Jump to content

Ջարդի խենթը

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Ջարդի խենթը


Բեմական մենախոսություն

Քրքիջը

― Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Հօրս դիակն ուսիս, կքալեմ ահա՜
Ջարդուածներու դաշտին վըրայ լուռ…
Զառա՜մ Քահանայ, դիակըդ տըխուր
Ի՜նչ ծանր է ուսիս, ի՜նչ ծանր է ուսիս…
Անշուշտ, երբ իբր խենթ արտաքսեցիր զիս
Հայրենի բոյնէդ, չի խորհեցա՜ր բնաւ,
Թէ պիտի գայի գտնել քեզ խոնաւ
Թաքստոցիդ մէջ խեղդուած, շան մը պէս,
Իմ պա՜րտքս վերջին կատարելու քեզ…

― Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Բոլոր խելացի մարդիկներն ահա՜,
Ահա՜ խելոքներն այս ապուշ կեանքին,
Ահա՜ անոնք, որ իրենց ծանր հոգին
Համրիչ քաշելով կ’զբոսնէին,
Ու նուիրումով մը աստուածային`
Կիրակին անգա՜մ մը բերանով ծոմ
Տիրամօր առջև կ’սպառէին մոմ,
Շաբաթ մը ամբողջ, անվա՜խ, անհամա՜ր,
Շնալու, ստելու, գողնալու համար:

― Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Բոլոր տիրացու հոգիներն ահա՜,
Ահա անոնք որ, ուղեղնե՜ր ծանծա՜ղ,
Ամէն մութ հարցի ունէին ծիծաղ,
Սաղմոսով սնած սոփեստներ աժան`
Հեշտ կ’լուծէին հարցումներ դաժան,
Դամոկլեան սուրի մը տակ դող ի դո՜ղ`
Շտեմարաննին կ’ուռցնէին գո՜հ,
Հարսնիքները շէ՜ն տօնելու վաղուա՜ն…
Ու չէին հաճէ՜ր իսկ խորհիլ Մահուան…

― Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜,
Բայց ինչո՞ւ քրքիջս այսպէս կդոցայ…
Ահա բոլո՛րն ալ, բոլո՛րն ալ, բոլո՛ր,
Մութին ու լուռին մէջ անդնդախոր,
Պառկա՜ծ խօլական, պառկա՜ծ ամբարիշտ,
Պառկա՜ծ քարեղէն ցաւի մէջ ընդմիշտ,
Պառկա՜ծ, Աստուա՜ծ իմ, ու որչափ ալ կա՜յ,
Ու որչափ ալ կա՜յ, մինչև հեռակայ
Ճամբարներուն եզրը փռուա՜ծ, կարծես
Անդրհեղեղեան անտառի մը պէս…

― Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Լուռ գիշերներին մէջ շուներուն, ահա՜,
Երախին մէջ – դեռ կեանքով գալարուն
Կը լսեմ ճարճա՛տը ոսկորներուն…
Բարեկամ շունե՜ր, բարեկամ ձեռքե՜ր,
Բարեկամ լեզուով լափլիզուած վէրքեր…
Երնե՜կ, գազաննե՜ր անբան… Բայց ինչպէ՜ս
Բոլոր արջառները, գլուխնին վե՜ս,
Սուրացին հեռո՜ւի դաշտերը անծի՜ր,
Գնդակէ՜ն, բոցէ՜ն, աչքերնին կարմիր…