացի երիտասարդներ այդ կիներուն կը հարցնէին իրենց զուարճութեան պատճառը եւ երկու խօսքով լսելէ ետքը իրենց կարգին կը խնդային եւ կը խօսէին. սրճարանը այդ միջոցին այնքան լեցուած էր որ լոյսերուն եւ մարդկային տաքութենէն օդը հեղձուցիչ դարձած էր, պչրոտ կիներէ արտաշնչուած զանազան կարգի fade բուրմունքներ ա՛լ աւելի կը ծանրացնէին մթնլորոտը. սեղաններուն վրայ գունաւոր ըմպելիքներով լեցուն գաւաթներ կը պսպղային եւ իրենց գունագեղ ճառագայթները կը ցոլացնէին հարթ եւ մարմարեայ սեղաններուն վրայ. ամէն ազգէ ուսանողներու հոծ բազմութիւն մըն էր հոն հաւաքուողներու ամբողջութիւնը՝ ուր ամենէն թեթեւ նիւթերէն ամենէն կենսական եւ լուրջ խնդիրներու վրայ վիճաբանութիւններ կ՚ըլլային. բժշկութեան, իրաւագիտութեան, գրականութեան եւ գիտութեանց ուսանողներ, որոնցմէ շատերը կոչուած էին դեր մը խաղալու վաղը իրենց երկիրներուն մէջ. ասոր համար է որ հակառակ այսօրուան անփոյթ եւ երիտասարդական ուրախութիւններուն որ ծիծաղներով կը յայտնուէր, երբեմն ասդին անդին կանխահաս լրջութիւններ, յոգնած աչքեր, լեցուն ճակատներ եւ տժգոյն դէմքեր զարմանալի հակասութիւն մը կը կազմէին։

Այն անկիւնին մէջ ուր հաւաքուած էին հայ ուսանողները, Մանուկի տժգոյն դէմքը կ՚ուրուագծուէր ծխախոտի մուխերէ կազմուած ամպի մը մէջ. այս միջոցին սրտի խառնուուք կ՚զգար եւ Սուրէն Սահակեան զինքը կը կազդուրէր։

— Բան մը չէ մանկիկ, ինքզինքդ բռնէ, վաղը քեզի տօքթէօռ Քօլօլեանին կը տանիմ։ Սուրէն երկար ատենէ ի վեր վարժութիւն ըրած էր զայն մանկիկ կոչել կրճատելով իր բուն անունը։ Մանուկ նախ նեղացած էր այս հեգնական կրճատման դէմ, բայց ինքն ալ վարժուած էր հիմա եւ կը թողուր որ զինքը ծաղրէին, քաշքշէին, բաւական էր որ անոր փոխարէն քովերնին պահէին զինքը ու երբեմն երբեմն պատառ մը հաց տային ուտելու։

Դարձեալ այդ պահուն հակառակ սրտի խառնուուքին որ մեռելի մը պէս ճերմկցուցած էր իր դէմքը, Մանուկ վաղուան հոգէն բռնուած եւ զգալով որ Սուրէնին քով դրամ կար, փոխառութիւն մը կը խորհէր. վերջապէս ըսաւ իր միտքը։

— Հողս ծախուելուն պէս ամենքն ալ պիտի վճարեմ.

Սկիզբները հաւատացեր էին այդ հողի պատմութեան, բայց այլ եւս իրենց sornet մը կը թուէր, կը կարծէին թէ Մանուկ խաբէութեան միջոց մը գտած էր այդպէսով։

— Ամօթ է Մանուկ, ամօթ է, ըսաւ Սուրէն կէս լուրջ կէս ներողամիտ։

Սուրէնին յանդիմանական խօսքերուն վրայ Մանուկի տժգոյն դէմքը աւելի ճերմկեցաւ. իր բարակ եւ անարիւն շրթունքը բառեր կը թօթովէին անհասկնալի. յետոյ դեդեւելով ոտքի ելաւ եւ սեղանը բռնած Լուիզին մօտ եկաւ որ կը խօսակցէր ուրիշ կիներու հետ։ Տաճատ աչքովը հարցուց Սուրէնին Մանուկին վրդովման պատճառը։ Սուրէն անհոգութեամբ ուսերը թօթուեց։

