Հրաւէր
ՀՐԱՒԷՐ
Տեսէք աղաւնին Նոյեան տապանին
Եկած ու կանգնած ի սար Տաւրոսին
Աւետիս կու տայ Հայկեան սերնդին
Թէ եկաւ գարուն Թորգոմայ զարմին:
Արթնցէ՛ք ՀԱՅեր, քաջաց զաւակներ
Առէ՛ք միութեան տէգ ու նիզակներ
Շուտով կազմեցէք սիրոյ խմբակներ
Հագէ՛ք քաջութեան զէն ու զրահներ:
Հինգ հարիւրամեայ մի քուն քնացանք
ԶԱստուած ու զեղբայր ի սպառ մոռացանք
Սիրոյ, միութեան լաթեր մերկացանք
Ատելութեան ձեռք խաղալիք դարձանք:
Մոռցանք Հայրենիք, մոռցանք ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Կորուսինք մեր փառքն ու ԱՐՄԵՆԻՍՏԱՆ
Մաս մը Ռուսաստան, մաս մը Պարսկաստան
Մնացինք ՀԱՅեր, թշուառ անպաշտպան:
Երկինք բարկացաւ, Հայրենիք լացաւ
Մեր ջուրն ու հոգին մեզ արիւն դարձաւ
Խաչեալըն Յիսուս մեզի մոռացաւ
ՀԱՅերուն բաժին մնաց սուգ ու ցաւ:
Այսչափ քնանալ մեզի հերիք է
Թմրիլն ու պառկիլ խիստ մեծ չարիք է
Սիրել ու սիրուիլ արդէն բարիք է
ՀԱՅու զինուորին համար պարտիք է:
Եկէ՛ք միանանք, բանանք դպրոցներ
Մեր մատաղ մանկանց համար վարժոցներ
Վառե՛նք, բորբոքենք սիրոյ հնոցներ
Մեր սառած սրտին ըլլան հալոցներ:
Շուքի պէս անցան այս հինգ մեծ դարեր
Լացին հայրենեաց դաշտեր ու սարեր
Հերիք ալ ձեզի, հերիք է վատեր
Հերի՛ք մեր բաժին արցունք ու ահեր: