Jump to content

Մառախուղ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Մառախուղ


 
Նայ շոգոլին կապտորակ, թեւատարած կը նստի
Աւաններուն լըռանիստ` նըւաղումին մէջ ոսկի.
Կարծես ծուխ մը հողն անդուլ դուրս կու տայ իմ ծերպերէն:
Ու կը խայթէ իմ հոգիս պարապն այս հոծ կապոյտին,
Բիլ պատմուճան լուսաթել` որուն փախեր է կոյսն հին:
Ու մըշուշը կը լայննայ, ու մըշուշը կը լենայ
Արտերուն մէջ` ուր խարտեաշ խուրձերն ինկան գիրկ գրկի: