Յուշատետրէս…
Երէկ, ամբողջ գիշերը, սարսափելի հով մը կատաղօրէն մռնչեց դողահար պատուհաններուս առջև, և ինծի անհանգիստ քուն մը անցընել տալէ վերջ, դեռ կը շարունակէ իր սպառնական նօթերը սուլել մինչեւ հիմայ: Այդ մռնչող քամիէն սահմռկած, կեանքը ամէն ատենուընէ աւելի տխուր կը զգամ այսօր և կը ջանամ այս քանի մը նախադասութիւններուն մէջ փնտռել մխիթարութիւնս. գրել կամ խօսիլ արդարեւ բաւական կը սփոփեն զիս:
Անցեալ օր, սրբազան նուագահանդէսէ մը վերջ նայուածքս ինկաւ քակի մը ինձմէ աւելի դեռահասակ աղջիկներու վրայ, մեր ամենալաւ ընտանիքներուն պատկանող: Զգացի թէ իրենց աշխարհը իրենց տունն էր միայն, և թէ իրենց խորհուրդներն ու զգացումները այդ սահմանափակ աշխարհին սակաւաթիւ առարակներէն էին ծնած: Հետաքրքրական էր ինծի գիտենալ թէ կը գուշակեի՞ն արդեօք դուրսի լայնատարած, կիրքերու և յուսախաբութիւններու աշխարհը, զոր օր մը իրենք ալ առաւել կամ նուազ մօտեն ճանաչելու պատեհութիւնը կամ հետաքրքրութիւնը պիտի ունենային: Հիմակուհիմայ սակայն յուսախաբութեան տարիքը չէր դեռ իրենցը, և տպիտութեան երջանկութիւնը վայելողներու ժպտուն բայց անշահեկան դէմքերը կը ներկայացնէին դիտող աչքերու: Արդեօք ես ալ ապրա՞ծ էի այդ վիճակը ասկից քանի մը տարի առաջ, երբ դեռ ճամբորդութիւնը, տունէ հեռի կեանքը, չէին տուած ինծի հիմակուան պզտիկ փորձառութիւներս, եւ երբ յարգելի բարեկամ մը կը գրէ ինծի. - «Սի՛րվարդ, դուն դեռ կեանքը պատուհանէդ կը դիտես միայն…:» Հիմայ սակայն պատշգամէս կը դիտեմ զայն անտարակոյս, և առանց մեծ դժուարութիւններու, խոշոր յուսախաբութիւններու, հալածող աստղ իմը տակ ծնած ըլլալուս, կը զգամ դարձեալ երբեմն ցուրտ շունչ մը կեանքին մէջ, որ կը կասեցնէ մէկէն շրթունքներուս ժպիտը, ճիշդ տաք սրահի մը մէջ բաց մոռցուած նեղ լուսամուտի մը պէս, որուն տեղը կ՚անգետանաք բոլորովին և որ պաղ սարսուռները կը մաղէ ձեր կռնակն ի վար:
Զատկի երրորդ օրն է այսօր: Անդադար կ՚անձրևէ: Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը միշտ անձրեւոտ օրերու է որ ինքզինքս տրամադիր կ՚զգամ խորհելու եւ գրելու: Արեւը իր բոլոր ուժովը զիս տունէն դուրս կը քաշէ կարծէք, եւ կը փարատէ ճակտիս ներքեւ ամէն մտածում, յուսալից զուարթութիւն մը միայն դնելով հոգիիս մէջ: Այսպէս այսօրուան մտամփոփ վայրկեաններէս օգտուելով՝ քիչ առաջ աւարտեցի M. Prévostի վէպերէն մեկը «Les vièrges fortes»: Կնոջական ազատագրման նուիրուող կուսակրօմ կիներ, որոնցմէ է՛ն քնքոյշը զոհ կ՚ըլլայ իր ցնորական սկզբունքներուն:
Անկեղծ ըլլալու համար, մեծ բաւարարութիւն չտուաւ ինծի այդ գիրքը: Կիներ, որոնք կը տառապին: Ազատութիւնն ու անկախութիւնն է իրենց գաղափարականը, երջանկութիւնը՝ մարդէն հեռի, որ պատմական դարերէ ի վեր իրենց յաղթողն ու բռնապետը եղած է. եւ սակայն կը տառապին: Արդեօք միմիայն տառապա՞նքն է անխուսափելին տիեզերքի վրայ: Ոմանք կը սիրեն ու կը տառապին, ուրիշներ ալ որ չեն սիրեր ու կը տառապին, կան ալ որ չեն ուզեր սիրել ու կը տառապին, եւ այսպէս ամէնքը կը տառապին չէք գիտեր ի՞նչի համար…: