Ցաւերգ

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Սիրոյ պարապը Ցաւերգ

Լևոն Լարենց

Լքում


ՑԱՒԵՐԳ


Ջինջ մանկութեանս օրերուն
Երբ ծաղկէր կեանքս՝ թա՛րմ Ապրիլ,
Բով աշխարհ մը բարբառուն
Սովոր էի ես ապրիլ։
Այդ աշխարհը լայնօրէն
Ուղեղովս էր պարփակուած
Որուն այլմերժ եզրերէն,
Շատե՜ր անցան անկասկած։
Ու անոր մէջ մենաւոր,
Տղայ հոգւոյս ժիր թեւեր,
Ժանտ սրտերէ հեռաւոր,
Թռչկոտէին դէպ ի վեր։

Ոչ ձըմեռ կար, ոչ ամառ,
Ոչ ամպրոպը շանթերուն,
Բիւր սոխակներ ինձ համար,
Դայլայլէին զըւարթուն։

Եդեմ մըն էր ուր սակայն
Օձերը բոյն չունէին,
Գիրգ բերաններ կիւսական
Տաղերգէին փառքն Էին
Այսօր երնէկ կը կարդամ
Ջինջ մանկութեանս օրերուն,
Այժմու կենցաղս անփարթամ,
Եւ իղձերս ալ երերուն
Չունին ոչ մէկ հըրապոյր։
Իսկ այն աշխարհն անխըռով
Ուր հիւսէի ձիւնաթոյր
Երազներս՝ յար երգով
Ստուերամած է այսօր
Ուրուականի մը հանգոյն,
Շրթունքներուս վրայ բոսոր,
Բուերն, ափսո՛ս, դըրին բոյն։

1904, Պօլիս