Jump to content

Կուտմըչէլէկ (Եօթը հրէշներէն մէկը)

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Կուտմըչէլէկ (Եօթը հրէշներէն մէկը)

ԿՈԻՏՄԸՉԷԼԷԿ


(Եօթը հրէշներէն մէկը)



Ես մէկ հըրէշ կըճանչնամ,
Մա՞րթ իս, կըտի՛ր անունը,
Ամա՛ մուխայէթ էղի՛ր,
Վօր չի զրչէ քու տունը։

Տէր Կիրակոսն Անէծախ
Չաժէ տարա օղունկին.
Լէշէն պէթէր հօտած է,
Թէ՛եվ տայմա մէչ խունկին։

Կուրծքին մէչը սիրտ չիկա,
Սիրտին մէչը խղճմտանք,
Աչքերը լիրփ, էրեսին
Չունի ամօթ, պատկառանք։

Միամիտին ֆիս կուտայ
ԶրչԷլ տունը իր ախպոր,
Մատնել, դավել է տարա
Պանը, կօրծը ամէն օր։

Թուք էրէսին, ծեռքը տիր
Մէկ փալթինիկ եա մանէթ,
Տարիներով չի կըտրիլ
Կէնէ վօտքը քու տունէտ։

Տէ, սըրամիտ կարթացօղ,
Կըտիր հըրէշիս անունը,

Տա շատ մըտիլ-էլլիէ է
(Թէեվ անկոչ) քու տունը։

Կըտայ, կըտայ- Յուդա է,
Չար Մերուժան, Վասակ, եա
Պիղատոսը անհավատ,
Ատ ալ չէղավ <...>