Jump to content

Մելգոնեացի մը՝ երկու մելգոնիացիներու մասին

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Մելգոնեացի մը՝ երկու մելգոնիացիներու մասին

«Հայրենիքը գանձատունն է մեր ժողովուրդին»


Իմ ու Բոլորիս գեղանկարիչ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ը ամբողջ եօթը տարի եղած է սանը Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան։

Անձամբ նոյն հաստատութեան մէջ ուսանած եմ 1944-1946 կրթական տարիներուն։

Հակառակ այն իրողութեան, որ Յակոբեանը մեկնած է դէպի իր ծննդավայրը Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), իր անունը յաճախ որպէս գեղանկարիչ կը յիշուէր աշակերտութեան միջեւ։

Յակոբեաններու ընտանիքը 1962 թուին որպէս հայրենադարձ եկաւ հաստատուելու Հայաստան։

Երկիր գալու այս հանգամանքը տասնամեակներու երազի մը իրագործումն էր։

Յակոբեանը ի հօրէ եւ ի մօրէ Այնթապցի, երբ եկաւ՝ ունէր երկու դուստր։

Գեղանկարիչին հայրը վաղուց մահացած էր, բայց մայրը՝ ոչ։ Ուրեմն այս ընտանիքը կը բաղկանար հինգ հոգիէ։

Երեխաները սկսան յաճախել դպրոց, իսկ Յակոբեանը գտնելով իր հայրենիքը գտաւ իր նիւթը, եւ սկսաւ նկարել։ Իսկ Մարին Յակոբին տիկինը, Փարիզի մէջ ուսանած մօտելիստ, կար ու ձեւի վարպետ մըն էր արդէն, նկարելու հակամէտ, կարծէք Կալենցներու զոյգին նման։

Իմ կարգիս, երբ 1963 թ.-ին եկայ Հայաստան որպէս սոսկ այցելու՝ լսեցի թէ Յակոբեաններու ընտանիքը արդէն տեղաւորուած է Լենինականի մէջ։

Այցելուս եկած էի քանի մը օրուան համար՝ բայց այդ մի քանի օրը վերածուեցաւ եօթը տարիներու, եւ ընտանիքս ալ միացաւ ինծի։ Մենք չորս հոգի էինք։ Երեխաները դարձան աշակերտներ, մենք տէր եւ տիկին՝ բժշկական համալսարանի արտասահմանեան ուսանողներ։

Օր մը կ'ուզէի հանդիպիլ Յակոբեաններուն։ Առիթը կը պակսէր։ Այդ օրերուն Խորհրդային հպատակութիւն չունեցող ուսանորղներուս համար առիթ չէր տրուեր Երեւանի շուրջբոլորէն հեռուները երթալու։

Բայց ահա սպասուած առիթը ներկայացաւ ինծի։ Այդ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 40-ամեակն էր։

Քառասնամեակի հանդիսութիւնը նշուեցաւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէի կողմէ, հաստատութեան սրահին մէջ՝ ուր որպէս հայրենադարձ ներկայ էին բազմատասնեակ Մելգոնեանցիներ։

Կիպրոսէն՝ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան այդ օրերու տնօրէն Պրն. Ասատուր Պետեանը նամակով մը դիմած կ'ըլլայ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի ընկերութեան նախագահ ընկ. Համազասպեանին, որ Մելգոնեանցիներէս մէկուն առաջարկուի գրել յօդուած մը, ընդունելի ծաւալով, հատորի մը մէջ հրատարակելի հետեւեալ վերնագիրին տակ. «Մելգոնեանցիները Հայաստանի մէջ»։

Եւ քանի որ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան 40-ամեակի Երեւանեան հանդիսութեան ինծի համար եւս հինգ րոպէ խօսելու առիթ տրուած էր, ուր կրցած էի յայտարարել, որ «Այդ հաստատութեան մէջ այն սանը որ մայրենի լեզուի եւ Հայոց պատմութեան քննութիւներուն անբաւարար նիշ կը ստանայ՝ կը կրկնէ դասարանը, եթէ նոյնիսկ միւս դասերուն ստանայ գերազանց նիշ», հետաքրքրութիւն ստեղծած էր։ Չերկարեմ, կոմիտէի նախագահ ընկ. Համազասպեանը խնդրուած վերոյիշեալ նիւթը մշակելու գործը յանձնեց այս տողերը գրողին։

Մեծ էր ուրախութիւնս։ Մելգոնեանցիներ կային ոչ միայն Երեւանի մէջ՝ այլ կային նաեւ հեռու ու մօտ քաղաքներու մէջ։

Ահա՛ Լենինական երթալու առիթը։ Տարին 1964 էր արդէն։

Յակոբեաններու բնակարանը գտնելը դժուար չեղաւ։ Երբ թակեցի դուռը՝ տիկ. Մարին եղաւ բացողը, ու ինծի հետ եկած քամիէն Յակոբեաններու տուն մտաւ ձիւնի հսկայ կոյտ մը։ Մենք գրկախառնուեցանք որպէս վաղեմի բարեկամներ՝ զի Մելգոնեանցի ըլլալը անցագիր կ'ըլլար արդէն։ Բայց հրաշք, երբ Յակոբին հետ գրկուած էինք՝ հոն գտայ Մինասը։ Իրապէս հրա՛շք։ Ու այս հրաշք տղան մօտենալով ինծի ըսաւ.-

«Այնքա՛ն լսած եմ Մելգոնեանցիների մասին՝ որ ես ինձ Մելգոնեանցի եմ համարում» :

Ուրախութիւնս կրկնակի էր՝ չըսելու համար բազմակի։ Չափազանցութիւն մի՛ նկատէք խնդրեմ, այդ օրը ծանօթացած եղայ՝ եւ ա՛նձնապէս ծանօթացած, երեք գեղանկարիչներու։ Այսպէս արտայայտուելուս իրաւունքը յետոյ եկաւ Մարի Յակոբեանէն՝ երբ Երեւանի մէջ երկու ցուցահանդէսով հանդէս եկաւ շնորհալի տիկին Մարին։

Տեղւոյն վրայ ստացայ հրատարակելի նիւթս։

Յակոբ Յակոբեանը ծնած է Ալեքսանդրիոյ մէջ 1923 թ.-ի Մայիսի 16-ին։ 1934-էն 1941 Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան սան է։ Երբ կը փոխադրուի Գահիրէ՝ զինք կը գտնենք մայրաքաղաքի Գեղարուեստից Ակադեմիային մէջ։ 1952-էն 1954 Փարիզ գացած է ո՛չ թէ պտոյտի այլ սկիզբը ան եղած է Ա. Լոտի արուեստանոցին մէջ, ապա մտած է Կրանտ Շոմիէր Ակադեմիա (էտուար Գոէրգի արուեստանոց), եւ ցուցահանդէսներու մասնակցած է Ֆրանսայի ու Ռումանիոյ մէջ։

Հայրենադարձ, այս ընտանիքը 1967 թ.-ին կը փոխադրուի Երեւան։

Յակոբեան արուեստագէտը ծարաւի էր ճաևչնալու հայրենական մեր բոլոր արուեստագէտները։ Անոր կեանքը ապացոյցներու շարք մըն է՝ Հայաստանի գեղանկարիչներու նկատմամբ նուիրումի ու սիրալիր բարեկամութեան, անշուշտ շատերու կողմէ փոխադարձ սիրալիրութեամբ։ Յակոբ Յակոբեանը 1986-ին կ'արժանանայ ԽՍՀՄ–ի մրցանակին։

1988-ին ԽՍՀՄ–ի Գեղարուեստից Ակադեմիայի թղթակից անդամն է։

Այս տարիներու ընթացքին հանդէս եկած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներով Միութենական զանազան քաղաքներու եւ արտասահմանի մէջ, ստանալով մրցանակներ։ Կարեւորագոյնը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան առաջին նախագահէն ստացած պետական «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակը կ'ըլլայ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ կը պարգեւատրուի «Ս. Սահակ ու Ս. Մեսրոպ» շքանշանով։

Ըսած եղանք, որ Յակոբ Յակոբեանը գտած էր իր նիւթը Հայաստանը, որ իր հոգիին մէջն էր իր մանկութենէն սկսեալ, որ արդ դարձած էր ո՛չ միայն ընկալելի՝ այլ նաեւ շօշափելի։ Իր հոգիին Հայաստանն էր՝ որ կը նկարէր ան։ Քիչ մը ուշացումով՝ Յակոբեան կը սկսի աշխատակցիլ հայրենի մամուլին։

Սկիզբը ան հանդէս կուգայ «Օրրան» ամսագիրի էջերուն մէջ՝ խմբագիր Այտին Մորիկեանի յորդորներով։

Ապա «Ազգ» օրաթերթի խմբագրապետ Յակոբ Աւետիքեանը կ'ըլլայ զինք խթանողը՝ ու գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեան գրողը տեղ կը գտնէ «Ազգ»–ի մշակոյթի էջերուն մէջ։

Այստեղ անոր լեզուն Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի խառնուրդ մըն է միշտ ճշմարտութեան եւ պարզութեան ուղեցոյցով, որ անմիջապէս հաճելի կը թուի ընթերցողներուն։

Յակոբ Յակոբեանի մասին կը գրուին յօդուածներ՝ հայերէնի շարքին նաեւ ռուսերէնով, Մոսկուայի մէջ եւ այլուր։ Կը հրատարակուին ծաւալուն ալպոմներ՝ որոնցմէ առաջինի պատրաստողը կ'ըլլայ արուեստաբան Շահէն խաչատուրեանը։

Ու վերջապէս ահա հատոր մը արձակագիր Յակոբ Յակոբեանէն որ կը հրատարակուի 2006 թուականին «ժամանակ եւ Խօսք» մատենաշարին կողմէ, կրելով «Ու մերթ լացաւ, Ու մերթ խնդաց իմ հոգիս» Թէքէեանական խորիմաստ այս անունը։

Ծաւալուն այս հատորը կը պարունակէ էջեր մեր պատմութենէն, էսսէներ, հարցազրոյցներ եւ կարծիքներ հեղինակի գործակիցներուն մասին, մեր ներկան, մեր ժողովուրդի ճակատագիրը, մեր երկրի մշակութային կեանքը, նաեւ իր կեանքն ու արուեստը՝ ներկայացուած Սարգիս խաչենց հրատարակչութեամբ, որ ուշադիր եւ բծախնդիր հայեացք մըն է պատուաբեր՝ Հայոց հրատարակչական գործունէութեան։ Ան Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան սան եղած եօթը տարիներուն ընթացքին օգտուելով դպրոցի իրապէս հարուստ գրադարանէն որպէս մոլի ընթերցող՝ մարդոց չափ ու աւելի սիրած է իր կարդացած գիրքերուն հերոսները, եւ կարդացած է 20-րդ դարու ողջ հայ գրականութեան երկու ճիւղերուն հրատարակութիւններն ու թարգմանութիւնները։ Իրեն համար հաճելի եղած են գործերը Ակսել Բակունցի, Գուրգեն Մահարիի, Չարենցի եւ Դանիէլ Վարուժանի՝ մատչելի հաւասարապէս։

Հայաստանը իր մշտական երազն էր՝ ու պաշտամունք ունէր վարպետ Սարեանի նկարչութեան նկատմամբ։

Յակոբեանները Լենինականէն Երեւան փոխադրուեցան 1967 թ.-ին։ Սկիզբը անոնց բնակարանի յաճախակի հիւրն էի, երբ անոնք կը գտնուէին Խաչատուրեան փողոցին վրայ, ուր նոյն շէնքին մէջ կ'ապրէր բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանը։

Հոն էր որ կը հանդիպէի բացի Դաւոեանէն՝ նոյնպէս յաճախ Մինաս Աւետիսեանին, Շահէն Խաչատուրեան արուեստաբանին, գեղանկարիչ Սիրաւեանին, ու մերթ՝ նորերու։

Մինասը ունկնդրելը հաճելիէն աւելին էր։ Ան կարծէք նոր օրերու փիլիփսոփայ մը ըլլար՝ խօսքի ընթացքին երկնող։ Ու ես որ սակաւախօսութեան օրինակ մը ըլլալէ հեռու եմ՝ մերթ Ժամ մը եւ աւելի մեծ զմայլանքով կ'ունկնդրէի ըսածները Մինասի, երբ Յակոբ-Մինաս կ'անցնէին երկխօսութեան։ Կը խորհէի թէ երկու մեծ նկարիչներու յայտնած բոլոր միտքերը կրնայի վերարտադրել տարիներ ետք։ Որքա՜ն սխալած էի։ Երանի չէ՞ր, որ գիրի առնէի նոյն օրը, օրը-օրին։ Որքա՜ն շահած պիտի ըլլայի։

Այդ օրերուն Յակոբեանը նկարչութեամբ զբաղելու արուեստանոց մըն ալ ունէր արեւկող ըլլալէ հեռու, քիչ մը կիսամութ ուր կեանքի կը կոչուէին գեղանկարողին լուսատու գործերը։ Ամէն օր արուեստով զբաղուելու բոյն մըն էր այն։

Յետոյ, երբ 58 տարեկան էր՝ նկարիչը այլ բնակարան եւ արուեստանոց ունեցաւ Քիեւեան պողոտային եւ Հրազդան գետին նայող շէնքի մը 10-րդ յարկին վրայ, իրապէս լուսաւոր՝ արեւահայեաց մանաւանդ, լուսաւոր պատշգամբով մը։

Յակոբեանը ամէն օր կը նկարէր՝ ո՛չ միայն իր արուեստանոցին մէջ։ Ան եռոտանին ու ներկապնակը շալկած, իր երկիր Հայաստանը խորապէս ճանչնալու գզացումէն եւ ապրումէն մղուած հետիոտն կը շրջագայէր լեռ ու ձոր, հնամենի կամուրջ ու տաճար, ու կը նկարէր։

Ամբողջ երեք տարի 1967-1970, բազմիցս առիթը ունեցայ վայելելու Յակոբեաններու հիւրասիրութիւնը, որ աւելիով մատչելն էր գեղարուեստի ընկալումին, մանաւանդ Մինասի ներկայութեան։

1970 թ.-ին աւարտած ըլլալով Երեւանի բժշ. Համալսարանը՝ ես ընտանեօք վերադառնալու էի Հալէպ։

Մեր մեկնումի օրը, ողջերթի համար խումբ մը մտաւորականներ մեզի հետ եկան մինչեւ օդանաւակայան, որ այդ օրերուն կը պահէր իր հնամենութիւնը, իսկ նորագոյնը պիտի ստեղծուէր աւելի ուշ՝ բայց շքեղ, վայել մեծ երկրի մը։ Ահա հոն էր, որ որպէս նուէր ունեցայ Յակոբեանի մէկ գործը՝ «Մենաւոր Ծառը», որ իր արմատին մօտ ստացած էր զօրաւոր հարուած մը բայց չէր տապալած, ու ծառին մենիկ մէկ ճիւղը կանանչ ժպիտ մը զգեցած էր։ Այդ ծառը մեր այդօրուան Հայաստանն էր։

Ուրեմն այդ ծառը ես կը տանէի ղէպի սփիւռքի բնակարանս։

Նոյն վայրկեանին Ռափայէլ Արամեան գրողը՝ որ մեզի հետ էր, գրեթէ պոռալով յայտարարեց թէ, այդ ո՞նց էր պատահել, որ նուէր մը չէր բերած մեզի համար, ու անմիջապէս իր ձախ բազուկէն հանեց սեփական ժամացոյցը ըսելով.-

«Թող այս ժամացոյցը յուշարար՝ քո մօտ լինի»:

Ուզած էի մերժել՝ բայց Արամեանը արդէն թեւիս ագուցած էր իր ժամացոյցը, որ եթէ միջոց մը եղաւ յուշարար՝ կանգ առաւ վերջիվերջոյ, ու եղաւ պատճառ որ՝ այս անգամ ես յայտարարէի.-

«Հայաստանի Ռափայէլ Արամեան գրողի ժամացոյցը չդիմացա՛ւ սփիւռքի օտարութեան, խոմ մա՛րդ չէր՝ որ դիմանար»:

Այս բաժանումը պատճառ մը չէր՝ որ ես մոռնայի բարեկամութիւնս Յակոբեաններու հետ։ Ամէն տարի կուգայի Երեւան, երբեմն տարին երկու անգամ՝ եւ անպատճառ հանգիստի շունչս կ'առնէի անոնց տանը մէջ, յայտարարելով.«Եթէ չհանդիպիմ Յակոբեաններուն՝ Հայաստան եկած չեմ ըլլար»։

Կը նստէինք զրոյցի՝ իմ առատախօսի ինքնեկ բնաւորութեամբ։ Կը խօսէի իմ ճամբորդութիւններուս մասին, Յակոբեանը՝ իր արուեստին շուրջ, նոր գործերը կը ցուցադրէր՝ մերթ ըսելով. -

«Թորոս ջան շատ մի՛ տարածուիր, սեղմէ՛ բառերը, նախադասութիւնները՝ որ ուժի վերածուին։ Տարածուիլը կարելի է, Հայաստանը եւս, բայց կարեւորը կարենալ պահելն է»:

Ֆրանսա ապրող, Հալէպի ծնունդ եւ Գահիրէի Գալուստեան վարժարանէն շրջանաւարտ, ու Փարիզեան գեղարուեստից առաջին հայ Ակադեմականին Հայաստան ցուցահանդէսով մը յայտնուիլը՝ բառացիօրէն ոտքի հանած էր մշակութասէր բազմութիւն մը Երեւանի մէջ։

Յակոբն ու Մարին Փարիզէն կը ճանչնային զինք։

1966-ին էր Գարզուի Երեւանեան այդ առաջին ցուցահանդէսը, զոր այսպէս կը նկարագրէ Յակոբ Յակոբեան.-

«Սրահը ծայրէ ի ծայր լեցուն։ ժողովուրդը բնազդով զգացեր էր, որ եկած էր հանդիպելու իր մեծ զաւակին։ Երբ յանկարծ Գառզուն իր կնոջ Նանի հետ, ու մեր արուեստի նահապետ Սարեանը իր կնոջ Լուսիկի հետ երեւացին՝ ժողովուրդը լռելեայն նրբանցք բացաւ դէպի սրահի խորքը։ Երկու մեծագոյն վարպետները իրենց կանանց հետ բարձրացան հարթակ։ Այսօր չեմ յիշում թէ ի՞նչ ասաց Սարեանը, ի՞նչ ասաց Գառզուն՝ բայց Նանը անընդհատ արցունքներն էր սրբում։ Սրահում երկիւղածութիւն էր։ Կարծէք սրբավայրում էինք։ Ժողովուրդը եկել էր ո՛չ միայն ցուցահանդէս դիտելու՝ այլեւ եկեր էր իր հերոսին, պանդխտութիւնից վերադարձած զաւակին զրկելու ու փայփայելու։

Գառզուն դա զգաց, զզաց որ բոլորից աւելի Հայաստանի ժողովուրդը գիտի իր արուեստագէտին սիրել»:

Վերադարձին Նանը ֆրանսերէնով գիրք մը հեղինակեց Հայաստանի մասին։

Ամէն արձակուրդիս՝ Երեւանի մէջ արտասահմանեան ուսանողի հանգամանքովս երբ Փարիզ կը մեկնէի, Յակոբեանները անպայման քանի մը կապոց լաւաշ կ'ուղարկէին Գառզուներուն։ Գառզուները շատ սիրած էին հայրենական լաւաշը։

Այսպէս բարեկամութիւն կը ստեղծուէր, որմէ օգտուողը կ'ըլլայի մենագրութիւն մը հեղինակելով Գառզուի մասին, գործ՝ զոր քաջալերած էր մեծն Մինասը, զայն գրել սկսած օրերուս։

Այդ գործին յառաջաբանը գողտրատառ ու արծաթահունչ հայերէնով գրած էր ինքը՝ Գառզուն։

«Աշխարհ» հայալեզու օրաթերթին 40-ամեակը կը տօնուէր նկարչական ցուցահանդէսի մը բացումով, ուր մեծ ներկայութիւն էին հայ գեղանկարիչներու գործերը։ Վիճակահանութեան տոմսեր վաճառուեցան ներկաներուն։ Գառզուին հետ կողք-կողքի նստած էինք։ Գառզուն գնած էր տասը տոմս, ես՝ մէկ տոմս։

Յակոբեանէն լիթօ մը ցուցադրուեցաւ։ «Աստուած իմ, ըսի, Յակոբեանը շատ կը սիրեմ, թող այդ լիթօն տոմսիս համընկնի»:

Այդպէս չըլլա՞յ։ Եղաւ։ Ուրախացողը ես էի։ Իսկ Գառզուի տասը տոմսերը գեղանկար մը բերել չկրցան։

Գառզուն ըսաւ՝ թէ ինծի համար ուրախացած էր։

Պատահեցաւ այնպէս, որ Պէյրութի մէջ որոշ արուեստասէր հայեր կազմակերպեն Յակոբեանի ցուցահանդէսը մայրաքաղաքի շքեղ մէկ ցուցասրահին մէջ, Միջերկրականի ալիքներուն դէմն ու դէմը, Յակոբեանի իսկ ներկայութեան։

Ամէն ինչ պիտի ընէի՝ Հալէպէն Պէյրութ ճիշդ ժամանակին հասնելու համար այդ ցուցահանդէսին։ Յատուկ մեքենայ վարձելով ճամբայ ելայ։ Արաբ մեքենավարը կանգ առաւ Արեւելեան Պէյրութի մէջ, քանի սուրիական էր կառքը, որուն արգիլուած էր Արեւմտեան կողմ երթալը։ Թէեւ ժամանակը զիս չէր սպասէր ստիպուած իջայ, մտահոգ հասնելու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։ Թաքսի մը կանգ առաւ։ Վարորդը հայ մըն էր։ Յայտնեցի բացման ժամին մասին։ Ան ըսաւ.-

«Հայրենակից, դժուար թէ հասնինք, բայց քանի որ ձեզի համար շատ սիրելի անձնաւորութեան մը ցուցահանդէսի բացման հասնիլ կ'ուզէք՝ օրէնքին դէմ լարելով կառքիս ուղղութիւնը, ձեզ կը հասցնեմ»։

Հասանք։ Վարորդը քրտնած էր։ Խուժեցի դարպասէն ներս։ Երկու հոգի մկրատներ ի ձեռին կը սպասէին ազդանշանի՝ կտրելու համար ցուցահանդէսի բացումին ժապաւէնը։

«Յակո՛բ, բարե՛ւ»- ըսի ժպիտով մը։ Յակոբեանը պատասխանեց.-

«Գիտէի՝ որ կուգաս»։

Այդ «Գիտէի որ կուգաս» խօսքը ինծի համար միլիոն արժէր։ Այդ նախադասութիւնը մինչեւ այսօր կը ջերմացնէ զիս։

Անշուշտ դիտեցի ցուցահանդէսը, ներկայ եղայ բաժակներու շրխկոցին խմելով վարպետի կենացը, նօթեր առի՝ ու գիշերը յօդուած մը գրեցի այդ յիրաւի նախանձախնդրօրէ պատրաստուած ցուցահանդէսին մասին։

Յիշեալ յօդուածը օրաթերթի մը յանձնելէ առաջ ժամադրութեամբ մը Յակոբեանին յատկացուած պանդոկը երթալով կարդացի գրածս անոր։

Յակոբեանը թէ.«Քիչ մը չափազանցած ես, չես յիշած` որ քեզի յաճախ յայտնած եմ, շատ չտարածուիլ։ Յետոյ, գրած ես թէ արուեստագէտը իր երկրին դեսպանն է։ Հաճիս, լա՛ւ լսէ զիս։Հազարամեակներէ ի վեր կայ Լիբանանը ու կայ Հայաստանը, բայց հազարամեակներէ ի վեր միայն այսօր Լիբանանը ունի Հայաստանի դեսպան, ու երբ մեր դեսպանը երկու օր ետք յօդուածդ կարդայ պիտի ըսէ, ուրեմն հոս Լիբանանի մէջ դեսպանը ես չեմ, Յակոբեանն է։ Առակս ցուցանէ՝ հաճիս փոխէ այդ նախադասութիւնը»:

Տեղւոյն վրայ փոխեցի զայն՝ Յակոբեանի շրջահայեցութեան, հոգիի զարմանալի ներքնահայեցողութեան, պիտի ըսէի՝ մաքրութեան անսալով։

«Ի՞նչ է կարծիքդ, որ գամ Հայաստան»:

Ան հանդարտ կը պատասխանէր.-

Նման հարցով մի դիմեր ո՛չ միայն ինծի՝ այլեւ ո՛չ ոքի։ Այդ դո՛ւն պիտի որոշես։ Ահա ես եկած եմ, եւ պետութեան կողմէ չեմ հանդիպած որեւէ անախորժութեան։ Եկած եմ ու որոշած երբեւէ չարտագաղթէլ։ Հոս յարգուած նկարիչ մըն եմ։ Արտասահմանի մէջ ի՞նչ պիտի կոչուիմ, ո՞ր երկրի նկարիչը։ Հոս՝ երկրի՛ս նկարիչն եմ, ուրեմն տեղս հոս է։ Ինչպէս Մելգոնեանցի մտերիմ ընկերս Պէյրութի մէջ գրելով պատմուածք մը՝ վերնագրած էր.-

«Վերջին հասցէս Երեւանն է»-... (Ան Գրիգոր Քէշիշեանն էր, Թ.Թ.)։ Վերջապէս օրերէն օր մըե ալ Յակոբեանները եկան Հալէպ ընտանեօք։ 1995 թուականին էր, Ձմեռը։

Այդ շաբաթներուն մեր հանդիպումները ոչ միայն ամէնօրեայ՝ այլ ջերմ ալ էին։ Կարծէք մէկ ընտանիքի անդամներ ըլլայինք։

Այլապէս ալ Յակոբեանները շրջապատուած էին Հալէպի մէջ ապրող շատ մը գեղարուեստասէրներու կողմէ՝ որոնք նոյնիսկ պտոյտներ կը կազմակերպէին Յակոբեաններու համար, մերթ ուղութիւն վերցնելով դէպի սուրիական հնութիւնները, հռուվմէական քարուղիներու մնացորդները։

Այդ շաբաթները մնացին անմոռանալի, առաւել եւս երբ Յակոբեանէն որպէս նուէր ստացանք այս անգամ Գառնին ցուցադրող գեղանկար մը։

Մենք հարստացած էինք Յակոբեանի երեք գործերով՝ երբե'ք վաճառելի։

Երբ Յակոբեանը կը գտնէր իր վերջին հանգիստը այս տողերը արձանագրողը պատերազմական Հալէպէն փոխադրուած էր Պէյրութ, բազմակի պնդումովն իր աղջկան՝ Անիին։

Յակոբին կորուստը, կորուստին չափը պիտի չկարենամ նկարագրել ձեզի։ Մենք, որ երեք հոգի էինք Պէյրութեան տունի մը մէջ, ես, Անին ու իր ամուսինը էդուարդը, եթէ ըսեմ լացինք՝ շատ քիչ է։ Օրերո՛վ լացինք վարպետի կորուստին համար, ուրեմն եռակի լացինք՝ ու երեքս ալ յօդուածներով յայտնեցինք մեր կորուստին մեծութիւնը։ Մենք երեքս որոշեցիեք գալ Հայաստան։ Գալ վերջնական ու եկանք։

Երբ գիշերը քնացանք հանգիստ առաջին առաւօտը չէի կրնար նստիլ ու այցելութիւն մը չտալ Յակոբեաններուն։

Արդէն հոն էի ծրագիրով մը։ Ծրագիրս յօդուած մը գրելն էր Յակոբ Յակոբեանի մասին, եւ զայդ յայտնեցի տիկին Մարիին ու Նորային որպէս մտածումի խորութիւն ունեցող անձնաւորութիւններու։

«Կը յայտնե՞ս ծրագիրդ»- հարցուց տիկին Մարին, նոյնը կրկնեց դուստրը՝ Նորան։

«Յակոբի մահուանէն ետք առաջին այցելութիւնս է ձեզի։ Ամէն տեղ կը տեսնեմ Յակոբը ամէն սենեակի մէջ, օդին մէջ նոյնիսկ»:

Նորան էր ըսողը.-

«Բայց հայրիկիս վերջին գործը տեսնելու առիթը չունեցաք»։

«Վերջին գործը»- ու անմիջապէս ցատկեցի դէպի արուեստանոցը։

խրոխտ կանգնած էր հեծեալը։ Յակոբ Յակոբեանի վերջին իղձը եղած էր մեր երկիրը տեսնել, զգալ եւ ապրիլ առասպելական Անդրանիկով։

Չարձանանա՞լ, չխորհրդածե՞լ Յակոբեանի գալիքնափառ այս գործին առջեւ։ Օ՜, մտածումներու սաւառնող երամակներ վարպետէն՝ սանձազերծուած։

Արձանացած եմ՝ արձանացած ձիաւորին դիմաց...։

«Առայժմ ծրագիրս մեծ չէ, գրել 6-8 էջնոց յօդուած մը, Յակոբեանի մասին իմ մտորումներս, երկարատեւ բարեկամութենէ մը յամեցող յուշերը, շեշտելով անոր անսահման բարութիւնը, անկշռելի սէրը իր գեղանկարիչ ընկերներուն հանդէպ, իր մարդասէր հայ ըլլալը, Հայաստանը իր ողջ պատմութեան դրուագներով ներկայացնելը:

«Շող մը կրնայ մութը լուսաւորել»- ըսի։

«Պէտք է վերստին կարդամ Յակոբ Յակոբեան գեղանկարիչի «Ու մերթ լացաւ, Ու մերթ խնդաց իմ հոգիս» երկը, եւ այդ գիրքին ընդմէջէն ներկայացնեմ զինք, ո՜չ թէ մէկ հոգիի տպաւորութիւններով՝ այլ բազմապատկուած, իրմէ իսկ ապրուած խոհերու շարքին բազմաթիւներու խօսքերով հարստացած ելոյթներով։

Բայց Նորա ջան, հայրիկին, պիտի ըսէի վարպետին ինծի համար մակագրած այդ գիրքը մնաց պատերազմական Հալէպի մէջ։ Կը խորհիմ, որ այդ երկը որպէս ռումբ պիտի պայթի այդ արհեստական պատերազմը հրահրողներու գլխուն վրայ»։

Պատրաստակամ Նորան անմիջապէս ոտքի՝ ներսի սենեակէն բերաւ տուեալ երկասիրութիւնը, որու առաջին էջին վրայ կար մակագրութիւնը վարպետին, գրուած՝ «Սիրելի Յովհաննէս...», եւ ստորագրութիւն։

Յակոբեանները կը պահէին այս գիրքը՝ գտնելու համար անմականուն տէրը գիրքին։

Ուրեմն ժամանակաւոր էր տրուած հատորը։ Պէտք էր զայն վերադարձնել, որ երանելի Յովհաննէսը տիրանար անոր՝ վարպետի իրապէս հոգիով ու միտքով, խորախոր մտածումներով երկնուած գիրքին։

Այդ հատորը տարի մեր բեակարանը։

Աւելի քան 430 էջեր պարունակող այս երկասիրութեան ընթերցումին յատկացուցի ուղիղ եօթն օր ու եօթը գիշեր ու 43 էջ նօթեր քաղեցի անոր ատոք հասկերով լեցուն մտածումներէն, ուր կային նաեւ բազմութիւններ։

Հիմա չեմ գիտեր թէ վերանայուած այս մտածումները նախապէս ծրագրուածին նման պիտի զգենո՞ւն 6-8 էջ՝ թէ տասնապատիկը կամ քիչ մը պակաս կամ աւելի։

Չէ՞ր արժեր գիրք մը գրած ըլլալ վարպետ Յակոբեանի մասին:

Եթէ հասնելու ըլլայի ատոր՝ ճիշդ վերնագրած կ'ըլլայի, ճիշդ անուանած կ՜ըլյայի գրուելիք երկին անունը այսպէս.-

«Իմ ու բոլորիս գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանը»։

Ուրեմն ընթերցածս հատորին անյայտ բայց յայտնեփ տիրոջ՝ Յովհաննէսի այս գիրքին պէտքը չունէի այլեւս։ Զայն յանձնեցի Յակոբեաններուն։

Հիմա արդէն գրուելիքը բոլորինը ընելու ճիգերուն մէջ եմ։

Յակոբեանի միտք բանին մեր ցաւերը գումարումի ենթարկելը չէ, մեզ ինքնաճանաչումի մղելն է, եւ մղելը մեզ՝ որ մեր նուազումները գումարումներու վերածենք։

Միշտ եւ ամէնուր՝ ան եղբայրական սէր ցուցաբերած է հայ տաղանդաւոր նկարիչներու հանդէպ։ Խօսողը իր շրթները չեն՝ սիրտն է.«Սիրում եմ նկարել՝ եւ նկարելով մարդկանց կողքին լինել»:

«Իբրեւ հայ մարդ՝ չեմ կարող անտարբեր լինել իմ ժողովրդի վիճակին, իմ ժողովրդի պատմութեանը, այդ պատճառով Էլ, երբեմն-երբեմն յօդուածներ եմ գրում՝ այդքանով մասնակցութիւնս բերելով քաղաքականութեանը։

Ես ոչ թէ քաղաքականութեան եմ մասնակցում՝ այլ պարզապէս ուզում եմ իմանալ ինչ է կատարւում երկրում։ Եթէ մենք չիմանանք մեր ժողովրդի պատմութիւնը, չիմանանք ի՞նչ է կատարւում այսօր, ի՞նչ վիճակում է ժողովուրդը՝ ինչպէ՞ս պիտի ապրինք» :

«Կեանքս վերջանում է արդէն, բայց ես նոր-նոր մտածում եմ կեանքը բացատրելու մասին՝ անշուշտ ինծի համար։ Անշուշտ անկարելի է մէկ նախադասութիւնով ասել, որ կեանքը այս է, եւ այսպէս՝ է եւ վերջ։

Վերջերս սկսեցի մտածել պատահականութեան մասին։

Կեանքի մէջ՝ կարծում եմ, մարդը երբոր մտածում է ապրած կեանքի մասին, անկարելի է, որ պատահականութեան չանդրադաոնայ։ Նոյնիսկ սկսեցի հարց տալ, թէ կեանքը ինքը մարդու ծնած պահից մինչեւ վերջը, պատահականութիւններու շարան մը չէ: Չեմ ուզում այս մասին փիլիսոփայել, բայց պատահականութիւններու յաջորդականութեան մէջ անպայման օրինաչափութիւն մը չկա՞յ։

Հայրս ինչո՞ւ ինձ տարաւ եւ հինգ տարեկանիս արձանագրեց անգլիական վարժարան մը՝ երբ ինքը լաւ հայերէն գիտէր, հայկական կրթութիւն էր ստացել Այնթապի Աթենական դպրոցում։ Ան հիանալի ձայն ունէր, եկեղեցում սարկաւագ էր եղել։ Եւ ինձ, քրոջս, եղբօրս սորվեցաք (թող սփիւռքի «կարօտի գրականութիւնը» չկարդացուի) «Կռունկը», «Կանչէ կռունկը» եւ հայերէն ուրիշ բառերով երգ մը, որ սկսւում էր «Վառեց երկնքիե մոմերը»...

Ինչո՞ւ անգլիական վարժարան։

Որովհետեւ հայրս երեւի շատ մը հայերու նման հիասթափուելով Կիլիկիայում հայկական պետութեան մը յոյսի կորուստէն, չյուսալով իր կենդանութեան անկախ Հայաստանի մը մէջ ապրելու կարելիութենէն՝ մտածում էր, որ օտարութեան մէջ ապրելու եւ փառքի պայքարին դիմանալու համար անհրաժեշտ էր, որ իր զաւակը օտար լեզուով կրթութիւն ստանար:

Երկու տարի յետոյ Յակոբեանի հայրը կը մահանայ։ Մայրը երեք որբերով մնալով կը դժուարանայ պահել զանոնք։ Յակոբը կ'ուղարկուի Պօղոսեան վարժարան, ապա Կիպրոս Մելգոնեան գիշերօթիկ դպրոց, ուր կը մնայ եօթը տարի։

«Երեխայի համար, կարծում եմ, որ ամենամեծ դժբախտութիւնն է մանկութեանը իր հարազատներու ներկայութենէն զրկուիլը։ Բայց ինչ արած։

Ես իմ կեանքս չեմ պատմում, իմ գրուածքի նիւթը չէ իմ կեանքս, ես ուզում եմ խօսել իմ ապրած կեանքիս փորձառութեան մասին եւ ուզում եմ գրել։

Բայց չեմ կարող չգրել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մասին՝ ուր ունեցել եմ հայկական բացառիկ փորձառութիւն մը, որ յատուկ է օտարութեան մէջ ապրող շատ քիչ հայերի»։ Յակոբեանը կը մանրամասնէ Մելգոնեան հաստատութենէն գրելով։

«Մաքուր հայերէնը դպրոցի լեզուն էր հակառակ տարբեր տեղերից եկած հայ երեխաներուն։

Մեր հարազտներուն տեղը սկսում էին գրաւել մեր ընկերները։ Ընկերական կայունութիւնը եւ սէրը հասնում էր գրեթէ հարազատութեան զգացումի։ Մենք դառնում էինք տեսակ մը քոյրեր եղբայրներ, ուսուցիչները՝ տեսակ մը ծնողներ։

Այս վիճակը իմ վրաս անջնջելի հետք թողած է։ Զանոնք տեսնելով հանդիպեցի կարծես եղբօրս, քրոջս կամ հարազատիս»:

Մելգոնեանի մէջ Յակոբեանի նկարչութեան ուսուցիչները եղած են Առաքել Պատրիկն ու Օննիկ Աւետիսեանը, որոնցմէ առաջինը հայրենադարձ՝ որ Բրգնիկի իր ուսուցիչ Վարուժանի մասին խիստ հետաքրքրական գիրք մը հեղինակած է որպէս յուշ, եւ «Հայկական Տարազը» ձեւաւորուած ներկայացուցած է հատորով մը, ցոյց տալով, որ հայերը ունեցած են նաեւ սեփական տարազ։ Առաքել Պատրիկին կը պարտինք այդ գիրքերը։

Իսկ երկրորդը ո՛չ միայն կազմած է հայ նկարիչներու ստեղծագործութեանց նուիրուած երփներանգ օծուն հսկայ մատեան մը յուրախութիւն հայութեան՝ այլ գծագրած է նաեւ հայ տառերու բնօրինակ մը, որ տարածում չէ գտած ընդհանրապէս, բայց օգտագործուած է ուրիշ նկարիչներու կողմէ։

Յակոբ Յակոբեանը իր նկարչական ուսուցիչներուն հանդէպ երախտապարտ եղած է միշտ, բարի յիշելով անոնց անունները՝ Առաքել Պատրիկ եւ Օննիկ Աւետիսեան, այլապէս ալ յիշատակելի։

«Հիմնականին մէջ իմ նկարչութիւնս ինքնակենսագրական է։ Բնական է, եթէ Եգիպտոսում Եգիպտոսն եմ նկարել՝ Հայաստանում Հայաստանում եմ նկարել։

Կեանքիս ընթացքներում պատահած դէպքերը, մարդկային յարաբերութիւնները պէտք է որ նիւթ հայթայթէին նկարչութեանս համար։ Ես դա չեմ անում գիտակցաբար՝ այլ ստացւում է ինքնաբերաբար։ Այս նկարն էլ (դիմացի պատի) կենսագրական մեկնակէտ ունի՝ որովհետեւ այդ գանգերէն մէկուն վրայ պիտի գրեմ իմ մեծ հօր անունը, որ Տէր-Զօրում սպաննուած է։

Եգիպտոսում ապրում էի Եգիպտոսի կեանքով, հայրենիքիս մէջ՝ մէկ ուրիշ։ Սովետական ռեժիմը ուրիշ մթնոլորտ էր ստեղծում... ով ապրել է գիտի, որ դա մարդու համար ընդունելի վիճակ մը չէր։ Մարդիկ վարժուել էին երեւի՝ բայց չեմ կարծում որ մարդ մինչեւ վերջ վարժուի այդ վիճակին, որովհետեւ դա ստորացուած մարդու վիճակ էր։ Ինչ կրթութեան, ուժի, աստիճանի մարդ ալ որ կար՝ կարծում եմ ստորացուած էակ էր։

Իմ բախտը բերել է ես չեմ ենթարկուել միջամտութեան։ Ինձնից աւելի կարեւոր մարդիկ էին՝ որ ենթարկւում էին ճնշումներու եւ հալածանքներու։ Մինասի եւ Փարաջանովի պէս սքանչելի արուեստագէտներին պետութիւնը նայում էր իբրեւ թշնամու»:

Յակոբեանը իր խօսքը կ'աւարտէ այսպէս.–

«Կարծում եմ, որ արել եմ այնչափ որ հնարաւոր էր» : Կը գտնենք, որ ամէն ինչ ըսուած է ճշմարիտի սահմանին մէջ՝ ազատ մտածողի հոգեկանութեամբ, առանց դիմելու չափազանցութեան կամ ցեխարձակումի։ Մէկ խօսքով Յակոբեանական անմեղութեամբ՝ հեռու չարակամութենէ։

«Թուրքերը ամէն ինչ արեցին մինչեւ վերջին հայը ոչնչացնելու իրենց ծրագիրը իրականացնելու համար, միայն Ռուսական Կայսրութիւնը նոր անունով Սովետական Միութեան ստեղծումը խանգարեց իրենց ծրագիրը։

Այսուհանդերձ վերացե՞լ է հայ ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող վտանգը»:

Չարիքի դիմաց Յակոբեանը կը բարձրացնէ հայ հանճարը։

«Թամանեանը իր կեանքով եւ ստեղծագործութեամբ ոչ միայն հայ հանճարի բարձրագոյն ներկայացուցիչն Է այլեւ ողբերգութեան կատարեալ մարմնացում, որովհետեւ իր ստեղծագործութիւնը իր մահովը կիսատ մնացած՝ աղաւաղւում եւ ոչնչացւում Է։

Այստեղ լրիւ մերկ երեւում Է հայու իսկական նկարագիրը՝ իբրեւ խորունկ հիւանդութիւն, եւ այդ հիւանդութիւնը կոչւում է կիսատ-պռատաթիւն, մի գործ մինչեւ աւարտ հասցնելու անկարողութիւն։

Ոչ մի պարագայի չի՛ կարելի մեղադրել Թամանեանը՝ որ Սուրբ մըն Է։ Ինքը երազել Է եւ նախագծել մի քաղաք՝ որ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին ուժը, հպարտութիւնը՝ ամբողջ մարդկութեան աոաջ։ Այսօրուայ բառերով, Թամանեանի Երեւանի գլխաւոր յատակագիծն է իրաւամբ՝ մեր նորանկախ հանրապետութեան պետական ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ։

Այստեղ է մեր ժողովուրդի ողբերգութիւնը, որ Թամանեանի գլուխ գործոցը՝ հրապարակը, Օպերան, չի՛ իրականանում ինչպէս հեղինակը կը փափագէր։ Եւ դժբախտաբար, այսպէս է նաեւ մեր ժողովուրդը՝ հանճարեղ կամ կիսատ պռատ։

Յ.Գ.

Մոռցայ յիշելու նաեւ Օղակաձեւ այգին, որ ըստ Թամանեանի նախագծին՝ պէտք է ըլլար գեղեցկուհի Երեւանի պարանոցին զմրուխտի մանեակը, բայց այսօր դարձել է Երեւանի վզին կախաղանի օղակ։ Ինչ որ է, ըսելու այնքան բաներ կան։ Այս անգամ այսքան:

Այսպիսի պատմութիւններէն մէկն ալ յիշեալ հատորին մէկ բաժինն է, այնքան ճշմարտապատում ամէն ինչ՝ «փորձանք» բաժինին մէջ շեշտելու համար։

Չերկարացնենք, գէթ հարիւրէն մէկը ըսենք.-

«Վերջերս մտածում էի, որ փորձանքները անպակաս են մարդու կեանքէն։ Փորձանքները պատահում են նաեւ ժողովուրդների հետ...

Կ'ուզեմ նաեւ շեշտել, որ փորձանքը գալուց առաջ չի՛ նախազգուշացնում...

Ահաւասիկ յիշենք երկու օրինակ։

1988թ.-ի երկրաշարժը՝ որուն պատճառած վնասները չեմ կարծում, որ մինչեւ հիմա հաշուառած են... (կարծէք Յակոբը ոչինչ ըսաւ.- Թ.Թ.)։

Կրնայի՞ն կորուստները անհամեմատ շատ աւելի պակաս ըլլալ: Այո, կրնային ըլլալ։ Հայերն ունէի՞ն յանցանք։ Գործո՞ւմ են սխալներ, վճարո՞ւմ են այդ սխալների համար։ Անկասկած։

Ինչո՞ւ մոռացել էին, որ ապրում են շարժուող հողի վրայ, այն է ինչպէ՛ս շարժուող։ Վկայ՝ կործանուած եկեղեցիները, վկայ 1926 թուի Լենինականի երկրաշարժը։

Որեւէ հայ ղեկավար ամենափոքր փորձն արե՞լ էր Մոսկուային հասկացնելու համար՝ որ այդ ոճի շինարարութիւնը մահացու վտանգաւոր է մեր ժողովրդի համար։

Չէր արուել։

Անօրէն շինարարութիւնը, միլիոնների գողութիւնը ցեմենտի երկաթի, տարբեր նիւթերու, եւ շինարարական որակի անկու՞մը։ Ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան կանչուեցա՞ւ, ոեւէ մէկը պատժուեցա՞ւ։

Մեզի մնացին աղէտի գօտի, հազարաւոր անտուն մարդիկ՝ ծայրագոյն թշուառութեան մէջ, մեզի մնաց նաեւ այն՝ որ իմացանք թէ հայ մարդը հասել է այլասերման ճահճի յատակը։

Երբ կարդացի Փաւստոս Բիւզանդը՝ նոր հասկցայ, որ մինչ այդ ես պակաս հայ եմ եղել։ Ամէն մարդ պէտք է որ կարդայ Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատումը»...»։

Խօսք կայ «Դեկրետի» մասին

Լսենք.-

««Դեկրետը» մեր ուղղագրութիւնը փոխելու մասին էր, 1922 Մարտի 4-ի դեկրետով Հայաստանում կատարուած ուղղագրական բարեփոխութիւնը (իսկ ինչո՞ւ ոչ՝ չարափոխութիւնը)՝ որը արեւելահայ ուղղագրութեան հիմքն է»:

Յակոբեանը հոգիի լարումով կը շարունակէ.«Ուղղագրութիւնը Աբեղեանի անունին կարելի է կապել, բայց դեկրետը ո՞ւմ անունին հետ պիտի կապել։

Աբեղեանը չէր կարող դեկրետ հրապարակել։ Հնարաւոր է, որ Աբեղեանը ուզենար բարեփոխել Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, մինչեւ կեանքի վերջը շարունակէր իր հետազօտութիւները, որոնք իր հայագիտական աշխատանքներուն կարգին մնային իր գիրքերուն մէջ։

Չեմ հաւատում, որ Աբեղեանը ուզենար տեսնել մեր երեխաներու ձեռքերում հայերէն լեզուի դասագրքեր՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ողղագրութենէն տարբեր ուղղագրութեամբ։ Այստեղ է, որ լսւում է Պօղոս Մակինցեանի անունը։ Չեմ գիտեր իրապէս Մակինցեան ինչ դեր ունեցած է դեկրետի հարցում, բայց գիտեմ, որ ինքը ափսոսանքով էր նշել, որ չէր արժեր Մեսրոպեան ուղղագրութեան ձեոք տալ, եթէ նաեւ Մեսրոպեան գրերը չփոխարինուէին լատինական տառերով։

Սպաննութիւնը կիսատ էր մնացել:

Ի՞նչ էին ուզում այս մարդիկը հայ Ժողովրդից։ Խեղճ հայ ժողովուրդ, եթէ դուն արժէք մը ունիս՝ այդ ալ քու ազգային ըլլալդ է։ Ուրացա՞ր ազգդ՝ դուն ոչինչ ես։ Որովհետեւ ապագայնացած այդ խումբը (որուն մաս էր կազմում Պօղոս Մակինցեան)՝ յետոյ ոչնչացուց դահիճ ընկ. Ստալինը։ Այդ ողորմէլի խումբը մի երգ սորված էր՝ այս հին աշխարհը մինչեւ հիմքերը փորելու երգը։ Բայց Հայաստանում ի՞նչ մնացած էր՝ որ փորէին մինչեւ հիմքերը, եւ գտան 1600 տարուայ սրբութիւն սրբոց հայ ուղղագրութիւնը (Մեսրոպին)՝ հիմքերը քանդելու եւ քանդելու համար։ Չէ՞ որ իրենց նախահայրը ընկեր Փանչունին էր, որուն համար «քանդելը» նշանակում էր «շինել»։ Շահան Շահնուրի խօսքերով՝ ան աւարտին կը հասցնէ այս յօդուածը։

«Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ եթէ իր երեսէն հայը անհետանայ վերջնական չքացումով։ Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած՝ եթէ հայը արդիւնաւորէ անգամ մը եւս իր հանճարին թաքուն ուժերը»:


Գ. «Ծանիր Զքեզ»


«Նախ յիշեմ մեծագոյն նկարիչ Ռաֆայէլի խօսքը. «Նկարը դիտողը եւ գնահատողը մասնակից է դառնում ստեղծագործութեան»։

Մարդու ամենաանդիմադրելի փափաքներէն մէկը այն է, որ նա ուզում է իր շուրջը եղողները իրենով զբաղուեն, փայփայեն եւ յաճախ յայտարարում է, որ ինքը ինքզինքին համար, իր հաճոյքին համար է նկարում, բայց երբ աւարտում է իր աշխատանքը՝ անմիջապէս սկսում է մտածել, որ ինչպէս անի՝ որ իր ստեղծագործութիւնը ցոյց տայ իր շուրջը եղող մարդկանց, հայրենակիցներին, անշուշտ գովասանքների ակնկալութեամբ։ Ուզում է, որ ինքը սիրուած ըլլայ, նաեւ ուրախ պիտի ըլլար՝ եթէ երբեմն-երբեմն մարդիկ փող տային եւ վերցնէին նկարը, իրենց տունը զարդարելու եւ դիտելու համար...:

Մարտիրոս Սարեանը ծնունդ էր այդ մշակոյթին, քանի որ հայերը դարերէ ի վեր շփման մէջ էին այդ մշակոյթին ո՛չ միայն տարածութեան մէջ՝ այլեւ մանաւանդ ժամանակի։ Ասենք որ Սարեանը արդէն մասնակցում էր Եւրոպայի մշակոյթի ստեղծմանը, ստեղծագործում, հասել էր բացառի՛կ յաջողութեան։ Իր հանճարը բացայայտ էր...

Յիշեցնեմ, որ 19-րդ դարուն մենք Եւրոպական այդ մշակոյթի հետ մեր բնական կապը եւ տեղը հաստատել էինք՝ հանճարեղ ծովանկարիչ «Ադմիրալ» Յովհաննէս Սյվազովսկիի սքանչելի նկարչութեամբ... Ահաւասիկ Մոսկուայից մինչեւ Նիւ-Եորք՝ արուեստի «Մետաքսի ճանապարհի» քարաւանապետերէն մէկը։

Սարեանը եկաւ վերցնելու դրօշը։

Եթէ Սարեանը մնար Մոսկուայում, կամ գնար Փարիզ կամ Նիւ-Եորք ոչ մէկ կասկած կայ, որ նա պիտի կարողանար իբրեւ նկարիչ ապրել, ստեղծագործել եւ գնահատուել բարոյապէս ու նիւթապէս։

Բայց Սարեանը եկաւ Հայաստան՝ հայրենիք, տկար, աղքատ, խեղճ հայրենիք՝ քանի որ ինք Հայաստանի համար աշխարհ եկած էր, հա՛յ ժողովուրդին համար աշխարհ եկած էր։

Ինչու Կոմիտաս վարդապետը չէ՞ր կրնար ստեղծագործել Փարիզում։ Ալեքսանդր Թամանեանը չէ՞ր կրնար կառուցել շարունակել Մոսկուայում»:


«Սիրողական Արուեստաբանութիւն»

Գրութեան մէջ կը կարդանք


«Այսօր նկարչութեան կիրառումը սերտ կապի մէջ է զարգացող տեխնիկայի հետ։ Նկարիչին դրոշմը ամէն տեղ կայ որին նոյնիսկ չենք անդրադառնում, այնքան՝ որ նկարչին գործը թափանցում է բնականօրէն մարդու ապրելակերպին։ Վաղնչական ժամանակներէն ծանօթ նկարչութիւնը սկսած քարայրներու մէջ նկարուածներէն (ասում են որ 30.000 տարիների հնութիւն ունեն) մինչեւ 20-րդ դար, մարդ արարածը ստեղծել է սքանչելի նկարչութիւն որ մեզ միշտ հիացրել է, անկախ ստեղծման ժամանակից եւ տեղից։

Լաւ նկարչութիւնը չի՛ հնանում, չի՛ կորցնում իր ներգործելու ուժը։

Նկարչութեան մէջ հիմնական հերոսը եղել է մարդը։

Անշուշտ կ'ուզեմ ըսել վերջին խօսքս, որ նկարիչը չի կարող չնկարել այն՝ ինչ զինքը յուզում է, եւ մղում նկարելու»:

Երբ կը կարդայի Յակոբեանի մտածումն ու հոգիի ձօներգն ուղղուած Մեծն Սարեանին՝ կը խորհէի թէ հայ նոր Առաքեալ մը հայկական սաղմոսներ յօրինած է, այնքան բանաստեղծական ու գիտական որ Յակոբեանի սաղմոսներուն ոսկի թելերն են Սարեանը, Կոմիտասը, Թամանեանը, իսկ Սբ. Մեսրոպ՝ ադամանդակուռ թելը։

Ու դուն պիտի մնաս հա՛յ սաղմոսերգու՝ որպէս հայ ոգիի նո՛ր պոռթում։

Բայց երբ կը խօսի Մինասի մասին՝ կ'աճապարէ ըսել.-

«Ինչո՞ւ կեանքի մէջ կայ դառնութիւն ու վիշտ», նկատի ունենալով Մինասի արուեստանոցին հրդեհուիլն ու անոր արկածահար մահը։

Ու կ'աւելցնէ.–

«Բնութիւնը այս մարդուն ստեղծած էր գեղեցիկ, հմայիչ՝ եւ նրան օժտել էր ամենաազնիւ յատկութեամբ, մարդը ուրախացնելու բացառիկ յատկութեամբ։ Բայց ինչո՞ւ ճակատագիրը այս մարդուն հանդէպ պիտի ըլլար այնքան անողոք»:

Ու կը շարունակէ.«Հիմա չկա՛յ Մինասը՝ մեր ուրախութեան աղբիւրը, հեռուներից տեսանելի հեռաստաններ բացող։ Մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր Մինասը։ Իր ինքնանկարը Գոգէնը կը յիշեցնէր։ Մեր սիրտին խոր վէրք ձգեց Մինաս»:

Յակոբեանը օր մը՝ Ռափայէլ Արամեան ու Գրիգոր Քէշիշեան գրողներուն հետ այցելած է առաջին անգամ Մինասի արուեստանոցը։

Յակոբեանը ինչպէս ինք անձամբ գրած է՝ այդ այցը գտած է «ցնցիչ անակնկալ»... ու աւելցուցած է.-

«Ես Սարեանը կը փնտռէի գտայ Մինասը... Նոր հանճար մը կար Հայաստանի մէջ, իմ աւագն էր, իմ վարպետը, իմ ընկերը... տարաժամ խփուեցաւ... Ան որքա՜ն պիտի հարստացնէր մեր ժողովուրդը...

Մինասը իր հետ գերեզման տարաւ հարիւրաւոր գլուխգործոցներ` որոնք մեր ժողովուրդի ոգիին պիտի դառնային սնունդ, իր ազատութեան պայքարին։ Մինասը եկաւ իբրեւ առաքեալ։ Նա իր արուեստով զոհուեցաւ պայքարի ժամանակ։ Մինասը միայն հանճարեղ նկարիչ չէր։ Նա ոգիի հերոս էր»:

Կը կարդաս հոգեկան խոր ապրումներու ծնունդ էսսէներու այս շարքը եւ կ'ուզես սեփական հոգիիդ մէջ եւս թաճել ոսկեղնիկ այդ խորհուրդ-մտածումները։

Նման թեւաւոր խօսքեր շատ ունի Յակոբ Յակոբեանը, որ մտածել-վերլուծելու առիթ կուտայ ընթերցողին իր «աֆորիզմներով»:

Երկրորդ կարեւոր հարցերէն մէկը` մարմնի (նիւթի) եւ հոգիի հարցն էր։ Բնութիւնը մարդուն ստեղծած է իբրեւ մարմին ու հոգի... իսկ հոգին անմահ է։ Եթէ մարդ արարածը իր մարմինը փոխանցում է իր զաւակին 70, 80, 90 տարով՝ իր հոգին շատ հեռուից է գալիս, եւ շարժւում առաջ, եւ այնպէս Է, որ երբ աշխարհ ենք գալիս՝ մեր նախնիների հոգիները դիմաւորում են մեզ։

Մեր մեծագոյն սրբի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի մարմինը հողին տակ է Օշական գիւղում, իր աշակերտի Ամատունի իշխանի գերեզմանէն ոչ հեռու, բայց իր ստեղծած հայերէն այբուբենը՝ որուն ամէն մէկ տառը մէկ-մէկ գլուխ գործոց է, անհնար է գերեզման դնել։

Հանճարին մարմինը հողի է վերածուած՝ բայց իր հոգին կենդանի է, եւ մեզ հետ է...

ես ուզում եմ նշել, որ հայ ժողովուրդը չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ առանց հայերէն լեզուի։ Դժբախտաբար լեզուն չէ՛ կպած մարդու մարմնին մաշկի պէս՝ եւ չի՛ ծնւում մարդու հետ։

Լեզուն կարելի է սովորել՝ եւ շատ հեշտութեամբ մոռանալ...

Միակ տեղը ուր հայը կարող է դիմանալ՝ դա էլ հայրենիքն է, իր միջնաբերդը, որուն որքան մօտ ըլլայ հայը՝ այնքան ապահով է, որ կրնայ շարունակել գոյութիւն ունենալ»:

Մնացեալ էջերուն յատուկ են խորախոր մտածումներ ու ճշմարտութիւններ՝ ուր Յակոբեան կը յաւելու.-

«Հայու յաջողութիւնը, հերոսութիւնը եւ մահը նոյն ժամանակ են գալիս։ Դարերու ընթացքին քի՞չ հարստութիւն եւ արժէքներ են ստեղծել հայերը՝ որոնք ժառանգ են մնացել օտարին։ Սա բոլորը չէ։

Երրորդ հանրապետութիւնը սկսաւ կոչով՝ որու խօսքերը չեմ կարծեր, որ մինչ այդ գտնուէին բազմահազարամեայ Հայոց լեզուի բառարաններում «Շուկայական յարաբերութիւններ... Չկան յաւիտենական թշնամիներ, չկան յաւիտենական բարեկամներ կան յաւիտենական շահեր»։

Մարդիկ որոշ ժամանակ սպասելէ վերջը երբ տեսան, որ «շուկայական յարաբերութիւնները» չեն գալիս ըսին ոչինչ, մե՛նք կ'երթանք իր մօտ։

Այսօր արժէզրկումները շարունակւում են, եւ ամենատխուրը արժէզրկւում է խօսքը, որը ամենապինդ շաղախը պիտի ըլլար հայրենակիցները իրարու կապող։

Ես հաւատում եմ, որ մեր ժոդովրդի մէջ կայ մի բան որն իրեն պահոّւմ է վերջնական այլասերումից:

Դարձեալ Յակոբեանն է ըսողը.–

«Իրարու հանդէպ թշնամութիւնով՝ դժուար է պետութիւն ստեղծել։

Խորապէս ցաւելով նայում եմ, որ մեր ղեկավարութիւնը ժամանակին չկարողացաւ կամ չուզեց ստեղծել եւ գործադրել յստակ ծրագիր կազմակերպելու իր ժողովուրդին, իր հպատակներուն կեանքը, ապահովելու անոնց գոյութիւնը։

«Վերադիր ժառանք»՝ Ազրպեյճանի հետ մեր թշնամութիւնը։

Անո՛նք սկսան պատերազմը։

Հայ ժողովուրդ, բուժի՛ր դուն քեզ, օտարը քեզ չի՛ բուժելու»:

Ահա կարեւորը։






ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Կը խորհիմ թէ այս բոլոր տուեալներով աւելի մօտէն ճանչցանք գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանը։

Մեր հիմնական նպատակը ենթակային արուեստը չէր։ Այդ գործն է արուեստաբաններու։

Մենք ուզեցինք ներկայացնել մարդը, հայ մարդը՝ տեսլական ունեցող մարդը, որ իր պատանի հասակէն ապրած ըլլաով Մելգոնեան Կրթ. հաստատութեան մէջ, օգտուելով հաստատութեան հարուստ գրադարանէն դարձաւ ուղղակի գրամոլ, յափշտակութեամբ կարդաց մեր դպրութեան մեծերու գործերը, նոյիսկ լացաւ՝ երբ կարդաց Չարենցի, Թումանեանի, Վարուժանի, Մահարիի, Բակունցի գործերը, ու երազեց ո՛չ միայն տեսնել՝ այլ ապրի՛լ մեր պապերու հայրենիքին, իր հայրենիքին մէջ, ու կանուխէն նուիրուելով նկարչութեան արուեստին Գահիրէի մէջ՝ անցաւ Փարիզ, այդ օրերուն արուեստներու մայրաքաղաքը, ու ի վերջոյ իր հասուն տարիքին երբ քառասուն տարեկան էր, հասաւ իր երազին՝ Հայաստան։

Թէ ինչպիսի կեանք մը կար իր երազած Հայաստանի մէջ՝ ինք տեսաւ ու ապրեցաւ այդ կեանքով, եւ քառասունէ աւելի ապրելով իր երազած երկրին մէջ՝ անբաժան մնաց երկրին ցաւերէն ու յաջողութիւններէն, ո՛չ միայն նկարեց իր կեանքը ինչպէս սովոր էր ըսել ինք, եւ իր կեանքով նկարեց նաեւ Հայաստանը՝ երկրի կեանքովը, ուր զինք ներշնչեցին Թամանեանը, Սարեանը, Մինասը, եւ այնքան ուրիշներ եղան իր սրտակիցները։ Տիրացաւ անունի, արժանացաւ յարգանքի, 1963-էն սկսեալ ունեցաւ անհատական ցուցահանդէսներ ո՛չ միայն խորհրդային Միութեան մեծագոյն քաղաքներուն մէջ՝ այլ նաեւ արտասահմանի մէջ, անտեսելով այնպիսի ճղճիմ արարածները՝ որոնք հարց կուտային իրեն․-

«Ինչո՞ւ եկած ես Հայաստան»։

Յակոբեանը եկած էր իր հայրենիքին մէջ ապրելու, լաւ գիտնալով թէ օտարութիւնը մահ կը նշանակէր հայուն համար։

Հողին պաշտամունքը ունեցաւ Յակոբ Յակոբեանը, եւ քար առ քար ճանչնալով իր երկիրը հաւատաց, որ հայուն այս վերջին միջնաբերդը պիտի դառնայ ամբողջական Հայաստան ունենալու հաստատուն կռուանը, ու այդ հաւատքով ալ գնաց ննջելու Կոմիտսաի անուան Պանթէոնին մէջ՝ որպէս հայ մեծութիւններու ընկերակից, եղբայրակից։

Հայոց գեներուն ներկայացուցիչը եղաւ Յակոբեանն իր արուեստով ու կեանքով՝ օտարութեան ճամբաներէն գալով Հայաստան։

Ան խորապէս գիտցաւ թէ հայուն կարօտէն ծնաւ այսօրուան Հայաստանը, ու հայու կարօտէն պիտի ծնի վաղուան ամբողջական Հայաստանը իր Վանով, Մուշով, Կարինով ու Սասունով՝ մինչեւ ծով։

Ու այդ հաւատքը կտակեց մեզի՝ իր յետնորդներուն։

Բ. Մելգոնեանցի

Կարպիս Սուրէնեան


1945 թ.-ին երբ Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութիւն ոտք կը դնէի՝ զիս եւ միւս նոր աշակերտներու խումբը դիմաւորողներու մէջ հանդիպեցայ նոյն հաստատութեան սան Կարպիս Սարկաւագեանին յետագային գրող եւ թարգմանիչ Կարպիս Սուրէնեանին, եւ բարեկամացայ։

Երբ Կարպիս Սարկաւագեանը աւարտեց Մելգոեան Կրթ. Հաստատութեան լրիւ ընթացքը, Բ. Համաշխարհային պատերազմը կը շարունակուէր տակաւին։ Ուստի հաստատութիւնը այս ուսանողին կոչեց ուսուցչական պաշտօնի։

1945-46 ուսումնական տարին վերջ գտաւ։ Կարպիսը պատրաստուեցաւ մեկնիլ իր ծննդավայրը Աթէնք, Պարթենոնի մօտակայքը։

Կարպիսը երբ կը մեկնէր հաստատութենէն դպրոցի օրուան բոլոր ուսանողները շարուեցան բարի ճանապարհ մաղթելու դպրոցի սան-ուսուցիչ մեկնողին։ Ան մեկնեցաւ թրջուած աչքերով՝ ձեռքերով Հաստատութեան պատերը շոյելով մնաք բարով ըսաւ բոլորիս, լացնելով ներկաները։

Սարկաւագեաններու ընտանիքը նոյն տարի (1946) մեկնեցաւ հայրենիք։

Կարպիսը երբ ուսանող էր, շարունակ կը կրկնէր.

— «Հայաստան պիտի երթամ, սորվիմ ռուսերէն լեզուն եւ Ֆ. Դոստոեւսկիի Գարամազով Եղբայրներ վէպը բնագիրէն պիտի թարգմանեմ հայերէնի»։

Ան իրագործեց իր ծրագիրը։ Այդ թարգմանութիւնը ունեցաւ երկու հրատարակութիւն։

Տարիներով խզուեցաւ մեր կապը։

1963-ին բախտաւորութիւնը ունեցայ մենելու Հայաստան որպէս սփիւռքահայ ուսանող։ Մեր բաժանումէն 17 տարիներ ետք Կարպիսին հետ ողջագուրուեցայ հայրենի հողին վրայ։ Ուսմանս շրջանը եօթ տարի տեւեց։ Ընթացքին յաճախ միասին կ'ըլլայինք։ Սուրէնեան դարձած Կարպիսը հրաշալի զրուցակից էր։ Բառին իրա՛ւ հասկացողութեամբ մտաւորական՝ պատմութիւնը, գեղանկարչութիւնը, ճարտարապետութիւնը, հին ու նոր կրօններու պատմութիւնը, երգարուեստի մանաւանդ դասականը գաղտնիքներ չունէին իրեն համար։

Մենք ընտանիքով եկած էինք Հայաստան։ Ես ու տիկինս Արմինէն Երեւանի բժշկական ինստիտուտի ուսանողներ, մեր զաւակները Անին ու Արան Եղիշէ Չարենցի անունը կրող դպրոցի աշակերտներ։

Մեր ծննդավայրը վերադառնալէ առաջ երբ Սուրէնեաններուն ցտեսութիւն ըսելու համար կը գտնուէի իրենց տան մէջ, ըսի անոնց. — «Սիրելիներ, երբ Հալէպի մէջ հիւրեր ընդունելու համար յարմար տուն ունենամ՝ ձեզ տէր եւ տիկին պիտի հրաւիրեմ երեք ամիսով»։

Կարպիսը թերահաւատ էր այդ մասին։

Մենք նման պայմանի տիրացանք 1994 թ.-ի Գարնան՝ եւ իրագործեցինքն մեր խոստումը։

Կարպիս Սուրէնեանը մինակը պատասխանեց մեր հրաւէրին, քանի որ Սուրէնեաններու բժիշկ որդին ու անոր տիկինը աշխատանքի մէջ ըլլալով՝ իրենց զաւակին պահող մը պէտք էր:

Մեր հրաւէրը ունէր ծրագիր, որոնցմէ մէկ քանին դասախօսութիւններ կազմակերպելն էր Հ.Բ.Ը. Միութեան Հ.Ե.Ը.-ի սրահին մէջ։ Լեցուն սրահի առջեւ տեղի ունեցան Սուրէնեանի ուսանելի դասախօսութիւնները։

Սուրէնեանը ճանչցաւ մեր հայագաղութը՝ եւ գաղութն ալ ճանչցաւ զինք։

Արձակուրդի այդ օրերուն Սուրէնեանին դէպի հնավայրեր տանելու առիթները ստեղծեցինք, տանելով զինք Սիմոն Սիւնակեացի բաց թանգարանը, ապա Աբուլալա Մահարի Սուրիացի բանաստեղծին թանգարանը, հուսկ՝ Փալմիր։ Փալմիրի ողջ պատմութիւնը անգիր գիտէր Սուրէնեան։

Առիթէն օգտուելով շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Պէյրութ։

Հոն Մելգոնեան Սանուց Միութեան տղաքը դիմաւորեցին մեզ, կազմակերպեցին դասախօսական երեկոներ, ծովագնացութիւն, արշաւ դէպի հնավայրեր՝ Պաալպէք, հին հայկական որբանոց, Ճըպրան Խալիլի ծննդավայր, նոյնպէս Միխայիլ Նաիմէ բանաստեղծին հետ տեսակցութիւն՝ անոր հրատարակած գիրքերու տեսութեամբ։ Միխայիլ Նաիմէն եղած էր Լիբանանցի այն գրագէտը՝ որ Ռուսիա մեկնելով տեսակցած էր Ալ. Թոլսթոյի հետ, օգտագործելով ռուսերէն լեզուն, ու զարմացնելով մեծ գրողին։

Նաիմէն ռուսերէնը սորված էր իր ծննդավայր Պիսքէնթէ աւանի ռուսական եկեղեցիին մէջ։

Հրաշքներ ամէն տեղ ալ կը պատահին։

Վերադարձ Հալէպ։

Մեր առաջարկին ընդառաջելով Հալէպի Հ.Բ.Ը. Միութիւնը մեր յառաջաբանով հրատարակութեան յանձնեց Սուրէնեանի «Ոգեղէն Ամրոցը» գիրքը, նոյն 1994 թ.-ին։

Սուրիան ու Լիբանանը յարգանքով ընդունեց Սուրէնեանը, որ մէկնելէ առաջ յայտարարեց.

— «Ինչպէս Հայաստանը պատմական ու գրաւեալ, ինչպէս այսօրուան կրճատուած մեր երկիրը բաց թանգարաններ են երկինքի տակ նոյնպէս ալ Սուրիան ու Լիբանանը»։

Կարպիս Սուրէնեանը մեկնեցաւ Երեւան։ Կարճ միջոց մը ետք իրմէ նամակ մը ստացայ Լոս Անճելըսէն։

Արտագաղթա՞ծ էր, ո՜չ, ան երկրին զաւակն էր։ Ազգականներ քանի մը շաբթուան համար զինք հրաւիրած էին Ամերիկեան հրեշտակներու քաղաքը, ուրկէ ան կը գրէր ինծի.

— «Սիրելի Թորոս, կը նախընտրեմ Երեւանի մէջ հացի համար կէսգիշերին հերթի կենալ մինչեւ առաւօտ քան ապրիլ ԱՄՆ-ի մէջ։ Հին գրամեքենայ մը ունիմ, կը չխչխկացնեմ, պատմուածք մը կը գրեմ, թարգմանութիւն մը կը կատարեմ, հայերէն նոր բառ մը կը ստեղծեմ... ասոնք են երջանկութեանս աղբիւրները, նաեւ մեծցող թոռնիկս ու մեր ընտանիքը։ Հողին վրայ, հողին հետ ապրիլն է ճիշդ»։

Հալէպ մնալու ընթացքին այս սիրելի բարեկամիս զանազան հարցումներ տալով պատասխանները կը գաղտնագրէի, յատկապէս հարցերը կեդրոնացնելով հայկական ճարտարապետութեան եւ հայ ու միջազգային դասական երաժշտութեան ակունքներուն ուղղեալ։

Անշուշտ բոլոր մեծութիւնները կային այդ հարցումներուն մէջ՝ սկսեալ Կոմիտասէն, Պեթհովենէն, Խաչատուրեանէն, Շոբենէն, Թորամանեանէն, Անիէն, Աղթամարէն, ու շատ շատերէն, հասնելով նոյպէս Այա-Սոֆիա ու սուրբ Հռիփսիմէ...

Այդ գաղտնագրութիւնս լոյսին բերուեցաւ Երեւանի մէջ 2003 թ.-էն, հետեւեալ խորագիրին տակ. «Զրոյցներ Կարպիս Սուրէնեանի հետ»:

2015 թ.-ին վերադարձայ Հայաստան վերջնական կեցութեան համար։

Խնկո Աբէր գրադարանի սրահին մէջ երեկոյթ մը կազմակերպուած էր նուիրուած Կարպիս Աուրէնեանի ծննդեան 90-ամեակին, որուն կը միացուէր Սուրէնեանի «ՈԳՈՒ ԱՄՐՈՑՆԵՐ» երկսիւնակ հայերէն-անգլերէն լեզուներով գրքին շքեղ հրատարակութեան շնորհանդէսը։

Անոր վաստակը բարձրօրէն գնահատող ինը մտաւորականներ խօսք առնելով այս հեղինակը անուանեցին բարձրաուեստ էսսէիստ, ու նոյնքան մեծարժէք թարգմանիչ։

Երեկոն լրջօրէն գնահատելի կը ղեկավարէր յայտնի գրականագէտ ու արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեանը։

Բախտաւոր գիրք մըն է այս հրատարակութիւնը լոյսին եկած երեք հեղ։ Առաջինը Երեւանի մէջ 1982 թ.-ին, երկրորդը 1994 թ. Հալէպի մէջ ճիգերովն ու յառաջաբանովը Թորոս Թորանեանի, եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան հովանաւորութեամբ, իսկ երրորդը դարձեալ Երեւանի մէջ 2015 թ.-ին գրողին արժանի այս գեղազարդ հրատարակութեամբ։

Ափսո՜ս որ այս գնահատելի երկը լոյսին եկաւ հեղինակի մահէն ետք։ Չկարծուի սակայն, որ Կարպիս Սուրէնեան իրաւ գրագէտը գնահատուեցաւ միայն յետմահու։ Սուրէնեանն իր ողջութեան արժանիօրէն գնահատուած է որպէս բարձրարժէք մտաւորական, գրող ու թարգմանիչ։

Ահա այս մեծղի ու արփիափայլ հրատարակութիւնը կը վայելենք զոր յառաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով օժտած է գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանը, եւ ինչպէս միշտ ճաշակաւոր ձեւով ընթերցողին հասցէագրած է Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ հրատարակչատունը։

Հրատարակութեան մաքուր նկարները կը պարտինք Զաւէն Սարգսեանին ու Հրայր Բազէ Խաչերեանին։

Մաքուր մայրենիով գրուած այս էսսէն զուգահեռ մաքուր անգլերէնով մը մեզի ներկայացնողը Թովմաս Սամուէլեանն է։

Արուեստով զինուած նման հաւաքական աշխատանքներ անպայման կը մագնիսեն ընթերցողները։

Պահն է որ լսենք Կարպիս Սուրէնեանի տարօրէն խոհուն ու մտածուած ելոյթները այս հատորին էջերէն, եւ իրմէ առաջ յառաջաբանի հեղինակէն, որ գրական երկերու մէջ գիտէ խորասուզուիլ՝ երբ մարգարիտներ կան հոն.

— «Այս գիրքը երբեք չմարած սիրոյ ծնունդ է։ Հեղինակը գրող եւ թարգմանիչ Կարպիս Սուրէնեանը (տոհմական ազգանունով Սարկաւագեան, 1925-2011) աչք է բացել օտար երկնքի տակ, ծնուել է Աթէնքում։ Իր մանկութիւնը կարելի է ասել, անց է կացրել Ակրոպոլիսի մատոյցներում, վաղ մանկութեանը վազվզել ու խաղացել է Պարթենոնի սիւնաշարերի տակ։ Ահա, այստեղ է ծնուել, այստեղ է սկիզբ առել այն մեծ սէրը, որ ուղեկցել է գրողին հետագայ ողջ կեանքում»։

Այսքանը որպէս կենսագրական։

Սուրէնեանի արուեստին մասին նայինք ի՞նչ կ'ըսէ Տէր Խաչատրեան. — «Կարպիս Սուրէնեանը հրաշալի գիտէր Հին Յունաստանի առասպելաբանութիւնն ու պատմութիւնը, գրականութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը, թատրոնն ու ճարտարապետութիւնը, առհասարակ համաշխարհային մշակոյթը»։

Այս մէկն ալ՝ հաստատում։

— «Կարպիս Սուրէնեանը երկու պաշտամունք ունէր՝ բնութիւնը իբրեւ նախաստեղծ անապական գոյութիւն, եւ մշակոյթը իբրեւ մարդ արարածի կեանքը եւ երկրի վրայ իր ներկայութիւնը իմաստաւորող երեւոյթ, այլ խօսքով ապրելակերպ։ Իսկ Հայաստանը հրաշալի բնութեան երկիր է, եւ միեւնոյն ժամանակ հնագոյն մշակոյթի երկիր, բաց գիրք՝ որ սպասում էր ընթերցողին, իսկական ընթերցողին»։

Եւ եկաւ այդ ընթերցողը Կարպիս Սուրէնեանը, որ ողջ Հայաստանը ոտքով շրջեցաւ որպէս դիտող ու վերլուծող։

— «Կարպիս Սուրէնեանը հայ ճարտարապետութիւնը տեսնում է իր ժամանակային եւ տարածական միասնութեան մէջ՝ հնագոյն ժամանակներից մինչեւ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան, Օձունից մինչեւ Աղթամարի Ս. Խաչ, Երերուքից մինչեւ Նորավանք։ Գրողը արդարացիօրէն հայ ճարտարապետութիւնը համարում է ամբողջական համակարգ, որտեղ ամէն բան խորապէս մտածուած կապակցուած է, եւ հիմնուած է կարեւորագոյն սկզբունքների վրայ։ Եւ իբրեւ այդպիսին, հայ ճարտարապետութիւնը ժողովրդի հաւաքական գիտակցութեան, նրա կենսափիլիսոփայութեան, նրա տիեզերընկալման բարձրագոյն եւ կատարեալ արտայայտութիւնն է, հայ ստեղծագործական ոգու եւ հանճարի բարձրագոյն դրսեւորումը։

Գրողը մանրամասն քննութեամբ եւ համոզիչ եզրահանգումներով բացահայտում է տաճարաշինութեան մէջ միասնութիւն, «չափազանցութեան մէջ ներդաշնակութիւն» եւ մաքուր բացարձակ մաքրասիրութիւն»։ «Եւ միանգամայն արդարցի է հեղինակը, երբ գրում է.- «Հայ ճարտարապետութիւնը, իմ խորին համոզմամբ, նոյնքան էական դեր է կատարել պատմական իրողութեան մէջ, որքան մեսրոպեան այբուբէնն ու հայ դպրութիւնը։ Երկուսն էլ ոգու ամրոցներ են եղել հայ ժողովրդի համար, հզօր եւ հաւասարազօր ամրոցներ»։

Երկա՜ր եղաւ մէջբերումը, բայց մենք ունեցանք երկու կարծիք՝ Խաչատրեանի եւ Սուրէնեանի կարծիքները։

Բայց մի՛ աճապարէք գերադրական կարծիքներ փնտռել վերի տողերուն մէջ։ Հոս, վկայութիւնը իսկութեան մասին է։

Որպէս իր գրութեան պսակ, Կ. Սուրէնեանը Սպինոզայէն մէջբերում մը կը կատարէ.

«Բացի մարդոց, բնութեան մէջ չգիտենք ուրիշ ոչ մի էակի, որի ոգով կարողանայինք սքանչանալ»։

Համբերահատ եղաւ հեղինակը։ Ուրեմն խօսքը տանք իրեն.

«Մարդկային կեանքի ու մտքի վրայ արժէքների բռնացման, մանաւանդ իմացական արժէքների ոտնահարման, գռեհկացման, կոպիտ սահմանափակման մթնոլորտում էր ահա, որ մեր դարաւոր ճարտարապետութիւնը, ի խորոց սրտի ասեմ, պարզապէս փրկութեան խարիսխ եղաւ իմ հոգու համար»։

Յիրաւի խոստովանանք մը։

Կանխապէս յայտնեմ աստեղ, որ Կարպիս Սուրէնեանի արձանագրած բոլոր ելոյթները այս էջերուն վրայ, ունին փայլուն ընկերակցումը 54 պայծառ լուսանկարներու՝ եկեղեցի, վանք, մահարձան, գմբէթաւոր եւ անգմբէթ եկեղեցի, կամուրջ, պալատ։ Ակրոպոլէն ու էջմիածինէն, Ս. Հռիփսիմէէն ու Զուարթնոցէն մինչեւ Մուսասիր, Օպերայի եւ բալետի թատրոնէն մինչեւ Կարմրաւոր ու Այասոֆիա, Գառնի-Գեղարդէն մինչեւ Երերոյք ու Անիի մայր տաճար ու Արուճէն մինչեւ Մաստարայի տաճար առանց մոռնալու Լմբատավանք ու Թալինի, Հաղբատի, Աղթամարի գեղազմայլ վանքերը։

Սուրէնեանը հետիոտն եղած է յիշեալ կոթողներուն մեծամասնութեան շուրջն ու մէջը, ուսումնասիրողի աչքով խորազննին դիտելով բոլորը։ Ուրեմն.

— «Պարատոքսի նման էր, արդարեւ, ընդհանուր հիասթափութիւնս որքան մեծ էր, այնքան իմ աչքին մեծացաւ խորհուրդը մեր ճարտարապետութեան, որն իրական իր կերպարով գեղագիտօրէն շատ աւելի բարձր էր քան հեռուից տեսել էի ռոմանտիկ հայրենասիրութեան մտապատկերներով»։ Այս մէկը հայրենադարձի առաջին մտորում։

Մեր ճարտարապետութեան կոթողներուն դիմաց Սուրէնեանի մտորում ապրումները.

— «Ուխատւորի երկիւղածութիւնը վեհանում էր պատկառանքով ու ջերմանում հարազատութեան զգացումով ամէն անգամ, երբ մօտենում էի վանքի, տաճարի կամ թեկուզ մեն մենակ մի մատուռի, լինէր գիւղի մէջ, լինէր ամայի ժայռոտ բարձունքին վրայ»։

Ընթերցողը կ'ապրի հեղինակին ողջ զգացողութիւնը։ Կը խօսի օրինակով։

— «Գառնիի հեթանոսական տաճարը միակը իր տեսակի մէջ որ կառուցուած եւ ուրոյն մոտիվներով սրաբատաշ որձաքարից է, ուստի դրա ստեղծումը անկարելի է պատկերացնել առանց բնիկ հայ վարպետների ոչ միայն կատարողական այլեւ ստեղծագործական ձեռակերտման»։

Ահա կարծիք մը եւս․

— «Հայկական բազիլիկ տաճարները ինքնատիպ են հռովմէական այդ յօրինուացքի հետ համեմատած, եւ դա պարզ աչքով իսկ երեւում է առաջին հայեացքից»։

Հեղինակը նախաօրինակներ եւս կուտայ. — «Ճարտարապետական այդ քարակերտ սիմֆոնիան սկսւում է երկու հիմնական թեմաներով, որոնք սիմֆոնիայի ամբողջ զարգացման ընթացքում պահպանում են իրենց ուրոյն մեղեդային գծագիրը, տարբերակուելով հանդերձ բայց նաեւ պոլիֆոնիկ ընդելուծումով միաձուլւում են ազգային ոճի ընդհանրութեան մէջ։

Առաջին թեման հայկական բազիլիկ տաճարն է յատկապէս Տեկորի ու Երերոյքի նախօրինակով։ Երկրորդ թեման հայկական խաչաձեւ յատակագծով կենտրոնագմբէթ տաճարն է յատկապէս Էջմիածնի նախօրինակով։

Լսում եմ սիմֆոնիայի սզկբնական հզօր ազդ-հնչիւնը մի հիմնարար գիւտ, որ առաջին հայեացքից պարզ է թւում, ինչպէս Բեթհովէնի հինգերորդ սիմֆոնիայի սկզբնական բախումները, բայց որպէս հեռանկարային վճռորոշ յղացք հանճարեղ է ըստ էութեան, ինչպէս լինում են բոլոր նման գիւտերը»։

Հեղինակը սկիզբէն իսկ ինչո՞ւ կը շեշտէ այս միտքը.

— «Ասես ոգու տառերով կամարի վրայ փորագրուած է «Բազմազանութեան մէջ միասնութիւն»։

Ինչպէս միւս արուեստները ճարտարապետութինն էլ, անշուշտ թէպէտ իւրովի, ոչ թէ գեղարուեստականօրէն պատկերելով իրականութիւնը այլ ստեղծելով նիւթական կառոյցներ, որոնց մէջ միահիւսուած են օգտապաշտ նպատակն ու գեղարուեստական արտայայտչականութիւնը, իր էութեամբ արտացոլում է բնութեան, կեանքի ճշմարտութիւնը լայն իմաստով»։

Այլապէս ալ հայ կեանքի մէջ մենք հեռու ենք օգտագործելէ վերի օգատապաշտ ու անհրաժեշտ սկզբունքը ունենալ «բազմազանութեան մէջ միասնութիւն»։

Մեր բազում կուսակցութիւնները վկայ։

Հեղինակը իր կողմէ կ'աւելցնէ. հագնութիւն, ո՛չ տարածական ձեւերի ու կառուցուածային մանրամասների շշմեցնող շռայլութիւն, ո՛չ ռիթմային յոգնեցուցիչ կրկնութիւններ, ո՛չ քանդակազարդման եւ ընդհանրապէս ճարտարապետական զարդարանքների դժուար ընկալելի խճողում եւ խրթնութիւն, ո՛չ արտաքինի ու ներքինի շուարեցնող հակադրութիւն»։

Այս կապակցութեամբ հեղինակը որպէս օրինակ կը մատուցէ.

— «Ահա հայկական տաճարը մեր առաջ՝ լինի կենտրոնագմբէթ Հռիփսիմէն, գմբէթաւոր բազիլիկ Գայանէն, գմբէթաւոր սրահ Արուճը կամ թեկուզ փոքրածաւալ մատուռ Լմբատ, Կարմրաւորը։ Տեսնում ենք երկարչափական տարածական ձեւերի բացարձակապէս յստակ չափակցումներ... Բոլոր գծերը ակնբախօրէն յստակ են։ Մի խօսքով մեր աչքի առաջ կանգնած է առաջին հայեացքից իսկ ընդգրկելի ներդաշնակ մի ամբողջութիւն»։

Զուտ ճարտարապետութիւն։

Հեղինակը կ'անցնի երրորդ մատքին.

— «Եւ ահա, մտնելով դարձեալ հայ ճարտարապետութեան ոգեկան ընդհանուր տաճարը տեսնում եմ մուտքի կամարին փորագրուած երրորդ սկզբունքը, որ հանդէս է գալիս որպէս նոյն էութեան երրորդ դեմքը երրորդ հիպոստասը. Մարդն է չափանիշը »:

Ու կ'աւելցնէ.

— «Արդարեւ հայ ճարտարապետութեան ստեղծած բոլոր կառոյցները խոշորագոյններն անգամ, իրենց յօրինուածքի բնոյթով իսկ համաչափ են մարդուն՝ թէ՜ արտաքին, նիւթական իմաստով՝ այսինքն մարդու մարմնական չափերին, թէ ներքին հոգեկան իմաստով»։

Աւելին. –«Հին Արեւելքում բոլորովին այլ էր մօտեցումը։ Աստուածային զօրութիւնը նոյնացտւմ էր արքայական միահեծան իշխանութեան հետ, արքան գլխաւոր աստուծոյ ներկայացուցիչն էր յաճախ նոյնիսկ առասպելաբար նրանից սերուած։ Այս կրօնաքաղաքական փիլիսոփայութիւնը իր ազդեցիկ արտացոլումն էր գտնում հենց պաշտամունքային ճարտարապետութեան մէջ։ Կառոյցներն իրենց ահռելի զանգուածով, ճարտարապետական ձեւերի գերաչափ վիթխարիացմամբ պէտք է ճնշող մոնումենտւսլութիւն ստեղծէին, որի առաջ պէտք է հիւլէանար ահ ու պատկառանք զգար մարդ էակը»։

Ահա թէ ուր կը հասնի մարդ էակը այդ փիլիսոփայութեան որպէս արդիւնք։

Եգիպտոսի բուրգերը, հնդկական ու չինական տաճարները, Եւրոպայի պալատանման տաճարները իրենց գեղագիտական հանգամանքով հանդերձ մարդը հիւլէի կը վերածեն, իրենց արձանապատ չափազանցութիւններով։

Իսկ հայ ազգային ճարտարապետութիւնը մարդուն է որ կընդունի որպէս յարգելի չափանիշ։ Նկատի ունեցէք Եգիպտոսի Լիւքսորը, Կառնակը, Հնդկաստանի Գոպուրան, Փորթուգալիայի Ազգային պալատը, Միլանի մայր տաճարը, Հռոմի Ա. Պետրոսի տաճարը, թոլորն ալ գեղագիտական առումով գովելի բայց ծաւալի առումով մարդ էակը փոքրացնող են։

Իսկ «Համաշխարհային ճարտարապետութեան գլուխ-գործոց Պարթենոնը իր ամէն մի նրբակերտ մանրամասնով եւ իր պարզ, մոնումենտալ ամբողջականութեամբ կատարեալ մի ներդաշնակութիւն, մարմնացեալ իդէալը դարաշրջանի, նաեւ յաւերժական մարդկայնութեան իդէալը աշխարհի առաջ, վերջապէս նաեւ, ասես խորհրդանիշը բուն իսկ Կոսմոսի հենց վերոյիշեալ ըմբռնումով»։

Հոս, հեղինակը այսպէս կ՚աւարտէ իր խօսքը. –«Ել ահա, իրոք, մի՞թէ զարմանալի չէ որ հայ ճարտարապետութան մէջ սկզբից մինչեւ վերջ գործել է մարդու հետ համաչափ կսաուցելու սկզբունքը, որ կարելի է նկատել իւրօրինակ, եւ կամ այսպէս ասենք փիլիսոփայական մի կանոն, կառուցողական-տեխնիկական եւ մանաւանդ գեղագիտական կանոնները խորքից իմաստաւորող։ Շէնքը լինի տաճար, ժամատուն կամ մատենադարան իր արտայայտիչ, ասես մտերմօրէն խստաշունչ արտաքինով կանչում է նահապետական հարազատ տան նման, ակնածալից խորհրդաւորութեան հետ նաեւ գրեթէ ընտանեկան սրտակցութիւն ներշնչելով մարդուն, այլ ոչ թէ ճնշելով ահիւ ու երկիւղիւ»։

Հատորը իր լրումին կը հասնի Մարմաշէնով ու Կեչսառոյ– քով, ու վերջապէս «Անանուն Լմբւստեցի» իրապէս հոյակապ էսսէով ուր տագնապ ու սէր, եւ հոգեկան լիացում զիրար կը համալրեն միասնութեամբ, ցոյց տալով հեղինակի ամբողջական,– անանձնական նուիրումը հանդէպ հայ ազգի ճարտարապետութեան։

–«Ես այժմ խոր երկիւղածութեամբ խոնարհւում եմ հայ եւ համաշխարհային մշակոյթի այդ եզակի, այդ թախծալուր ու հպարտ կոթողի առաջ որ մենաւոր կանգնել է այս լերկ ու ժայռոտ ամայութեան մէջ, կանգնել անձնաւորուած վեհութեամբ դարերի խորքից Անանուն Լմբատեցու պատգամը մարմնացեալ։

Ես այնտեղ հանճարը տեսայ»։

Մեր կրճատուած հայրենիքին հպարտ քաղաքացին եղաւ իրաւամբ Կարպիս Սուրէնեանը, որ օր մը անպայման յիշուի նաւե ամբողջական ազատագրելի Հայաստանի բոլոր բեմերէն։

Երեւան, 19 Մարտ, 2016 թ.