Jump to content

Ջրտուք

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Ջրտուք


Շաւարշ Միսաքեանին


Հոյհո՜յ, գետը կը թրջէ ցայգուն քամակն արծաթուած,
Իր հորձքին մէջ ծեծելով անդուլ խարակն ու խութեր.
Հոյհո՜յ, առուն յորդառատ դալարին ծոցն է նետուեր
Գաղջ տարփանքովն իր ջուրին՝ ուր արեւը կ’ապրի դեռ:
Հակուրջի մը առկախած գիւղակն անդին կ’օրօրեն
Անրջական հիւսուածքով խումբ մը ժայռի ըստուերներ.
Վանքին բակը՝ կ’աղօթեն հսկայ ծառեր տարօրէն՝
Որոնց տամուկ շուքին մէջ Աստուածամարն է կայներ:
Ու գիւղակին դէմ նստած, երիտասարդ ու պչրոտ,
Պարտէզները՝ վերէն վար վազող ջուրին կըսպասեն.
Ա՜լ հափրացած խօլ գետին անարգաւանդ դարպասէն,
Ու լըռութիւնը խածնող լուտանքներէն արհաւրոտ:
Գիշերային ջրտուքի ժամն է. լոյսին մէջ կայնած,
Մըշակն անքուն կըսպասէ՜, ոտքը բոպիկ, բահն ուսին.
Պարտէզներուն վրայ կ’իջնէ թեթեւ քօղք մը միգամած,
Ու ծղրիդներ՝ լուսնակով արբշիռ՝ անվերջ կը խօսին:
Ու կ’երկարի լուսարծաթ ժապաւէնն այդ բարբառին,
Ինչպէս փախչող ասուպի կոթունները կաթնաւէտ.
Աւազին վրայ ջուրերու կ’իյնայ շառաչը վէտվէտ,
Խարոյկները՝ ոսկեբաշ՝ ուրեք ուրեք կը վառին:
Հոյհո՜յ, առուն կը հասնի ցանկապատին քովերէն
Եւ երգի քուղ մը կու գայ պլլըւած իր գօտիին.
Սիւք մը կ’անցնի, տերեւներ ծա՛փ կը զարնեն ցնծագին.
Վարէն ջուրը կը խայտայ, կը խնդայ լոյսն ալ վերէն:
Թումբերն անդուլ կը բացուին, ջուրն անդադար կ’ոռոգէ
Վարդենիքը, թըթաստանն եւ ածուները բոլոր.
Բահի երկու հարուածով նայիս առուն կը թեքէ
Օձաճապուկ ձեւերով հեղուկ իրանն իր ոլոր:
Ջուրն անընդմէջ կը հոսի, ածուները կը լենան,
Ու, դարձուցէ՛ք, կը կանչէ ծեր մը մութին ընդմէջէն.
Խիճերուն ու սիկին մէջ, բահերը՝ խո՜ւլ կը հնչեն,
Ու, դարձուցէ՛ք, դարձուցէ՛ք, կը կոչէ ձայնն անխափան:
Աղջընակ մը, արիշին տակ նստած, շե՜ր կը կանչէ,
Որ յոգնաբեկ մըշակին օրօրի մը պէս կու գայ.
Հողը ծըծեց ջուրերուն տարփանքն՝ որ դեռ կը հնչէ,
Եւ հիմակ՝ թա՜ց՝ կը խոկայ իր երկունքին ապագայ: