Հոգիս (Զարիֆյան)

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Jump to navigation Jump to search
Հոգիս

Մատթեոս Զարիֆյան

Հոգիս պըզտիկ աղբիւր մըն է արծաթէ,
Գիշերին մէջ գըլգըլացող ու լացող,
Որ քէն չունի ժայռերուն դէմ, կ'աղօթէ՜,
Ու լուսնակէն կ'ըսպասէ լո՛կ շիթ մը ցօղ...

Ո՛չ մէկ ուռի ճամբուս վըրայ ամայի.
Կործանեցան բոլորը մե՜ծ հովերէն.
Հոն-հոն ագռա՛ւ մը լոկ ջուրիս կը նայի՝
Այց ես կ'երթա՜մ գըլգըլալէն ու լալէն...

Ինչու որ, օ՜, գիտե՛մ թէ օր մը աղուոր
Պիտի գայ Կոյսն, անտառներու խորերէ,
Ու հակելով ջուրիս վըրայ մենաւոր՝
Պիտի ափին մէջ մարգարիտնե՛րըս համրէ: