Սիրերգ (Մեծարենց)
Արտաքին տեսք
Սիրերգ
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով.
Լուսեղէն ճամբէն ես կ'անցնիմ գինով՝
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին...։
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն,
Համբոյր՝ լոյսէն, որ չորս դիս կը ծաղկի,
Այս գիշեր Տօն է հոգւոյս՝ Կիրակի՜,
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն ։
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի՜,
Շրթունքս են ծարաւ միակ համբոյրին...։
Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին՝
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի...։