Jump to content

Չարչարանքի երազ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Չարչարանքի երազ

Գարնան ու կոտորումներու իրիկուն,
Հոգիս վրէժի շատրուան մըն է նորէն կատաղօրէն դեպի վեր,
Ու տերեւներ յուսահատ հոգիներու նման`
Աւազաններուն պայծառութեանը մէջ ու բոլորին վրայ կ'իջնան,
Անդունդներու մէջէն սրածումներու ձայն,
Ու դէպի հոն օգնութեան աճապարող,
Արդէն մեռնող ճիչէր, արդէն մեռնող կեանքեր:
Ու նորէն այս գիշեր,
Տաճարներուն մէջ անմեղներու դիակներ անհամար,
Ու տանիքիս վրայ տեղատարափ մը երկաթեայ,
Հրդեհներու մրրիկ մը գանկիս տակ,
Ու տեղափոխուող ջուղերուն վրան
Խաչուած նահատակներ կ'երեւան...
Ու անձրեւի ու պատուհասի իրիկունով`
Վերահաս խողխողումներու արհաւիրք մը կը մրրկի...
Պարապ դագաղ մը մի խեղճ ձեռներուս հպումին տակ,
Ու մարմարեայ անսահման սանդուխներու կատարներէն...
Օ՜, օգնութեան եկէ՜ք, գլխատուած մարմիններ դէպի զիս կ'արշաւեն...
Բայց, ո՜վ դուք երեկոներու եւ չարչարանքի եղբայրական հոգիներ,
Փոթորիկին եւ բարբարոսներու խուժումէն առաջ, այս գիշեր,
Յամառօրէն ու արիաբար դուք ձեր ճամբան վճռեցէք...: