Jump to content

Ֆէմինիսմի ծագումը եւ պահանջները

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Ֆէմինիսմի ծագումը եւ պահանջները
Հրապարակվել է «Հայ կին» (Կ. Պոլիս) հանդեսում՝ 1919, №№ 1-2, 4 (նոյեմբերի 1, 16, դեկտեմբերի 16)

Ա.

Տասնիններորդ դարու ընկերվարական նոր գաղափարներէն ծագում առած է կնոջ իրաւունքներուն հարցը, ուրիշ շատ` մարդկայնօրէն բարձր բարենորոգիչ ազդակներուն հետ, որպիսիք են բարելաւում ընկերական, մտաւորական, քաղաքական և տնտեսական գոյավիճակի, նոր կարգերու հաստատում: Այդ շարժման հեղինակները կը մօտենան շօշափելու ընկերական վէրքը, կը խորհին զրկեալին համար կազմակերպել աշխատութիւններ, բարոյական ոյժերով պայքարիլ, դրամատէրին և աշխատաւորին ընդմէջ ստեղծելու իրաւանց հաւասարութիւն:

Սէն Սիմոնականք, առաջին անգամ, ընկերվարական վարդապետութեանց գլուխ կանգնելով` ընկերական հաւասարութեան հիմերը դրին, միացնելով իրենց վարդապետութեան խոր հաւատք, անձամբ կիրարկելով իրենց մեթոտը միսթիքական վերացումներով հաւատքի բուռն կիրքով աշխատեցան ամբոխին փրկութեան համար, և որովհետև ամբոխը կամ մարդկային ընկերութիւնը զոյգ տարրերէ բաղկացած է, միոյն բարենորոգման աշխատած պահերուն չէին կրնար մոռնալ միւսը. այր մարդուն գոյութեան պայքարած ատեն տրամագծապէս հաւասար կերպով իրենց առջեւ կը ցցուէր կնոջական հարց մէ: Եւ որովհետեւ կինը զոյգ տարրերուն ամէնէն անժառանգեալը, ամէնէն զրկեալն էր իր ընկերական դիրքով, այդ մտաւորականք սրտի պարտք մը համարեցին կիները դնել բարենորոգման կարգին առաջին գծին վրայ. այս եղաւ ահա ծագումը ֆէմինիսթ շարժման:

Վերջին ժամանակներու մէջ ա՛յնքան խօսուած է այս նիւթին վրայ և ա՛յնքան հարեւանցի, որ կ'արժէ անգամ մը ևս անդրադառնալ և զայն շօշափել իր ընդհանուր գիծերուն մէջ: Ցարդ ֆէմինսթ բառն իսկ բաւ էր թերահաւատ ժպիտ մը ուրուագրելու դէմքերու վրայ, իբր անժամանակ և անհեթեթ պահանջ մը կամ մի ոևէ փարատօքս մտաւորական կնոջ, և սակայն ինչ որ ալ ըլլալ թուի, ան` արդիականուեան հրամայական պահանջն է. կեանքի անիւը արագօրէն դարձած է այդ կողմը և կինը ստիպուած է տարուիլ, զբաղուիլ, հետաքրքրուիլ այդ հարցով:

Արդ քննենք թէ ի՞նչ սահմանած են ֆէմինիսմ բառով. ան` երեք պահանջ կը դնէ կին մարդուն առջեւ, սիրային, քաղաքական և տնտեսական: Այս երեք հարցերէն վեր առնելով սիրային ազատագրութիւնը, զայն կը վարկանեմ մի շատ վտանգաւոր գահավէժ, որքան ալ տառապագին ըլլայ կնոջ համար մեկուսացումը իբրեւ ամուրի, կամ ծանրածանր լուծը` իբրև ամուսին. ըստ որում, ան կոչուած է քայքայելու ընտանեկան յարկին հիմունքը և դառնալ պատճառ ահաւոր տառապանքներու: Մին պիտի ուզէ ազատագրուի իր տառապագին ուխտէն. մի ուրիշը` հետեւիլ իր սրտին ցանկութիւններուն և կամ հաւատալ սիրոյ բարոյականացման. և այս պիտի ըլլայ ընտանեկան բարոյականի քայքայում և երջանկութիւնը պիտի խուսափի վերստին ստուերի մը մնան: Սիրային ազատութեան հաւատացող կինը այն բառատօքսալ էակն է, որ սահմանուած է ըլլալ մարդկութեան աղէտը. անկեալ զոհ մը, որ միշտ պիտի փնտռէ առանց կարենալ գտնելու այն` ինչ որ ինք կը խնդրէ, այսինքն իր սիրոյ մէջ ազատ ըլլալ, ի զուր հետախուզելով այդ ազատութեան մէջ իր երջանկութիւնը: Կին և այր արդարև մարդկութիւնը կազմող տարրերն են, բայց կնոջ ֆիզիօլօժիք պայմաններն ա՛յնքան տարբեր են, ինք ա՛յնքան դասականօրէն մաքուր ըլլալու կոչուած էակ մըն է, որ իր երջանկութիւնը պէտք է փնտռէ նոյն իսկ իր մաքրութեան, իր պարկեշտութեան գիտակցութեանը մէջ:

Կինն պարկեշտ, կինը յարատեւ և վերապահ միակ վստահութիւն ներշնչող էակն է. Ազատ սիրոյ վարդապետութիւնը կինը կը մերկացնէ այս երեք յատկութիւններէն և նա կը դառնայ մի արտակարգ փառատօքսալ էակ, ամուսնական ուխտը բռնաւորական օրէնք համարելու չափ յանդուգն. յանդուգն` ոչ բռնաւորական իր ըմբռնումներուն, իր պահանջներուն մէջ:

Դժբախտաբար այնքան ընդհանրացած է քաղաքակիրթ ոստաններու մէջ, բարքերու այս թոյլտութիւնը, որ համաշխարհային աղէտ մը կը սպառնայ ըլլալ տակաւ, եթէ օրէնքը թումբ չկանգնի և ընկերութիւնը չդատապարտէ Սէն Սիմոնականութեան այդ հոսանքը:


Բ.

Կրօնը դրած է կինը մի բարձր պատուանդանի վրայ, ամուսնութեամբ հաւասար իր ընկերակցին, հոս դադրած է անհաւասարութեան խնդիրը, իսկ թէ կինը ի՛նչ կփնտռէ սիրոյ ազատութեան մէջ. թերևս դիւրութեամբ մը բռնաւոր և տառապեցնող այր մարդու կապակցութենէն ազատ ըլլալու, փոխադարձօրէն այրն ևս նոյնքան կը տառապի կամշոտ և անկարգ կնոջ ընկերակցութենէն. Առ այս կարելի է ամուսնալուծման օրէնքներու բարեփոխում մը:

Սէն Սիմոնականները կ’ուզեին ընկերական յեղաշրջում մը յառաջ բերել իրենց տեսական վարդապետութեամբ. բայց ինչ որ հեշտ էր տեսականին մէջ, գործնականին մէջ յաջողելու անկարելի: Կնոջ ազատագրութեան համար ամուսնութեան նուիրական կապերը խզել, այս է իրենց երազը, նաև ընկերվարականներուն նպատակակէտը: Կին մարդուն հաւասարեցնելու պատրուակին տակ տալ անսահման թույլտուութիւն մը տրամագծապէս հաւասար այրերու: Ֆէմինիսթ դպրոցը այս պատճառաւ իսկ իր հիմնարկութեան թուականէն սկսած է դառնալ կասկածելի և ենթարկուած է ամբոխային հալածանքի. իր հեղինակները 1893ին բանտերու մէջ քաւած են իրենց վարդապետութեան պատիժը. և անոնց հետեւողները իրենց պաշտօնը կիրարկելու համար ճամբորդած են Մօտաւոր-Արեւելք, այդ երկիրներու կիները ազատագրելու իրենց խոնարհ և ընկճուած դիրքէն. հա՞րկ է յաւելուլ թէ ինչ ընդունելութիւն պահուած էր իրենց հոն:

