Jump to content

Մեղու (Տ. Գ. Փափազեան)

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից

ՄԵՂՈՒ


Տե՛ս մեղուն աշխատասէր,
Ամառուան մէջ կը գործէ.
Ժողուելու ալ զանց չըներ
Մեղր ամէն ընտիր ծաղկէ:

Տե՛ս ի՞նչպէս փայլուն մոմով
Խորշեր կը շինէ իրեն,
Ու կը լեցունէ փութով
Իւր անոյշ կերակուրէն:

Ես ալ օգտակար դործի
Տամ ջանքերս անդադար,
Զի շատ որոգայթ ունի
Սատանան ծոյլին համար: