Ճերմակ վարդեր
Արտաքին տեսք
Ըսպիտա՜կ վարդեր, ըսպիտա՜կ վարդեր,
Զոր հովն անտեսեց այս ճամբուն վըրայ,
Շամբուշ հովն աշնան՝ որ կը դըղրդէր
Մոլեգին ՝ հողին ընդերքն համօրէն.
Ճերմա՜կ գաղափար, ճերմա՜կ գաղափար,
Աշնան մոլուցքէն դողահար հիմակ,
Համբո՜յր շուշանի, դիւթանք ձիւնեղէն,
Փերթ փերթ լուսինկայ, ապրշում համակ,
Բե՜ր ինծի իղձիդ կաթը խանդաղատ։
Մենաւո՜ր վարդեր, որ մելամաղձիկ
Մառախուղներուն մէջ դեռ կը Ժպտիք,
Ապրեցէ՜ք հոգւոյս մէջ յաւերԺօրէն։