Հին եղանակ
Հին եղանակ
Այս գիշեր երգ մը հոգեցունց
Հովին մէջէն՝ հեռուէ հեռու՝
Ձիւնոտ, տրտում ճամբաներու
Խոր անրջանքը արթնցուց։
Եւ մենաւոր ու տրտմունակ,
Քեզ կ'ունկընդրեմ պատուհանէս
Որ աղօթքի մ'ոլորիքին պէս
Կ'արձագանգես, հին եղանակ։
Արուեստ չունիս, իմաստ չունիս,
Կը կրկնուիս դուն անդադրում,
Ու ձիւնին հետ դանդաղ, տրտում,
Դուն տարուբեր կը տատանիս։
Շնչհատ մարմինդ կը դողդոջէ...
Վանկերուդ մէջ տԺգոյն, վտիտ,
Ու յանկերգիդ մէջ միամիտ
Ապրելուն խուլ մահերգը չէ՞...
Կը կրկնէ հովն աննպատակ.
Աղաղակներդ ծառին, սարին.
Ի՞նչ կը պատմես դուն գիշերին
Որ կու լայ մայթը հեւքիդ տակ։
Այս իրիկուն, ձիւն իրիկուն,
Հին եղանակ մը հոգեցունց,
Ծոյլ երազանքը արթնցուց
Մութ, ամայի ճամբաներուն։
Երգը մեռաւ հեռուն, անհետ.
Բայց այդ չափով, այդ յանկերգով.
Պատուհանիս գիշերին քով,
Հոգիս կու լայ դեռ երգին հետ...