— Ես ի՞նչ գիտնամ, ըսաւ բռնազբօսիկ ժպիտով մը։

Ճշմարտութիւնը այն էր որ այդ հողի խնդիրը իրականին մէջ գոյութիւն ունէր եւ Մանուկ հեռու էր շահագործելէ մտածին բան մը. իր միամտութեան մէջ չէր տարակուսած մինչեւ հիմա որ կասկածի ներքեւ կը դնէին իր խօսքերուն ճշմարտութիւնը։ Սուրէնի խօսքերը խորապէս վիրաւորած էին զինքը։ Հիմա իր Լուիզին քով ապաստանած կը խորհէր շատ մը բաներու վրայ. հօրը մեռնելէն քիչ ետքը Մանուկին մայրը կը գրէր իր տղուն թէ Կէտիկ Փաշայի կողմերը հող մը ունին որ պիտի ծախէ եւ ասով միջոց պիտի տայ որ իր սիրական զաւակը ուսումը շարունակէ։ Տիկին Միհրանեան դպրոցասէր տիկնանց վարժարանէն շրջանաւարտ, փառասէր եւ մեծամոլ կին մը եղած էր եւ անոր համար էր որ հաճած էր ամուսնանալ իրմէ շատ աւելի տարիքով մարդու մը հետ որուն համար կ՚ըսէին թէ հարուստ է։ Ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետքը անդրադարձեր էր թէ այդ գովուած հարստութիւնը հազիւ թէ բարեկեցիկ կեանք մըն է իրականութեան մէջ. յուսախաբ, տխուր, տիկին Միհրանեան հոգեկան շատ ջլատիչ վիճակի մը մէջ, առանց սիրոյ եւ առանց համակրանքի ամուսնութենէ մը ունեցած էր իր տղան. եւ ահա իր բոլոր փառասիրութիւնը տեղափոխած էր զաւկին վրայ. անկէ ետքը անձնուէր, բարի մայրը եղած էր իր տղուն նայուածքին եւ ժպիտին մէջ ապրող. իր տաք գուրգուրանքովը պարուրուած, տղան տխեղծ եւ վտիտ կը մեծնար սակայն. պատանեկութեան մէջ ծանր թոքատապէ մը բռնուած հազիւ թէ մահուընէ ազատած էր, բայց երիտասարդութիւնը կ՚սկսէր աւելի տժգոյն եւ տկար. զինքը խնամող բժիշկը լուրջ կասկածներ ունէր թէ հիւանդութիւնը հետքեր ձգած է. յետոյ սակայն Մանուկ կը փոխուէր, գոյները կը վերադառնային, տեսակ մը առոյգութիւն եւ կորով կ՚ստանար. նոյն միջոցին մայրը կը վերսկսէր իր փառասիրական երազներով օրօրուիլ. իր տղուն առնական երեւոյթը յոյս եւ քաջութիւն կուտար իրեն։ Այդ միջոցին է որ զինքը կը ղրկէր Բարիզ, մասնագիտութեան մը հետեւելու։ Մինչեւ այն ատեն Մանուկ այնչափ իր մօրը քղանցքին ներքեւ ապրած էր որ նորստացիկ աղքատութիւնը չկրցաւ գործածել. երկար ատեն սրճարան չէր երթար, ըմպելիք չէր խմեր եւ կիներէ հեռու կը մնար. երբ իր ընկերները զինքը կը հրաւիրէին ո եւ է զուարճութեան, խեղճ տղան մտքէն կը խորհէր թէ մայրիկը թոյլ պիտի տա՞ր եթէ հոս ըլլար. միամիտ եւ չափազանց բարի, յաճախ բարձր ձայնով ալ կ՚ըսէր ընկերներուն.

— Մայրիկս ի՞նչ պիտի ըսէր եթէ գիտնար։

Ասոր համար զինքը յաճախ կը քաշքշէին. հետզհետէ ուսանողի կեանքը մոռցնել տուած էր իրեն մօրը պատուէրները, բայց կը բաւէր որ իր զուարճացած կամ կնոջ մը ժպտած պահուն ընկերներէն մէկը ըսէր.

— Մանուկ, մայրիկդ ի՞նչ պիտի ըսէր եթէ տեսնար։

Խեղճ տղան իր կամքը մօրը քով ձգած էր կարծես, ամէն պարագային ճշմարիտ մանկիկ մըն էր, որբացած, անխնամ, անսէր, պզտիկ տղու մը պէս ցաւագին եւ արցունքոտ աչքով։ Հօրը մահուընէն ի վեր չքաւորութիւնը եւ զրկանքները քիչ մը կամք գրած էին հոգիին մէջ, եւ իր ապրուստը ճարելու պէտքը, օրը օրին, տաժանելիօրէն հասունցուցած էր զինքը աստիճան մը. հիմակ այլեւս չէր վախնար թեւ թեւի երեւնալու իր պզտիկ բարեկամուհիին հետ, անձնուէր եւ սիրուն Լուիզին հետ որ քիչ մը ծիծաղ, քիչ մը եռանդ բերած էր իր երկչոտ եւ տխուր տղու կեանքին մէջ։ Եւ ահա վերջապէս իր ականջին, վարժուած արհամարհանքներու, գէշ կը հնչէին Սուրէնին խօսքերը եւ հոգիին խորէն տեսակ մը սարսուռ կ՚զգար։

Անիրաւուած մարդու ըմբոստացումն էր թէ սրտին ցաւը, անողոք, բռնաւոր որ երկար քունէն կ՚արթննար իր կուրծքին մէջ, ուժովցած՝ չքաւորութեան երկար եւ տաժանելի օրերէն։

— Լուիզ, գէշ կ՚զգամ կոր, երթանք, ըսաւ ակռաները կափկափելով։

Հակառակ սրճարանին հեղձուցիչ օդին՝ իրաւամբ Մանուկ կը դողար. իր կզակին ոսկորը կը ձգտուէր պրկուած եւ տմոյն մորթին տակէն, եւ աչքերը կը մթննային իբր թէ անոնց մէջի լոյսը մարած ըլլար։

— Լուի՛զ, Լուի՛զ։

Իր բոլոր շփացած եւ տկար տղու գորովանքը փոխադրած էր Լուիզին վրայ եւ անոր կը հնազանդէր կուրօրէն ինչպէս ժամանակաւ հնազանդած էր իր մօրը. երբեմն իր անսահման ինքնալլկման մէջ, երբ փայփայող բառերը չէին գար լեզուին ծայրը իբրեւ գերագոյն գովասանք կ՚ըսէր իր բարեկամուհիին.

— Ա՜խ, ինչչա՜փ մայրիկիս կը նմանիս. իրաւ ալ այդ տկար, վատոյժ, աղքատ տղուն քով Լուիզին դերը մայրական բան մը ունէր. ինքն ալ այն դողար եւ տաք հոգիներէն էր որ սիրուելու, խնամուելու պէտքը ունին ամէն բանէ առաջ. իր դիւրաթեք, պզտիկ անդամները պիտի ըմբոստանային առողջ եւ հուժկու մարդու մը փայփայանքներէն։ Լուիզ երջանիկ կ՚զգար Մանուկին չքաւորութիւնը բաժնելու մէջ, եւ տեսակ մը հպարտութեամբ կը մերժէր աւելի գեղեցիկ եւ հարուստ ուսանողներու դարպասը. իր կածկլտող աչքերուն մէջ հակառակ իր վարած մռայլ կեանքին՝ անմարելի զուարթութիւն մը կար. ոստոստուն թռչունի մը պէս, պզտիկ Լուիզ այն էականապէս բարի, հաւատարիմ, բնական եւ սիրող կիներէն էր որուն նմաններուն յաճախ կը հանդիպին Քառթիէի ուսանողները։

— Լուիզ, Լուիզ, մրմնջեց անգամ մըն ալ Մանուկ ցաւագին շեշտով մը եւ կարծես սրճարանին բոլոր լոյսերը մարեցան եւ ոտքերուն տակէն գետինը փախաւ։

Տաճատ, Սօֆի Կաժէվսքա, Լուիզ եւ բոլոր կիները շուրջը հաւաքուեցան. մինակ Անտօն եւ Սուրէն հեռուէն կը դիտէին առանց մօտիկնալու։

Վայրկենական նուաղումէ մը ինքզինքին եկած Մանուկ մեռելի պէս ճերմակ՝ շուրջը կը նայէր. շնչառութիւնը տաժանագին էր եւ թանձր լորձունք մը կուգար շրթունքին վրայ զոր հապճեպով կը սրբէր. շատոնց է որ Մանուկ տժգոյն եւ տկար էր, բայց մէկուն մտքէն չէր անցներ որ լրջօրէն հիւանդ ըլլայ։

Կէս գիշերը անցած էր եւ մեկնելու մօտ. կիները խորհեցան կառք մը բերել եւ իրենց մէջ դրամը հաւաքելով կարսօնը ղրկեցին. դժուարաւ Մանուկ մինչեւ կառքին դուռը հաrաւ, սրունքները կարծես թէ քուրջէ ըլլային կը ծալլուէին իր ծանրութեան տակ. Տաճատ ուզեց ընկերանալ եւ ճամբայ ելան. դուրսը օդը մառախլապատ եւ ցուրտ էր եւ Լուիզ ու Տաճատ իսկ կը դողդղային եւ ծունկերնին իրարու կը զարնուէին. բնաւ չէին խօսեր եւ զիրար չէին տեսներ, երբեմն երբեմն սրճարանի մը ելեքտրական լոյսին ներքեւ կառքին արագ անցքին միջոցին կուրուագծուէին Մանուկի տժգոյն դէմքը եւ Տաճատին գմբեթաձեւ ճակատը։

Մօնժ փողոցին մէջ նոյնքան դժուարաւ Մանուկը իջեցուցին կառքէն, ու Լուիզ միայնակ զայն բարձրացուց սանդուղներէն գրեթէ ամեն աստիճաններուն կենալով։

Տաճատ սրտաբեկ, յուսախաբ, հոգին լեցուած անսահմանելի թախիծով մը եւ սարսափով մը, տուն գնաց իր կարգին. երբ սենեակին մէջ առանձին մնաց, վառած մոմին դիմաց սեղանին առաջ, ծանր ճակատը երկու ձեռքերուն մէջ առած, մնաց երկար ժամեր, մինչեւ որ մոմը հատաւ. այն ատեն հանուեցաւ եւ խարխափելով անկողինը մտաւ եւ իրեն թուեցաւ թէ սաւանները, բարձերը, ամբողջ անկողինը դագաղի մը պէս պաղ էին եւ այսպէս անքուն մնաց մինչեւ առաւօտ, ջղագրգռուած, սառած մեռելի պէս եւ անկարող վայրկեան մը աչքերը գոցելու։