Jump to content

Մազերը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ՄԱԶԵՐԸ


Անո՛ւշ մազեր, երա՛զ մազեր,
Ճառագայթներ արեգնաւէտ,
Որ մկրատուած՝ գլխէն Անոր,
Եկաք տաքցնել սիրտս կարեվէր։
Ձեր թելերը բազմաբուրեան,
Ոլորտներ են կընդրկաւէտ
Որ իմ սիրոյս խորանին վրան
Կը բուրվառուին ընդ յաւիտեան։
Խնկո՛տ մազեր, երա՛զ մազեր,
Ո՞ւր է կայանն խնկամանին
Որմէ սլանաք ու դէպ ի վեր
Բարձրացընէք սէրըս անմեռ։
Պիտ ուզէի ես թելերէն
Այս մազերուն ոսկիաշէն,
Հիւսել գօտի՝ ապարանջան
Ու շատ զարդեր հրաշազան։
Օղակւորած՝ համբոյրներէս,
Արցունքովս ալ մարգարտափայլ,
Գօտին, մանեակն կըղձայի ես,
Պահել ընդմիշտ մասունքի պէս։
Անո՛ւշ մազեր, դեղձան մազեր,
Քաղցր օրերու լուռ յուշարար,
Դուք վերըզգալ տաք անդադար,
Հին թրթռումն, առջի յոյզեր։
Դուք կեանք մ՚ունիք անվերջալոյս,
Ձեր գոյնն ու գեղ չեն տար բնաւ խոյս։
Ու մինչ օր մը Անոր գլխին
Մազերն ափսւ՛ս, թափթըփէին.
Կամ երբ անոնք, Ժամանակին
Ահեղ վճռով թէ ճերմըկին,
Ձե՛զ պի՛տ դիտեմ, մազեր դեղձան
Քաղցր օրերու իբր յուշարձան։

Բարիզ, 1907