Այսպէս ուրեմն Սէն Սիմոնականութիւնը դրած է հիմը Ֆեմինիսմի. սակայն սխալ կ’ըլլայ կարծել թէ անոնց իտէալը իր անսահման թոյլատուութեամբ անսահման չարիքը ստեղծելու կոչուած ըլլայ, ցորչափ կիներ չ’էին բերած իրենց գործակցութիւնը. այն, պարզ դիւրհասկանալի տուեալ մ’էր a priori. բայց երբ եկան միացան անոնք և իրենց յատուկ անհաւասարակշիռ խառնուածքով խանդաւառեցան, այդ նոր վարդապետութեան մէջ նշմարեցին անսահման թոյլտուութեան թանտանս մը, այդ վայրկեանէն ամէն ինչ յեղաշրջեցաւ. գտնուեցան որ ամուսնական ազատութիւնը անձամբ կիրարկեցին, և իրենց իրաւունքը պաշտպանելու եռանդով անկումէ անկում գլորեցան. վերջապէս այս կէս պղատոնական, կէս ֆուռիէռիսթ նաև հէքէլական փիլիսոփայութիւնը անդունդին եզրը կը բերէր զիրենք, և այս օրնակ մտացածին խորհուրդներով ընտանեական կապերը բացորոշապէս կը վտանգուէին:

Եւ սակայն այդ մէթոտին գործադրութեան համար կնոջ գործակցութիւնը անհրաժեշտ էր. Իբր շահագործւող տարր պէտք էր որ իր յատուկ տեղը գրաւէր պայքարին մէջ որ պիտի դադրեցնէր «մարդերու շահագործումը մարդոց կողմանէ». կիները առաջին գծին վրայ կը գտնուէին անժառանգուածներու անիրաւութիւններու շարքին. անոնք ամէն կարգի զրկումներու և անպատկառ շահագործման օրինաւոր զոհերը, մարդկային ցեղին ruidimantaire կէսը, իրենց կարողութիւններու կիրարկման մէջ` առաջինն էին որ պէտք էին գրաւել բովանդակ ուշադրութիւնը ներ վարդապետութեան հեղինակներուն, բայց գոյավիճակը բարեփոխելու համար, որքան ալ մեղմօրէն ըլլար այն, ահագին ոստում մը, աչքառու յեղաշրջում մը տեղի պիտի ունենար, յեղաշրջում մը որ ընկերութեան կարգը վերիվայր շրջելու բնոյթն ունէր: Ընկերութեան համար կնոջ հարցը խաղաղութեան հարցին հետ նոյնացած էր, գէթ իբր վարդապէտութիւն, պետք էր որ ան իր վերջնական ձեւը առնէր. և այդ եղաւ Ֆէմինիսմը, սիրոյ, քաղաքական և տնտեսական գետնի վրայ. այսպէս մէկէ աւելի հեռապատկերներ ուր իր ապագայի երազները մարմին կ'առնէին շողշողուն ցոլքերով. հոգ չ'է թէ անոնց հասնելու համար ահագին ոյժեր հարկ է կիրարկել ու թերեւս կրկներեւոյթներու վհատեցուցիչ խաբկանքին ենթարկուիլ:


Գ.

Ֆէմինականութեան հեղինակները կը հաւատային կնոջ գերագոյն ձգողականութեան և զօրութեան` որոնցմով ան պիտի ըլլար ուժը ընկերվարութեան. Իր փափուկ ձեռքերուն տակ միայն ընկերային վէրքերը պիտի սպիանային. թէ ոչ մէկ օրէնք արժէք մը պիտի ունենար ցորչափ կիները չըմբռնէին «ժողովուրդին համար գործելու պէտքը», թէ քաղաքական ոչ մէկ մեծ եղելութիւն տեղի պիտի չունենայ առանց անոր. Ոչ մէկ մեծ բարենորոգում առանց անոնց գործակցութեան. ոչ մէկ մեծ ձեռնարկ որուն չուզեն հաճիլ և մասնակցիլ: Այսպէս ահա ֆեմինիսթ գաղափարները գրոհ տուին յանկարծ նոր հաւատացեալներուն խղճին մէջ և այն համոզման յանգեցան թէ քաղաքակրթութեան բոլոր սխալները ծագում առած են որովհետեւ մարդիկ մոռցած են կնոջ իրաւունքները և կարողութիւնը. թե ցորչափ ան նուիրականօրէն չվերստանայ իր կարգը և վերջնականապէս չազատագրուի կարելի չէ փրկութիւն յուսալ. բայց ինչպէս տեղի պիտի ունենար այդ ազատագրութիւնը. որպէս զի կարելի ըլլար այդ հարկ էր բարքերու ահագին յեղաշրջում մը:

«Ճշմարիտ ընկերական անհատը պէտք է զոյգ ըլլայ», այս սկզբունքը կը վերագրուի Սէն Սիմոնի և կը վերերեւի Ֆուռնիէի քով, այս թէզն է ահա մեկնակէտը որուն կը հակադրեն. պէտք է գտնուին բարձրագոյններ որ դասաւորեն և խոնարհներ որ հնազանդին, կ'ուզէն յիշեցնել կնոջ թէ տնկերական անհատի միութիւնը կը պարտաւորէ իր տարրերէ միոյն ներքնադասութիւնը միւսին և զայն կը համոզեն խոնարհիլ հին կարգերու և պարտականութեանց առջև:

Եւ սակայն 1830էն առաջ խոստացուած էր կնոջ հաւասարութիւն և ազատութիւն. թէ կինը պարտ էր ըլլալ հաւասարը այր մարդուն, թէ իր անձնական ազատութիւնը պարտ էր յարգուիլ որպէս զի ան դադրէր բիրտ շահագործման զոհը ըլլալէ: Եւ այն բարենորոգման գործը հնարաւոր էր զոյգին կողմանէ միայն. ամուսնութեան նորոգ ուղղութենէ մը սպասելով իրաւուններու վերականգնումը և կնոջ տիրականութեան աճումը. աս պարզապէս կը նշանակէր ապահարզանի ազատութիւն: Ըստ Ֆուռիէի կնոջ ազատութիւնը յառաջադիմութեան չափանիշն էր:

Ֆուռիե և Անֆանթէն այնքան առաջ տարած են սեռային ազատութեան հարցը որոնց մասին հարկ է լռութեամբ անցնիլ….

Եւ սակայն ինքն իսկ Անֆանթէն իր վարդապետութեան վտանգաւոր հանգամանքը զգալով վճռական վայրկեանին յետո կ’ընկրկէր. չուզէր ոչինչ ճշդորոշել. կը մնայ տարտամ և ձեռնպահ. կը մոռնայ իր օրէնսդրի հանգամանքը կը խոնարհի և կը յանձնէ զայն ուրիշին. և այդ ուրիշն է կինը. չէ որ կինն է գերագոյն պատշաճութեան օրէնքը ստեղծողը. ան պիտի գիտնայ մեղմացնել և կնոջական բնութեան խորհրդաւոր պահանջին յարմարցնել: Ֆէմինական միսթիքականութեան ճգնաժամը եղերական եղաւ. արտակարգօրէն տարօրինակ տեսարաններ Սէն Սիմօնական ընտանիքները վերի ի վայր յեղաշրջվեցին. ժողովրդեան խոնարհ դասակարգէ կիներ խմբովին կը դիմեն նոր հաւատացեալներու կարգը ստուարացնելու: Գտնուեցան կիներ խիստ բարձր որ լրջօրէն կը հաւատային այդ ընկերական անկարելի յեղաշրջութեան, ու ամէնքն ալ յուսախաբ եղան «կորսեցնելով իրենց խաղաղութիինը, երջանկութիւնը և իրենց կեանքի բարոյականը»: Այս ճգնաժամային պայքարներէն այն եզրակացութեան կարելի է յանգիլ թէ կնոջ ընդհանուր բարենորոգման իղձը աւելի կ’արժէ քան իր սիրային տառապանքները:

Այնուհետև Սէն Սիմոնականութեան պատկանող կիներ զգացին պէտքը առանձին գործելու. հիմնեցին իրենց օրաթերթը, աւելի ճիշդ պայքարի թերթը ուր ոչ մէկ այր կրնար բերել իր մասնակցութիւնը, ու կը յայտնուէին սա կերպ գաղափարներ. «մենք ազատ ծնած ենք, ազատ և հաւասար այր մարդուն» հետեւաբար անտանելի և անարդար էր որ մարդկութեան կէսը միւսին համար օրէնքներ դարբնէ. ինք էր որ պարտէր կերտել իր բնութեան համապատասխան օրէնքներ:

Ուրիշներ տեսական վարդապետութենէ անցան գործնականին. յանդուգն անհատականութիւններ որոնք յայտարարեցին թէ անհաւատարմութեան օրէնքներու հռչակումէն կախում ունէր կնոջ ազատագրութիւնը, թէ զիրար չճանչցող անձեր յաւիտենապէս մէկ մէկու կապելը անխորհուրդ յանդգնութիւն մ’էր. փորձի շրջան մը անհրաժեշտ էր. առանց սակայն կարենալ սահմանելու փորձարկութեան սկիզբը և վախճանը: