Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
— Աղչկընակ կարմիրվորա՜յք,
Ձեր վանքն ի ո՞ր վանք։
Ձեր վանքն ի ո՞ր վանք։
— Մեր վանուց դուն ի՞նչ կ՚ուզես,
Մեր վանքն՝ ազա՜տ վանք,
Մեր վանքն՝ ազա՜տ վանք։
Մեր վանուց տիպն է տիպած
Աստառ ու բամբա՜կ,
Աստառ ու բամբա՜կ։
Մեր վանուց բոլորն ամէն
Չայիր-չիմա՜ն է,
Չայիր-չիմա՜ն է։
Մեր վանուց գըլխուն վրայ
Ոսկի գուպէ՜թ կայ,
Ոսկի գուպէ՜թ կայ։
Գուպէթին վերայ գըլխոյն
Ոսկի խընծո՜ր կայ,
Ոսկի խընծո՜ր կայ։
Խընծորին վերայ գըլխոյն
Գռուզ խա՜չ մ՚ալ կայ,
Գռուզ խա՜չ մ՚ալ կայ։
Ան խաչին անունն ասեմ.
Այ-Կոստանդին է,
Աստուածածին է։
Ձեզ օգնական, մեզ պահապան,
Հաւսա՜ր ամենոյս,
Հաւսա՜ր ամենոյս։
|
|