Jump to content

Աստուածամա՜ր

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Աստուածամա՜ր


 

«…Ահա կաթիլ մի կաթին քումդ

կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ…»
Նարեկացի


Կաթնածաղիկ ու կապտերակ գիշերին մէջ,
Մեղեսիկի փոշի մըշուշն ըլլամ ըսփիւռ,
Եւ առիգածն արծաթ՝ ջուրին վրայ հոլանի.
Ու ձա՛յն ըլլամ, ըլլամ ծաղիկ, ըլլամ զեփի՜ւռ՝
Ամէն իրի հըպիմ փափուկ թեւերով գէջ:
Ըլլամ ջրվէժ, ըլլամ գետափ մը գեղանի,
Ըստուե՜րն ըլլամ խնկագունած այգիներուն,
Կամ գետերու հողմիկ աւաչն, ու գետաձայն
Հովին անցքը՝ երկնասլացիկ կատարներէն:
Կաթնածաղիկ ու կապտերակ գիշերին մէջ
Պատկե՜րն ըլլամ սրբազնացած ես համայնին.
Օղամանեա՜կ մ'ըլլամ ես թանկ եւ անմարմին.
Ու շուշփայ մը՝ հաղորդութեանըդ կաթնաձիր.
Գետէն անդին կանչե՛ս ինծի. Անցի՜ր, անցի՜ր.
Մեծ դիւթութեան կայծակ մը տաս մըթար հոգւոյս,
Ա՜հ, չըգայթի՜մ կոհակն ի վար ցընորքներուս.
Թող համբուրէ՛ աչքըս ջահումն աչքերուդ կոյս,
Ու չըգայթի՜մ կոհակն ի վար ցընորքներուս:
Ահա՜ մագլիմ պիտի ցաւիս սարակն ի վեր.
Երազներու սատափ ճամբէն ցրուէ ամպեր.
Եւ իղձերուս կապոյտին վրայ, վարդ ամպը դուն,
Վարդ ամպն եղիր՝ մերթ լուսինկան պատմուճանող.
Դո՛ւն, աստուածեան գեղեցկութեան արփաւո՜ր հարս,
Սրբութեան կո՜յսը ձիւնաձիր ու հըրավարս:
Գիշերին մէջ կ'իջնէ դեռ ուղխը լուսեղէն,
Կաթիլ մը կաթ՝ ծովացած քու սրբութենէն.
Ու տե՜ս, ահա՜, կը մանկանամ, Աստուածամար,
Ու տե՜ս, ահա կը մանկանա՜մ գիշերին մէջ՝
Ուր լըսեցի ես աստուածեան ձայնին վայրէջ՝
Որ կը շաչէր աստուածարեալ հոգւոյս համար: