Jump to content

Կեղծ հանճարներ/ԺԳ․

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ԺԲ․

Այն գիշեր, Տաճատ հակառակ իր հոգեկան լաւ տրամադրութիւններուն շատ գէշ ընթրեց, պատառները կոկորդին մէջ կը մնային եւ հազիւ թէ կը դպչէր ապսպրած կերակուրներուն. անոր փոխարէն գրգռիչ եւ ոգելից ըմպելիներ խմեց՝ կազդուրուելու մտահոգութեամբ։ Երբ ճաշասրահէն դուրս ելաւ, մտքին մէջ ամէն բան կը պարէր. եւ փոխն ի փոխ իր յաջողութեանց ուրախութիւնը, ընդնշմարուած կնոջ ներդաշնակ սիլուէթը՝ վայելքի եւ չճաշակուած հաճոյքներու փափաքով կը տանջէին զինքը. երբեմն ինքզինքը կը յանդիմանէր օրէ օր իր մեծ մարդու խիստ պարկեշտութիւնը կորսնցնելուն համար ու կը մրմնջէր իւրովի.

— Այս քաղաքը զիս պիտի կորսնցնէ։

Մտքին մէջ կ՚ուրուագծուէր արդէն հեռաւոր ծրագիր մը. հիմակ որ իր յաջողութեան վստահութիւնը ունէր, հիմակ որ իր հանճարը դադրած էր գաղտնիք մը ըլլալէ, աւելի լաւ չէ՞ր որ վերադառնար Պօլիս, իր սիրելի Աննիկին մօտ եւ անոր ներկայութեամբ կազդուրուած շարունակէր իր գործը. կ՚երեւակայէր իրեն ըլլալիք ընդունելութիւնը, փայփայուած եւ շողոքորթուած իր ընկերներէն ու սիրտը կ՚ողողուէր ջերմ հաճոյքով մը. իրաւ է որ տխմարներ պիտի ըլլային, նախանձողներ եւ անկարողներ որ չպիտի հասկնային զինքը, որ անիրաւ պիտի գտնուէին իրեն նկատմամբ, բայց նոյն իսկ այս պարագան զինքը պիտի նուիրագործէր. հալածուած եւ անտեսուած մարդիկ միշտ լուսապսակ մը կ՚ունենան իրենց համբաւին շուրջը եւ վերջապէս ամենէն հաւնուիլը լաւ յանձնարարական մը չէ բնաւ։

Այս բաներուն վրայ մտածելով կ՚ուղղուէր դէպի Միւլլէրի սրճարանը երբ տեսաւ Բարսեղը որ աճապարանքով անկէ ելնելով դէպի պուլվար կուգար. իրեն դէմ գնաց։

— Ա՜հ, զքեզ փնտռելու վրայ էի եղբա՜յր, ըսաւ, զինքը տեսնելուն պէս։

Այն ատեն Տաճատ անդրադարձաւ որ իր ընկերը չափազանց տժգոյն էր եւ մեծ անձկութիւն կար անոր դէմքին վրայ։

— Ի՞նչ ունիս, ըսաւ Տաճատ։

— Մանուկը, եղբա՛յր, շատ ծանր է, եկու միասին։

Ճամբան պատմեց եղելութիւնը։

Մանուկ ստիպուելով իր բնակարանը ձգել, փոխադրուած էր ուրիշ սենեակ մը, դարձեալ Մոնժ փողոցին մէջ ու տեղափոխութեան միջոցին չարաչար յոգնելով ու ցուրտ առնելով անկողին ինկած էր. անկէց ի վեր չէր կրցած իր ընկերներուն երեւալ. ոչ ոք գիտէր թէ ի՞նչ եղած էր. այն առաւօտը միայն Լուիզ եկած էր զինքը գտնելու եւ կացութիւնը բացատրելու. անմիջապէս ընկերացեր էր խեղճ աղջկանը եւ գտեր էր Մանուկը, անճանաչելի վիճակի մը մէջ, մահուան պէս տժգոյն, հիւծուած։

Բարսեղ գլուխը կը տատանէր դիւրութեամբ։

— Գէշ վիճակի մէջ է կարծեմ, եղբա՜յր, յոյս չունիմ ես։

Տաճատ մեքենաբար կը քալէր առանց խօսելու, րոպէ մը ըմբոստացաւ այն գաղափարին դէմ որ կուգային իր թանկագին ժամանակը գրաւելու, ուշադրութեան արժանի կէտ մըն էր ասիկա իր նկարագրին մէջ. օրերով, շաբաթներով տող մը չէր գրեր, միտքը տարտամ եւ ժամանակը կորսնցնելով երազանքով կամ զբաղած ծրագիրներ կազմելու… կը բաւէր որ քանի մը ժամ ուրիշներու տրամադրելու հարկին մէջ ըլլար, որպէս զի կարծէր, ջերմապէս հաւատար որ այդ ժամերուն մէջ հրաշալիքներ պիտի արտադրէր. իրաւամբ զարմանալի հակասականութեամբ մը ինքզինքը բեղմնաւոր եւ արտադրելու վիճակի մէջ կ՚զգար, ճիշդ երբ նիւթական արգելք մը կ՚ելնէր իր դէմը։ Յանկարծ այս մտածումներուն անսալով, կոպտութեամբ ըսաւ Բարսեղին.

— Չեմ հասկնար իմ ներկայութեանս անհրաժեշտութիւնը, ի՞նչ օգուտ կրնայ ունենալ հիւանդի մը քով, աւելի աղէկ է բժիշկ մը բերել։

Բարսեղ՝ այս խօսքերուն՝ իրեն դարձաւ եւ աչքերը սեւեռեց այնպիսի նշանակալից խստութիւնով մը որ Տաճատ ստիպուեցաւ իրենները խոնարհեցնել եւ ալ առանց դիտողութիւն ընելու հետեւեցաւ Բարսեղին։

Երբ Մօնժ փողոցը Մանուկի բնակած տունը հասան, Բարսեղ շնչասպառ ելաւ վեց յարկերը ու երբ Տաճատ հասաւ ետեւէն՝ սենեակին դուռը բացուած էր արդէն եւ մոմին դողդոջուն լոյսը կ՚երկարէր մինչեւ դուրս. Բարսեղ մատը շրթունքին դրաւ եւ լռելեայն մտան ներս. ա՜հ ցուրտ եւ տխուր սենեակը. կարծես մասնաւոր եւ ճնշող մթնոլորտ մը ունէր բեռնաւորուած հիւանդին կարճ եւ հեւքոտ շնչառութենէն, վառարանին առաջքը Լուիզ հակած կը ջանար քարէ պզտիկ ջերմոցը վառել. մոմին անբաւական լոյսը կէս ստուերի մէջ կը ձգէր եւ կը պարտկէր աստիճան մը պատերուն խոնաւ մերկութիւնը. անկիւնը երկաթեայ մահճակալի մը մէջ Մանուկ կը քնանար։ Տաճատ զարմացումով կը դիտէր անոր անհաւատալի այլափոխութիւնը, այտերը խոռոչացած էին եւ գանկոսկրը խոշորցած լայնցած կը թուէր որուն վրայ պրկուած եւ թափանցիկ մորթին տակէն ոսկորին դեղնորակ երանգը կ՚արտացոլար. աչքերը նոյնպէս կորսուած էին խորութիւններու մէջ. արդէն անիկա մահուան դիմակը ունէր, անաշխարհային արտայայտութեամբ մը իր քնացած դէմքին վրայ. երբեմն շնչառութիւնը թեթեւ, անլսելի կը դառնար եւ երբեմն ալ ամբողջ մարմնոյն ցնցումներ կը պատճառէր, հեւքոտ, գրեթէ խռպոտ որուն տաժանքին ներքեւ աչքերը կէս մը կը բացուէին եւ շրթունքը անլսելի բառեր կը մրմնջէին։

Բարսեղ եւ Տաճատ լուռ նստած էին անկողնին մօտ եւ կ՚զգուշանային նոյն իսկ իրարու նայելու, երբեմն խորունկ եւ սրտագին հառաչ մը կ՚ընկերանար հիւանդին հեւքոտ շնչառութեան. անգամ մը, Մանուկ աւելի ուժգին ցնցուելով բարձրանալու ջանք մը ըրաւ, աչքերը բացաւ, մոլորուն նայուածքով, կարծես մէկը փնտռելով ու չտեսնելով իր ընկերները. յետոյ ինկաւ իր բոլոր ծանրութեամբ կռնակին վրայ եւ գոչեց.

— Մայրի՜կս, մայրի՜կս…։

Տաճատ Բարսեղին նայեցաւ փղձկուած. ճշմարիտ եւ մարդկային յուզմունքը մտած էր իր հոգւոյն մէջ. Բարսեղ անթափանց եւ ջերմեռանդ երեւոյթ ունէր. յայտնի էր որ առաջին անգամը չէր որ պանդուխտ ընկերոջ մը սնարին քով այս գերագոյն կոչը կը լսէր. ու ո՞վ գիտէ ինչ կը խորհէր այդ միջոցին. իր դէմքը դառն եւ տխուր արտայայտութիւն մը առած էր. երբեմն գլուխը աւելի կը ծռէր, իր խոշոր ձեռքերը կը դնէր ծունկերուն վրայ՝ մատները գալարելով ջղաձգօրէն անզսպելի յուզմունքի մը ազդեցութեան տակ։

Սպասումի եւ անձկութեան ժամեր անցուցին այսպէս. Մանուկ միշտ կը քնանար եւ հետզհետէ իր շնչառութիւնը կը թեթեւնար, անլսելի կը դառնար. հեւքերը եւ հառաչները կը խեղդուէին կարծես կուրծքին մէջ եւ ուժ չունէին այլեւս արտայայտուելու. Լուիզ յաջողած էր վերջապէս ջերմոցը վառել եւ անոր մօտ սկսաւ մրափել անքուն անցուցած քանի մը գիշերներու յոգնութենէն յաղթուած։ Կէս գիշերը անցած էր. տանը մէջ ամէն աղմուկ լռած էր այլեւս, երբեմն միայն ուշ մնացած ուսանողի մը ոստոստուն քայլերը կը լսուէին սանդուղներուն վրայ եւ որոնք կը բարձրանային մինչեւ վեցերորդը ու կը կորսուէին նրբանցքին խորութիւններուն մէջ։

Հիմակ այլեւս Տաճատ անսահմանելի վախ մը կը զգար. պիտի չուզէր ոչ մէկ բանի համար առանձին գտնուիլ ինքզինքին հետ. այդ մահամերձի արտայայտութենէ զուրկ դէմքին պատկերը կարծես կառչած էր իր աչքերուն եւ առանց անոր նայելու ալ կը տեսնէր զայն. իր հոգւոյն մէջ անկայուն, դողդոջուն բան մը սպրդած էր որ հիւանդին շնչառութեան չափականութիւնը[1] ունէր եւ որուն չափովը ակամայ կը շնչէր ինքն ալ. ու գաղափարէ գաղափար միտքը կը թափառէր ծանր մտածումներու մէջ. կանգ կ՚առնէր այս ինչ կամ այն ինչ պարագային վրայ եւ ասոնց ամբողջութենէն հետզհետէ անդիմադրելի եւ ահաւոր կ՚ուրուագծէր մեծ եւ սարսռիչ քաղաքին առթած սարսափը։

— Պէտք է մեկնիլ, մեկնիլ անմիջապէս… կարծես Մահը, այնքան մերձաւոր իրենց այդ րոպէին, իրեն կը հպէր, զինքը կը պարուրէր իր քայքայումի հանդարտ բայց անվրէպ ազդեցութեամբը։

Յանկարծ Մանուկ աչքերը բացաւ։ Հիւանդագին կարմրութիւն մը ունէին անոր ճակատը եւ այտերուն վերին ու ցցուած մասերը. աչքերը անսովոր կենդանութիւն մը եւ գեղեցկութիւն մը ստացած էին. թարթիչները իրենց արագ թարթափումին մէջ երկայն շուքեր կը ձգէին դէմքին վրայ։

Տաճատ զարմացումով դիտեց թէ մէկ վայրկեանի մէջ փոխուած էր անիկա. տենդին ազդեցութեան տակ կենդանացած՝ Մանուկ առողջութեան պատրանքը կուտար. գրեթէ առանց դժուարութեան ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ. յետոյ մեղմօրէն ժպտեցաւ իր ընկերներուն, Բարսեղ եւ Տաճատ յուզմունքի սաստկութենէն բան մը չէին կրնար ըսել, բայց Մանուկ իրենց սիրտ տուաւ իր սովորական, գրեթէ ջինջ ձայնովը.

