Jump to content

Գիտութիւն

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

Գ Ի Տ Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

Ծեր գիտական մը՝ խոշոր գիրքերու մէջ թաղուած, իւր աշխատութեան սենեկին մէջ նստեր էր, ուր կրակարանը կը բսրբոքէր փայտի հաստ կոճղեր: Յանկարծ սենեկին դուռը կը զարնուի, եւ գիտնակին «մտէք» հրամանին վրայ ամենաանմեղ եւ ամենապարզ փոքր աղջիկ մը ներս կը մտնէ:

—Պարոն գիտնական, կըսէ աղջիկը, մօրս կողմանէ կուգամ խնդրել ձենէ քիչ մը կրակ, որպէս զի մեր կրակարանը արծարծենք:

—Սիրով կուտամ, սիրելի զաւակս, բայց կրակը դնելու աման մը ունի՞ս:

—Ահա ձեռքս, կըսէ աղջիկը:

—Բայց ձեռքերդ կայրի:

—Ո՛հ, ո՛չ:

—Բայց ի՞նչպէս կրնայ լինել:

—Տեսէ՛ք, այսպէս կընեմ եւ ամենեւին վտանգ չկայ, ըսաւ աղջիկն, կրակարանին առջեւ ծռելով ձեռաց ափին մէջ մոխիր լեցուց եւ վրան մէկ քանի վառ ածուխ դրաւ, եւ յետոյ ոտք ելնելով յապուշ կրթեալ ծերունւոյն խոնարհութիւն մը ընելով «շնորհակալ եմ պարոն գիտնական» ըսաւ եւամենայն հանդարտութեամբ դուրս ելաւ: Յայնժամ գիտնականն իրեն դէմ եզականապէս զայրացեալ ճակտին զարնելով «ահա չգիտցած մէկ բանս ալ սոյն տգէտ աղջիկը սորվեցուց ինձ. ո՜հ, գիտութի՜ւն, գիտութի՜ւն, պաշտելի ես դու,» ըսաւ եւ նորէն սկսաւ ուսումնասիրել։