Jump to content

Հալխին աչքի փուշը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

[ 225 ]

ՀԱԼԽԻՆ ԱՉՔԻ ՓՈԻՇԸ



Աչքերս ամէն մինութ տընկած,
Հապմահազիր կընայինք,
Վօրին սըռը ափալ֊թափալ
Եօխ-տէֆտէրը անցունինք։

Հալխին փուշը շուտ կըտեսնունք,
Մէմը սրան գայ մերին,
էրեսներս հիչ տառցնո՞ւնք
Մեր տիմացի հայլիին։

Մէկուն սխալը, մէկուն մեխքը,
Ասօր֊անօր կըլսինք,
Վաղը լուէն` տէվէ խօրթած,
Պազար, իրատ կըփըռինք։

Հալխին փուշը շուտ կըտեսնունք.
Մէմը սրան գայ մերին,
Մեր պուռուսը հիչ կըտեսնո՞ւնք,
Մեր տիմացի հայլիին։

Մէկին կօրծը շատ փեռատ է,
Ակռայ սըրած կընայինք,
Ե՞փ միւհլիւզի կեր պիտ տա,
Վօր վէքսիլներն մինք կնինք։

Հալխին կօրծին մուխայիթ ինք,
Մէմը սըրան գայ մերին,
Տէֆտերներս պացած ունի՞նք,
Վօր մեր ախտերը տեսնէինք։

Միտք արիշ ին մէկ աղէկ պան,
Հասարակին անելու,

[ 226 ]

Տահա կօրծը չի պաշլայած,
Մենք հազիր ինք քանդելու։

Հալխին կօրծը կըզրչինք,
էկէր սրան գանը մեզի,
Աղէկութիւն հէչ մէկ օրմը
Ծեռքերէս էլած չունի։