— Շատո՞նց է որ հոս էք… երկայն քնացայ, հէ՞… ինչո՞ւ չարթնցուցիք զիս, վա՜յ սատանայ, ի՜նչ հարբուխ, ընկերնե՜ր. քանի օրէ ի վեր տանջուեցայ, բայց հիմա աղէկ եմ։

Անգիտակցաբար սակայն, ձեռքերը՝ երկնցած մատներով եւ կապտորակ եղունգներով կը գալարուէին վերմակին վրայ. Տաճատ աչքին ծայրովը կը նայէր անոնց։

— Ի՜նչ տաքութիւն… Լուիզը գիտէ, զառանցանքներ ունեցայ։

Յետոյ, երիտասարդ ուսանողի իր վաղեմի սովորութեամբ ամէն բան հեգնելու, սկսաւ կատակներ ընել. նոյն միջոցին բռունցքը կուրծքին զարկաւ.

— Այս կմախքը դեռ բաւական հաստատուն է. հոգ մի՛…

Ձայնը խղդուեցաւ հազի տագնապի մը մէջ. Լուիզ աչքերը բացաւ եւ իր մօտ եկաւ, ամենքն ալ հաւաքուած էին անկողնին մօտ գթութեամբ խառն զարմացումով մը. Մանուկ քանի՛ անգամ հազի միջոցին ուզեց խօսիլ. բայց չկրցաւ, ու աչքերը կը շարունակէին խնդալ, վերադարձած իրենց հին արտայայտութեանը։

— Կը տեսնէ՞ք, յաջողեցաւ ըսել վերջապէս, եթէ այս հազը չունենայի…, պահ մը լռեց, մտածկոտ, յետոյ հազիւ լսելի մրմնջեց… վա՜յ սատանայ…

Յանկարծ անսահման տխրութեան դիմակ մը առաւ. աչքերը մարեցան, դէմքը ամէն ուղղութեան կնճռոտեցաւ. շրթունքները դեռ խոնաւ՝ լորձունքէ դառնութեան արտայայտութիւն մը ունեցան, միայն այտերը կարծես աւելի ցցուած կը բոցավառէին վատառողջ կարմրութիւնով մը, այլ եւս չխօսեցաւ՝ պաշարուած ո՞վ գիտէ ինչ մտածումով. այն ատեն Բարսեղ քաջութիւն առաւ եւ թէեւ ձայնը քիչ մը դողդոջուն՝ վստահութեամբ ըսաւ իր ընկերոջը.

— Մանո՛ւկ, դուն պէտք է հանդարտ մնաս այսպէս. մենք կ՚զբաղինք քեզմով. ուրիշ ընկերներու ալ կ՚իմացնենք եւ փոխն ի փոխ կը խնամենք զքեզ. վաղը առաւօտ տօքթէօռ Քօլօլեանը պիտի գայ, իմացուցած ենք արդէն իրեն…։ Հիւանդը տխրութեամբ կը նայէր Լուիզին, Բարսեղին եւ Տաճատին եւ անոնց առողջութենէն օգնութիւն կը հայցէր կարծես. իր աչքերը ալ աւելի տղու աչքեր դարձած էին, լալու պատրաստ եւ որոնց արցունքը իյնալէ առաջ կը չորնար, այնքա՜ն անոնք վառելու երեւոյթը ունէին. իր ամբողջ դողդոջուն կեանքը ապաստանած էր այդ երկու լայն բացուած բիբերուն մէջ, եւ հոն կը հատնէր կարծես. հետզհետէ, իր ընկերներուն աչքին առաջ։

Նշումներ
  1. Rythme։