Արեւն երեսին արեւ,
Երկու աչքեր զոգ արեւ,
Ալ մնա՞ց երկինքը արեւ,
Երբ շատ հայիք երեսին
Խընձոր կլորիկ դէմքին,
Բան մը կ՚ըլլի՜ ինք ամբողջ,
Կ՚ըսես ալ ի՛նչ մնամ ողջ:
Ան հիմա մեր մէջ գեղին,
Աղբերի մօտ մեծ ծառին,
Հոն արեւ մ՚ըլ ջուրն ինկեր,
Կ՚ըսես հոն երկինք մ՚է փլեր: